Արցախեան Շարժման 25-Ամեակին Առթիւ. «Ձայն Մը Հնչեց Ղարաբաղի Հայոց Լեռներէն…»
ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ
Մենք` սփիւռքահայերս, յաճախ առիթ չենք ունենար հպարտանալու մեր նուաճումներով: Բայց վերջին երկու տասնամեակներուն բան մը փոխուեցաւ: Ղարաբաղը եկաւ մեզ արթնցնելու եւ ըսելու, թէ պէտք չէ յուսահատիլ, գէթ` այսքան կանուխ: Եւ մենք վերջապէս գիտցանք, թէ ի՛նչ ըսել է հպարտանալ դրական նուաճումներով, իմա՛ յաղթանակներով: Գիտցանք, թէ ինչ ըսել է հպարտանալ մեր հերոսներուն ցուցաբերած անձնդիր զոհաբերութեամբ:
Ղարաբաղեան շարժման նախնական նպատակն էր երկիրը դուրս բերել Խորհրդային Ազրպէյճանի կազմէն եւ զայն միացնել մայր հայրենիքին: Բայց ունեցանք ի վերջոյ Ղարաբաղի անկախ հանրապետութիւն: Յառաջդիմութեան ճամբուն վրայ հսկայ քայլ մըն էր դէպի վախճանական նպատակ: Նաեւ, կողմնակի եւ կարեւոր շահերէն մէկը եղաւ իր շրջանի անուան հայացումը: Ղարաբաղը վերադարձաւ իր նախկին ԱՐՑԱԽ անուան:
Այս եղելութիւնը ինծի յիշեցուց ուրիշ շատ կարեւոր եւ կենսական փոփոխութիւն մը մեր քաղաքական կեանքին մէջ, որ հետեւեալն էր. Հայ յեղափոխականներու դաշնակցութեան նպատակակէտն էր ազատագրել Արեւմտահայաստանը օսմանեան դաժան լուծէն: Բայց պատահեցաւ աննախատեսելին. մօտ վեց հարիւր տարիներու գերութենէ ետք վկայեցինք Հայաստանի անկախ հանրապետութեան մը ստեղծումը, որ եղաւ հիմնաքարը յաջորդ հանրապետութիւններուն` լաւ կամ վատ:
Մինչ այդ, մենք ծանօթ էինք Արցախ անուան միայն մեր պատմութեան դասագրքերէն: Ծանօթ էինք Դաւիթ Բէկին, որովհետեւ կարդացած էինք նոյնանուն վէպը:
Բազմաթիւ ժողովներէ եւ ցոյցերէ ետք, ստեղծուած «Ղարաբաղ կոմիտէ»-ն որոշեց կռիւով հասնիլ իր նպատակին:
Եւ սկսաւ անհաւասար կռիւը, որ ժամանակի ընթացքին վերածուեցաւ կատարեալ արիւնոտ պատերազմի: Աշխարհասփիւռ հայութիւնը իր շունչը պահած կը սպասէր անոր եզրակացութեան: Աշխարհասփիւռ հայ մտաւորականութիւնը, հաւատքի մարդիկը, սփիւռքահայեր սրտատրոփ կը սպասէին, թէ ի՛նչ պիտի պատահի:
Ասոր կողքին, դժբախտաբար կար նաեւ Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժը, որ պատահեցաւ նոյն տարին: Ո՞ր մէկուն մասին մտածել: Որո՞ւ օգնութեան հասնիլ: Ցեղասպանութենէն ետք, Սուրիան եւ Լիբանանը, որոնք աշխարհագրականօրէն ա՛լ աւելի մօտ էին Արեւմտահայաստանին, եղան առաջին երկու հիւրընկալ պետութիւնները եւ անմիջապէս սկսան նպաստի աշխատանքին: Նոյնը նաեւ այս պարագային. դրամ, սնունդ, հագուստեղէն շատ արագ հաւաքուեցան եւ ղրկուեցան առ որ անկ է: Թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Արցախ: Երկուքն ալ պատերազմի մէջ էին: Զանգուածային մահեր կային երկու կողմէն ալ:
Վերջապէս պահանջատէր էինք: Եւ այսպէս, «Ղարաբաղը մերն է» լոզունգը հնչեց թէ՛ երկու երկիրներուն մէջ, թէ՛ արտասահման: «Մեր» ստացական ածականը, որ բնաւ չէինք կրցած ըսել, հաճելի, ոչ միայն հաճելի, այլեւ հպարտ եւ ուրախ թոնով կ՛ըսէինք այլեւս: Որովհետեւ երկիր ունէինք. հոգ չէ թէ` սգաւոր: Գրեթէ հրաշք: Չէինք հաւատար:
Մեր ուրախութիւնը, անշուշտ, երբեք չի կրնար անխառն ըլլալ: Մէկ աչքին ժպիտ, միւսին արցունք` կը դիտէինք պատկերասփիւռէն մեծաքանակ դագաղները երկրաշարժի զոհերուն համար: Նաեւ, կը հետեւէինք պատերազմին, որ տեղի կ՛ունենար Արցախի մէջ, ուր մեր երիտասարդութիւնը կը զոհուէր ի խնդիր իր ժողովուրդի եւ իր հողի գոյութեան: Երբեք չեմ կրնար մոռնալ այն տեսարանը, ուր պատերազմէն վիրաւոր զինուորներ կը վիրահատուէին, առանց զգայազրկման: Աչքերս եւ ականջներս կը փակէի չտեսնելու եւ չլսելու համար վիրաւորին դէմքը եւ ձայնը: Եւ անոնք կը վիրահատուէին առանց տրտունջի: Եւ կեանքը կը շարունակուէր մեզի համար:
Արդէն քսանհինգ տարի ալ անցաւ այդ օրերէն ի վեր: Որբացած մանուկները արդէն երիտասարդ են: Մայրերուն արցունքը արդէն չորցած է: Բայց` ինչպէ՞ս: Դիւրին է խօսիլը:
Ես 1991-ին բախտը ունեցայ Արցախը տեսնելու: Եւ, այնքան ուրախ եմ, որ այդ բախտը ունեցայ: Թէեւ մէկ օրով, բայց եւ այնպէս Արցախն էր, որ տեսայ. նախկին Ղարաբաղը: Այդքան գեղեցիկ բնութիւն տեսած չէի: Գոնէ ես: Երեւանէն Արցախ ուղղաթիռով այդ կարճ ճամբորդութիւնը նոր աշխարհներ բացաւ առջեւս: Ունեցայ նոր անդրադարձներ: Մտածեցի, որ ուրեմն ճիշդ էին, ինչ որ մեր հայոց պատմութեան գիրքերը կը պատմէին թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի մասին: Յուզուած էի:
Նոյն յուզումը ունեցայ, երբ առաջին անգամ Ջաւախք այցելեցի, երբ կեցութեանս վայրէն քիչ մը դուրս գեղեցիկ եւ ոլորապտոյտ գետ մը տեսայ: Գետին մէկ ափէն կ՛անցնէր մեր ինքնաշարժը. դիմացի ափին կար պարիսպի նման բարձր արգելք մը: Մեզ հիւրընկալող բարեկամները ըսին, թէ Կուր գետն էր այս մէկը: Յանկարծ փղձկեցայ: Մտածեցի, թէ ուրեմն կարգով բոլոր այն բաները, որ առասպել կը կարծէինք, կրնային իրականանալ: Իսկ, երբ օր մը Սեւանայ լիճի դիմացի ափը լեռնաշղթայ մը տեսայ, ինծի ըսին, որ Գեղամայ լեռներն էին անոնք. ուրախութեան յուզում մը դարձեալ սեղմեց կոկորդս: Այս մէկը կը պատահի Հայաստան կամ Արցախ առաջին անգամ այցելողներուն:
Եւ մտածել, թէ Արցախի նման հող մը, որ ծագումով հայկական եղած է եւ դարերով բնակուած` հայերով, այսօր պիտի վերադառնար իր օրինաւոր տէրերուն: Ի՞նչ կայ ասկէ աւելի գեղեցիկ եւ ուրախառիթ հրաշք:
Բայց պահ մը կանգ առնենք եւ շատ չմխրճուինք վիպապաշտ տրամադրութիւններու մէջ: Այն, որ հիմա այդ հողերը մերն են, բայց անոնց բնակիչները գէթ սկզբնաւորութեան` զրկանքի մէջ ապրեցան: Արցախի այդ շքեղ բնութեան մէջ մարդիկ տէր ըլլալու հպարտութիւնը կ՛ապրին, բայց զրկուած են արդի կեանքի բոլոր առաւելութիւններէն: Այս մէկն ալ զոհողութիւն է եւ ցոյց կու տայ հայուն մեծ յոյսը, որ օր մը ամէն ինչ իր տեղը պիտի գտնէ: Եւ այն ատեն այնքան մեծ թիւով հայեր պիտի ուզեն իրենց հայրենի հողին վրայ ապրիլ, որ պէտք է կարգի կենան եւ սպասեն: Ներգաղթած եւ արտագաղթած հայեր պիտի ըլլան անոնք, որոնք ներկայիս օտար երկինքներու տակ կ՛ապրին կարօտախտով:
Ներգաղթը դէպի հայրենիք տեղի ունեցաւ 1946-1947 տարիներուն, որպէսզի հայերու աճող թուին շնորհիւ այդ օրերու ղեկավարները կարենան իրենց հողը պահել, մեծ զոհողութիւններով ստեղծուած հանրապետութիւնը պահպանել: Բայց, նոյն ատեն, նոյն այդ մեր մեծ դրացի ղեկավարները Արցախի պէս գեղեցիկ եւ հերոսներու ծննդավայրը դիւրութեամբ նուիրեցին թուրք եւ թաթար ժողովուրդներուն: Եւ հիմա նոյն այդ հողերուն վերատիրանալու համար հայ երիտասարդներ իրենց ծաղիկ կեանքը պիտի զոհէին: Եւ անոնք` այդ երիտասարդները յաջողեցան վերատիրանալ այդ հողերուն, որոնք արդէն իրենցն էին (հեգնական է, չէ՞):
1905, 1915, 1918, 1937, 1947, 1988: Յիշելու համար ընդհանուրէն քանի մը հատը միայն: Ասոնք այն թուականներն են, որոնք ունեցան անկիւնադարձային հանգամանք մեզի` հայերուս համար: Եւ թէեւ անոնք սպանդներ եւ ջարդեր էին, այդուհանդերձ, մեզի համար անոնք վերածուեցան վերածնունդի եւ զարթօնքի: Կարծէք, կենդանի մնալու համար մենք միշտ պէտք ունինք մահաբոյր այդ խթաններուն:
Այստեղ կրնամ մէջբերել «Արմինիըն Ռիվիու»-ի 55-րդ հատորին մէջ տեղ գտած ցեղասպանութեան հետեւեալ սահմանումը` 11 դեկտեմբեր 1946-ի թիւ 95 (1) բանաձեւով ներկայացուած. «Ըստ միջազգային օրէնքին, ցեղասպանութիւնը, զոր քաղաքակիրթ աշխարհը կը դատապարտէ, եւ` անոր գործադրութեան ղեկավարները, նաեւ անոնց մեղսակիցները` անհատ անձեր, պետական անձնաւորութիւններ եւ պետութեան գլուխներ, եթէ անոնք ցեղասպանութիւն գործած են կրօնական, ցեղային, քաղաքական կամ այլ խումբերու դէմ, անպայման պէտք է իրենց արժանի ՊԱՏԻԺԸ կրեն»:
Այս մէկը թէեւ կը վերաբերի բոլոր ցեղասպանութիւններուն, մեր պարագային նաեւ` Արցախի, Սումկայիթի եւ նմանօրինակ այլ վայրերու մէջ կատարուած վայրագ ոճիրներուն:
Յետադարձ հայեացքով մը կրնանք մտածել, որ` «իրապէս ձայն մը հնչած էր Ղարաբաղի հայոց լեռներէն»: Ճնշուած հայ ժողովուրդի ձայնն էր անիկա եւ կը բխէր ոչ թէ լեռներէն, այլ` մարդոց սրտերէն: Ասիկա ձայն մըն է, որ ընդհանրապէս կը հնչէ, երբ` «դանակը ոսկորին կը հասնի», որուն արդիւնքը կ՛ըլլայ «յաղթանակ». բառ մը, որուն հազուադէպ կը հանդիպինք հայերէն բառարաններու կամ հայոց պատմութեան էջերուն մէջ: