Եզակի Արուեստագէտը
Անցնող ամսուան կէսերուն Եուրոզ իր նորաբաց «Մուրլոճ» (Murloge) ցուցասրահին անունով մասնակցեցաւ Լոս Անճելըսի միջազգային կերպարուեստի ցուցահանդէսին (LA ART SHOW) եւ, ինչպէս միշտ, հոս եւս արձանագրեց նոր յաջողութիւններ ու նուաճումներ: Այս անգամ անոր բերած նորութիւնը կը վերաբերի խորանարդապաշտութեան նոր տեսակի մը, որ ունի գունաւոր բարձրաքանդակի բնոյթ: Այս մէկը ո՛չ քանդակ է, ո՛չ գեղանկարչութիւն, ո՛չ ալ գեղանկարչութիւն` տարածութեան մէջ: Անոնք խորանարդապաշտական սկզբունքներով յղացուած ու երփնագրուած ստեղծագործութիւններ են, որոնք թէ՛ խորքով ու բովանդակութեամբ եւ թէ՛ ձեւով ու արտայայտչականութեամբ ո՛չ միայն կը թարմացնեն խորանարդապաշտութիւնը, այլեւ քայլ մը առաջ կը տանին զայն:
Իսկ անցնող տարուան յունիսին Եուրոզ այլ անհատական ցուցահանդէս մը կը կազմակերպէ Հոլիվուտի «Քորզին» գեղարուեստի ցուցասրահին մէջ, ուր անգամ մը եւս կը հաստատէր իր տաղանդին վաւերականութիւնն ու մեծութիւնը: Այս վերջինի առիթով ամերիկեան «Երեւան» պարբերականը կ’անդրադառնար Եուրոզի ստեղծագործական կեանքին, զոր ստորեւ կու տանք թարգմանաբար:
Եզակի Արուեստագէտը
Եուրոզի իւրաքանչիւր գործ նման է շարժապատկերի: «Սակայն, շարժապատկերի պարագային, դուք ունիք մէկ ժամ եւ երեսունհինգ վայրկեան` ձեր պատմութիւնը պատմելու եւ այդ շարժապատկերին իւրաքանչիւր երկվայրկեանը ունի երեսուներեք շրջանակ: Ես ունիմ միայն մէ՛կ շրջանակ, որուն մէջ պէտք է պատմեմ պատմութիւնս», կ՛ըսէ ան: Ի տարբերութիւն ժապաւէններու մեծամասնութեան, Եուրոզի անկենդան պատկերները առնչուած են մարդկային ամենապարզ յուզմունքներու: Անոր պատմութիւններուն ետին թերեւս առկայ է պարզ զգացում մը, ըսենք` սէրը, սակայն աւարտած գործի մը նրբութիւնն ու խորքը մեզի կը յուշեն, թէ ճիշդ այս պարզ, մարդկային տարրական զգացումներն են, որոնք ամենաբարդերն են հասկնալու, ներկայացնելու եւ այլոց հաղորդելու համար:
Եուրոզի ստեղծագործական գործընթացին արդիւնքը կ՛ըլլան անհաւատալիօրէն բարդ արուեստի գործեր, սակայն ինք կը պնդէ, թէ ճիշդ այդ գործընթացն է, եւ ոչ թէ արդիւնքը, որ զինք կը մղէ ստեղծագործելու: Նոյն այդ մղումն էր, որ զինք Խորհրդային Հայաստանէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ առաջնորդեց, երբ տակաւին երիտասարդ ճարտարապետ մըն էր, եւ ի վերջոյ զինք դարձուց 21-րդ դարու արդի հռչակաւոր խորանարդապաշտ նկարիչներէն մէկը: Մարդկային զգացումները արտայայտող անոր հանճարը, իրեն համար շահած է երկու պատուէր` ՄԱԿ-էն եւ Վատիկանէն, ինչպէս նաեւ 1993-ի «Կրեմի ըուարծ»-ի պաշտօնական արուեստագէտի դիրքը` այլ իրագործումներու կողքին: Եւ այս ամբողջ աշխատանքը կու գայ ուսանողէ մը, որ ձախողած է արուեստի դասին մէջ, մինչ կը հետեւէր Երեւանի պետական համալսարանի Ճարտարապետական եւ շինարարական դպրոցին, որ նախապէս ծանօթ էր Փոլիթեքնիք բարձրագոյն հիմնարկ անունով: Նաեւ, այս բոլորը կու գան անձէ մը, որ ժամանակաշրջան մը, մօտ իննը ամիս, ստիպուեցաւ որպէս տնանկ ապրիլ Լոս Անճելըսի մէջ:
Եուրոզ` Եուրի Գէորգեան, ծնած է 1956-ին. ան կը յիշէ, թէ մանուկ հասակէն ունէր գծելու սաստիկ տենչ մը: Ան կը պատմէ. «Լաւ կը նկարէի՞. իրականութեան մէջ չեմ յիշեր, բայց նկարելու պահուն ինքզինքս շատ հանգիստ կը զգայի»:
Նկարելը իր վրայ ուշադրութիւն հրաւիրող միջոցը եղաւ եւ հետագային` իր կեանքի գործը: Եուրոզ կը յիշէ. «Կը յիշեմ, թէ ձեւագիտութեան դպրոցի ուսուցիչիս ըսի. «Գիտե՞ս, ես կ՛ուզեմ նկարել, բայց չեմ կրնար»: Քանի մը տարի ետք, տառացիօրէն սնանկ, ան ձգեց իր ընտանիքը, ուրացաւ իր խորհրդային քաղաքացիութիւնը, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու մէջ նոր կեանք մը սկսի իբրեւ ճարտարապետ: Ան ապաստան փնտռեց արուեստի մէջ եւ այդ շրջանը ինք կը նկարագրէ իբրեւ ստեղծագործական հրաբխային շրջան: «Անշուշտ,- կ՛ըսէ ան,- զգացական վիճակս դժուարին էր այդ ժամանակ: Ոչ ոք ունէի, չէի գիտեր, թէ վաղը պիտի կարենայի՞ ուտել, եւ այդ երկու կամ երեք ժամուան նկարելը իրականութենէս խոյս տալու միջոցը կու տար ինծի»:
Արուեստագէտը իր տաղանդին եւ ճարտարապետական վարպետութեան նուրբ հաւասարակշռութեան կը վերագրէ իր պայքարէն դէպի գլխաւոր ազատագրումի մը հասնելու իրողութիւնը:
Տարիներով զանազան միջոցներ (իւղաներկ, փայտ, ապակի, յախճապակի եւ պրոնզ) փորձարկելէ ետք, ի վերջոյ անոր խորանարդապաշտական իւղաներկ գործերն էին, որ Վատիկանի հետաքրքրութիւնը շարժեցին: 2009-ին, Պենետիկտոս ԺԶ. պապը անոր պատուիրեց նկարելու յիշատակի գործ մը` նուիրուած Ս. Արքանճէլ Թատինիի, որ այժմ ցուցադրուած է Պոթիչինօ Սերա եկեղեցիին մէջ (Միլանօ, Իտալիա): Եուրոզ ամբողջ այդ գործընթացին ճնշումի մակարդակը կը նկարագրէ որպէս «սոսկալի»: «Որովհետեւ,- կ’ըսէ ան,- նախ իտալական զարթօնքը դիմագրաւելու էի»: Որքան ալ տքնաջան ըլլայ ստեղծագործական գործընթացը, ամբողջացուած գործը` «Ողորմութեան լոյսը», վառ յստակութեամբ կը դրսեւորէ Եուրոզի լաւագոյնը: Ս. Թատինիի պատմութիւնը բծախնդրօրէն բացայայտուած է գոյներուն մէջ. սուրբը կերպարներուն ղեկին գլուխն է եւ ձեռքին ունի Եուրոզի եօթը կապոյտ վարդերը, որոնք կը խորհրդանշեն սէր եւ ապաքինում: Նկարը, որ դիտմամբ ոչ մէկ խաչ կամ կաթողիկէ որեւէ այլ խորհրդանիշ կը պարունակէ, սկզբնական շրջանին բաւական խնդիր յարուցած է: «Անհաւատալիօրէն ներշնչող պատմութիւն մըն է,- կը բացատրէ Եուրոզ,- սակայն ատիկա ոչ մէկ առնչութիւն ունի կրօնի հետ: Ինծի համար այս պատմութիւնը խաչէն աւելի մեծ է: Անիկա պատմութիւնն է մէ՛կ մարդու գթասրտութեան, եւ թէ ինչպէս ան այդ գութը գործածեց այլոց օգնելու համար: Թէ անոր քիթը այս կամ այն կողմ է` կարեւոր նիւթ չէ»:
Եուրոզ կ՛ըսէ, թէ իր արուեստը հիմնուած է մարդկային ամենատարրական զգացմունքներուն վրայ: Նկատի առնելով զգացումներուն վրայ դրած անոր շեշտը` խորանարդապաշտութեան անոր ընտրութիւնը ձեւով մը անակնկալ է, որով այս ոճը խիստ բարդ, գրեթէ թուաբանական ոճ է, որու հիմը դրին Փապլօ Փիքասոն ու Ժորժ Պրաքը` այս զգացումները հաղորդելու համար: Եուրոզի գործերուն մեծամասնութիւնը առնչուած է վիպերգի մը «հանդարտութեան եւ մենութեան հետ», ինչպէս կ՛ըսէ ինք:
Եուրոզ կը նկարագրէ աշխատանքի իր ընթացքը այսպէս. «Ես կը նկարեմ տիեզերական այն գաղափարը, թէ ամէն մարդ կարիքը ունի եւ կ՛ուզէ սիրուիլ: Ամէն մարդ կ՛ուզէ ունենալ սիրուած ըլլալու եւ այլ մարդ արարածի մը վստահելու ապահովութիւնը»:
«Խորանարդապաշտութիւնը կու գայ,- կը բացատրէ ան,- պատմողութեան գործընթացը զարգացնելու եւ ստեղծելու տեսողութեան կապուած փորձառութիւն մըն է այդ մէկը, որ խորքի ուղեւորութեան կը վերածուի ե՛ւ ակնդիրին, ե՛ւ արուեստագէտին համար»: Ան կը շարունակէ, «Խորանարդապաշտութեան մէջ ես կը յուշեմ այն բանը, որ գիտես, թէ հոն է, սակայն չես տեսներ: Տարազ մը չկայ, այլ կայ յղացք: Ատկէ ետք կտաւին իւրաքանչիւր քառակուսի մատնաչափը գիւտի մը մասին կ՛ըլլայ»:
Եուրոզ կը տիրապետէ խորանարդապաշտութեան: Անոր տիրապետութիւնը ակներեւ է ՄԱԿ-ի Իրաւանց որմնանկարին մէջ (2004): Հսկայ գործ մը, որ հինգ կտաւներ իրարու մօտ բերած է. ՄԱԿ-ի երկու պատուէրներէն մէկն է (առաջինը «Յարգանք գաղթականներուն»-ն է, 2000թ.): Արուեստագէտը կ՛ըսէ, թէ ինք ստեղծագործութիւնը կը տեսնէ աւելի որպէս «պատմական փաստաթուղթ» մը, քան` որմնանկար մը, մինչ կը պատմէ պայքարի, ազատագրումի եւ բարգաւաճութեան մասին` նոյն ատեն ցոյց տալով վստահութեան, մենութեան իրաւունքի կարիքն ու տարբերութիւնները խաղաղօրէն արտայայտելու անհրաժեշտութիւնը. եւ այս բոլորը` ազատութիւն ձեռք բերելու գործընթացին միջոցին: Արուեստի այս կտորը գործածուած է դրոշմաթուղթերու շարքի մը մէջ, ՄԱԿ-ի նամակատնային ծառայութեան կողմէ, եւ աշխարհի բոլոր կողմերը ցուցադրուած է: Եուրոզ գործակցած է ծանօթ ներքին ձեւաւորումի վարպետուհի Նենսի Քորզինի հետ` ստեղծելու համար պատի քանդակներու շարք մը: Արուեստագէտը այս գործակցութիւնը կը կոչէ «փոքր յեղափոխութիւն»` իր արուեստի գործընթացին մէջ: «Պիտի ըլլայ առաջին անգամը, որ կ՛աշխատիմ համակարգիչներով», կ՛ըսէ ան: Քանդակներու շարքին առաջինը ներկայիս ցուցադրուած է Արեւմտեան Հոլիվուտի (Քալիֆորնիա) «Քորզին» գեղարուեստի սրահին մէջ, իսկ աւարտած շարքը պիտի ցուցադրուի 2013-ին:
Երբ հարց տրուի, թէ իր հայ ըլլալը ինչո՛վ ձեւաւորած է իր արուեստը, Եուրոզ կը պատասխանէ. «Հայերը ունին շատ յատուկ ցեղային կազմուածք մը, որ մեզի կը ստիպէ մերուելու: Եւ որքան ալ շատ փորձենք, չենք կրնար մերուիլ: Ես չեմ մտածեր, թէ ինչպէ՛ս հայ ըլլալս ձեւաւորած է արուեստս, որովհետեւ անգիտակցաբար կ՛ընեմ այդ: Ատիկա իմ տեսնելու, լսելու, հոտոտելու ամբողջ կերպս է: Չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ այսպէս է, սակայն գիտեմ, թէ տեղեկութիւնները քիչ մը տարբեր ձեւով կ՛իւրացնեմ: Ատիկա կու գայ իմ մեծ ուսուցիչներէն եւ մեր գեղեցիկ լեռներէն եւ անոնց կարօտախտէն:
Ի՞նչ Կայ Անունի Մը Մէջ
«Սիրահարած էի Ռոզ անունով կնոջ մը: Երբ որ այս երկիրը հասայ, դրամ շահելու միջոց չունէի եւ ուրացած էի ռուսական քաղաքացիութիւնս: Ուստի սկսայ կիներու յատուկ հագուստներ կարել: Դարձայ դերձակ եւ այն ալ` վարպետ դերձակ: Այս գեղեցիկ կնոջ հանդիպեցայ հանրակառքի մէջ եւ լաւ բարեկամներ եղանք ու ի վերջոյ սիրահարներ դարձանք: Անոր կարել սորվեցուցի եւ միասին ընկերութիւն մը հիմնեցինք` Եուրոզ, «Եուրի»-ն եւ «Ռոզ»-ը միացնելով: Աւելի ուշ անդրադարձայ, թէ Rose-ին տեղ Roze բառը գործածած էի, սակայն անունը չփոխեցինք: Խորհրդային Միութիւնը սկսած էր քայքայուիլ եւ ռուսական արուեստը նորոյթ էր Ամերիկայի մէջ, որոշ իմաստով` ամսուան մը համը: Մինչ այդ սկսած էի զգայնութիւն ցոյց տալ հանդէպ այն բոլորին, որոնք հեռուէն իսկ խորհրդային էին, եւ չէի ուզեր, որ ոեւէ մէկը զիս խորհրդայինի հետ առնչէ: Ամէն ինչ «Եուրոզ» կը ստորագրէի ի յիշատակ Ռոզային: Մինչեւ օրս մնացած եմ անորոշ` ցեղային առումով: Սակայն գեղեցկութիւնը հոն է, որ ակնդիրները չեն գիտեր, թէ ո՛վ եմ. անոնք գործին է, որ կը նային. գործը չեն դատեր անունիս եւ անցեալիս նայելով, այլ` որպէս «վատ» կամ «լաւ» արուեստ: Եթէ անոնք հետաքրքրուած են, ապա ժամանակ կը տրամադրեն իմանալու համար, թէ ո՛վ է արուեստագէտը»:




