ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻԱ

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ մեկնեցաւ Ռիատ` ընդառաջելով Սէուտական Արաբիոյ բանակի հրամանատար զօր. Սալեհ պըն Ալի Մուհիայի հրաւէրին:

Քանի մը օր տեւելիք այս այցելութեան ընթացքին զօր. Քահուաժի հանդիպումներ պիտի ունենայ սէուտցի կարգ մը պատասխանատուներու հետ` քննարկելու համար երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու կողմերուն միջեւ զինուորական գործակցութեան հեռանկարները:

Միւս կողմէ, ամերիկացի քոնկրեսական մը խստիւ դատապարտեց Ուաշինկթընի կողմէ լիբանանեան բանակին կատարուած օժանդակութիւնները` բողոքելով այն երեւոյթին դէմ, թէ Հըզպալլա տակաւին մաս կը կազմէ Լիբանանի կառավարութեան:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS