ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «Բ. ԿԱՆԱՉԵԱՆ» ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ԿԻՍԱՄԵԱՅ ՈՒՆԿՆԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, ուրբաթ, 4, շաբաթ, 5 եւ կիրակի, 6 մարտ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցան քոլեճի կիսամեայ երաժշտական ունկնդրութիւնները:
Երաժշտական ունկնդրութեանց բացման խօսքը արտասանեց «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Արմէն Քեչեկ, որ նշեց, թէ այս ունկնդրութիւնները լաւագոյն առիթներն են արժեւորելու քոլեճի կիսամեայ գործունէութիւնը եւ ներկայացնելու տարուած աշխատանքը:
Քեչեկ աւելցուց, որ այս ունկնդրութիւնները` զուգադիպելով ուսուցչաց տօնին, լաւագոյն առիթն են գնահատելու ներդրումը մեր ուսուցիչներուն, որոնք հետեւողական աշխատանքով կը հետեւին կրթական ծրագիրին եւ կը կատարեն իրենց վստահուած պարտականութիւնը:
Ապա առաջինէն չորրորդ դասարաններու աշակերտները հերթաբար բեմ բարձրացան` նուագելով իրենց կրթական ծրագիրներուն համապատասխան երաժշտական ստեղծագործութիւնները:
Նշենք, որ «Լ. Շանթ» կեդրոնի բարձր դասարաններու, սենեկային խումբերու եւ համոյթներու աշակերտական ունկնդրութիւնները տեղի պիտի ունենան ուրբաթ, 11, շաբաթ, 12 եւ կիրակի, 13 մարտ 2011-ին:
Յայտնենք, որ կիրակի, 27 փետրուար 2011-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Ժ. եւ Ց. Խաչատուրեան» կեդրոնի ունկնդրութիւնը, որուն ընթացքին Արմէն Քեչեկ յայտնեց, որ քոլեճը լիակատար կերպով կը գործէ կեդրոնին մէջ, ուր սկսած են նաեւ դասաւանդուիլ տեսական եւ պատմութեան նիւթերը: