ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ 80-ԱՄԵԱԿ. ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՆՇՈՒՄ` ԱԶԳԱՅԻՆ ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ
Կիրակնօրեայ վարժարաններու 80-ամեակի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2011 տարին «Հայ մանուկի տարի» հռչակուելուն առիթով` շաբաթ, 5 մարտ 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի սրահին մէջ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարանները տօնախմբեցին Բարեկենդանը:
Կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ մարմնին անունուվ Ժանին Մարգարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ բացատրեց Բարեկենդանի իմաստը` աւելցնելով, որ Բարեկենդան կը նշանակէ բարի կեանք եւ կը խորհրդանշէ երկինքի արքայութիւնը: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ հանդիսութեան ներկայ կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտներէն պիտի ընտրուին լաւագոյն 3 ծպտուած տիպարները: Ապա ան ներկայացուց դատական կազմը, որ կը բաղկանար 3 հոգիէ` Լիզեթ Կիւրիւնեան, Հրայր Մարգարեան եւ Կարօ Քէշիշեան:
Այնուհետեւ բեմը տրամադրուեցաւ «Բարեւ փոքրիկներ» (Հայ քիտզ) խումբին, որ խանդավառեց մթնոլորտը:
Հաղորդավար Ներսէս Օհանեան բեմ հրաւիրեց իւրաքանչիւր կիրակնօրեայ վարժարանէ 5 աշակերտներ, որոնք նախապէս նշանակուած էին իրենց տեսուչներուն կողմէ, եւ դատական կազմը անոնց մէջէն ընտրեց լաւագոյն երեքը: Առաջին հանդիսացաւ Կեդրոնէն` Անդօ Քէօսէեան, երկրորդ հանդիսացաւ Քառասնից Մանկանց կիրակնօրեայէն` Յասմիկ Զէյթունեան, իսկ երրորդ հանդիսացաւ Վարդանանց կիրակնօրեայէն Կարէն Ներսէսեան, որոնք ստացան արժէքաւոր նուէրներ:
Աւարտին խօսք առաւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ մարմնի պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, որ գոհունակութիւն յայտնեց սոյն հաւաքին համար, նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց կիրակնօրեայ վարժարաններու բոլոր տեսուչներուն, որոնք սատարեցին ձեռնարկին յաջողութեան, ինչպէս նաեւ «Ազդակ»ին, որ միշտ քաջալեր կը հանդիսանայ իրենց ձեռնարկներուն եւ անոնց կ՛արձագանգէ իր էջերուն մէջ:
Հանդիսութեան աւարտին բոլոր աշակերտները ստացան նուէրներ` տրամադրուած կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ մարմնին կողմէ: