Կիրակնօրեայ Խօսքը. Յիսուսի Հերոսներէն Երեքը…
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սիրելի՛ ընթերցող, Յիսուսի հերոսներէն այս երեք անձերը կը ներկայանան «Անառակ որդին» առակին մէջ, զոր մեզի փոխանցած է միայն երրորդ աւետարանիչը` Ս. Ղուկաս (Ղկ. 15,1-32): Սուրբ գրային ընթերցումն է «Գ. Կիրակի Քառասնորդաց»-ին:
Ստոյգ եմ, թէ գիտես առակին բովանդակութիւնը, բայց եւ այնպէս կը խնդրեմ, որ նորէն կարդաս միջազգային գրականութեան ու գեղանկարչութեան մէջ շատ նախընտրուած այս պատմուածքը:
Յիսուսի` Մարդաճանաչին ու Հոգետեսին մարդկային կեանքէն առած դրուագին երեք դերակատարներն են «կրտսեր որդին», «հայրը» եւ «մեծ որդին», որոնց կերպարներն այնքան ալ հեռու չեն մեր կերպարներէն: Խորհրդածութիւններուս մէջ կը սկսիմ երրորդէն եւ կը շարունակեմ առաջինով` հասնելու համար երկրորդին:
Երրորդը` «մեծ որդին», որ իմ տիպարս է, քու տիպարդ է ու անոր տիպարն է, հաւատարիմ եւ աշխատասէր մնաց իր հօրենական տան մէջ, «բարկացաւ», երբ իմացաւ իր եղբօր վերադարձին առիթով իրենց հօր սարքած խնճոյքը: Ոչ միայն այս, այլ «չուզեց մտնել» տունը` խրախճանքին մասնակցելու համար:
Իր բարկութեան մէջ «մեծ որդին» գործեց իրերայաջորդ սխալներ, որոնց նմանները սովորական սխալանքներն են մեր առօրեային մէջ, բայց մենք չենք ուզեր անդրադառնալ մեր անձին եւ շրջապատին անոնց պատճառած աղէտին, փորձանքին ու պատուհասին:
Պատահածն առանց գիտնալու` զայրացաւ. նոյնպէս մենք ալ կը զայրանանք…
Էականն առանց ըմբռնելու` գանգատեցաւ. նոյնպէս մենք ալ կը գանգատինք…
Հօր երեսին շպրտեց իր ըսելիքները. նաեւ մենք կը ծախենք մեր խելացիութիւնը…
Իր ըրածները գովեց. մենք դարձած ենք ինքնագովողներ` «Գերազա՛նց»-ով…
Նախանձեցաւ իր եղբօր. մենք խանդոտներ ենք դրացիին եւ ընկերոջ բարիքին…
Արհամարհեց եղբօր դարձը. մենք չենք ուզեր զղջումն ու դարձը մերձաւորին…
Քննադատեց հօր սէրը. մենք ստէպ կ՛այպանենք Աստուծոյ մարդասիրութիւնը…
Առաջինը` «կրտսեր որդին», որ իմ տիպարս է, քու տիպարդ է ու անոր տիպարն է, անհաւատարիմ եւ ծոյլ` ոչ միայն լքեց իր հօրենական տունը եւ «մեկնեցաւ դէպի հեռաւոր երկիր մը», այլ նաեւ ցոփ, «անառակ կեանքով վատնեց իր ամբողջ հարստութիւնը», ա՛յնքան, որ անօթութենէն սովամա՜հ` արժանի չեղաւ նոյնիսկ ստանալու խոզերու կերը:
Աննպաստ իր արտաքին ու ներքին իրավիճակին մէջ` «կրտսեր որդին», սակայն, կու տայ դասեր, որոնց մեր բծախնդիր կիրարկումով մենք կ՛արժանանանք ընդունուելու, սիրուելու, համբուրուելու, հաւնուելու, ներուելու եւ տօնուելու ոչ միայն Աստուծմէ, որ մեր երկնաւոր Հայրն է (Մտթ. 5,16), այլ նաեւ` մերձաւորէն ու հեռաւորէն:
Անդրադարձաւ իր խեղճութեան. մենք կ՛անդրադառնա՞նք մեր խեղճուկրակութեան…
Գիտակցեցաւ իր սովամահութեան. մենք կը գիտակցի՞նք մեր հոգեկան ամլութեան…
Համոզուեցաւ իր մեղաւորութեան. մենք կը համոզուի՞նք մեր մեղանչականութեան…
Զղջաց իր մեղանչումներուն վրայ. մենք կ՛ընդունի՞նք եւ կը տեսնե՞նք մեր մեղքերը…
Առաջադրեց փոխել իր կեանքը. մենք կը զղջա՞նք, որ կարենանք բարելաւել մեր եսը…
Յայտնեց իր վատութիւնը. մենք կը խոստովանի՞նք եւ կը հաւատա՞նք ապաշաւին…
Վերադարձաւ իր հօր. մենք կ՛ապահովե՞նք դարձը մեր եսէն` վերադարձով մեր Հօր…
Խոնարհութեամբ յայտարարեց իր անարժանութիւնը. մենք խոնարհամի՞տ ենք…
Երկրորդը` «հայրը», որ իմ տիպարս ըլլալու է, քու տիպարդ ըլլալու է ու անոր տիպարն ըլլալու է, կը խորհրդանշէ «ձեր Հայրը, որ երկինքն է» (Մտթ. 6,1): Ինչպիսի՜ սիրով Յիսուս կ՛ուրուագծէ պատկերը իր Հօր, որ անհուն երկայնամտութեամբ մի՛շտ ակնկալեց եւ սիրավառ հասկացողութեամբ յա՜ր կ՛ակնկալէ վերադարձը կորուսեալին:
Տեսաւ իր որդին: Սիրոյ սրատես ակնարկով ճանչցաւ զայն. մենք` սիրազուրկներս, չենք տեսներ ո՛չ հեռուէն դարձողը եւ ո՛չ մօտ կեցողը, քանի կը զննենք միայն մեր անձը եւ կը զբաղինք մեր եսով լոկ:
Գթաց վերադարձողին: Սիրտը լեցուն էր կարեկցութեամբ եւ ո՛չ` քինախնդրութեամբ. մենք չենք անդրադառնար իսկ, թէ ինչպիսի՜ անգութներ եղած ենք մեր քէնով, ինչպէս ալ մեր աչքին մէջ, մեր լեզուով ու մեր բերանէն թերացողին հանդէպ:
Վազեց դեռ հեռաւորին: Իր ակնկալութեան մէջ նախաձեռնող էր. մենք կորսնցուցած ենք զգայնութիւնը օտարին հանդէպ, իսկ մերձաւորին կռնակ դարձուցած ենք արդէն եռանդ, այսինքն` «երէկ չէ, առջի օր»…
«Դիմաւորեց զինք»: Մարդերէն մերժուածն ընդունեց ներողամտութեամբ. մենք քարասիրտ դարձած ենք մեր ինքնարդարութեան մէջ եւ աններող` մեր եսահաճութեամբ:
«Նետուեցաւ անոր վիզը»: Իր հայրութեամբ` կարծես, ինքն ըլլար շահողը. մենք մեր դժկամակութեամբ յամառող` ո՛չ կը ներենք եւ ո՛չ ալ կը ներուինք: Միայն կը կորսնցնենք:
Համբուրեց զղջացողը: Անոր պաչիկը համարում է. մենք երկերեսութեան վարպետներ եղած ենք եւ «Յուդայի համբոյրը» կու տանք` փոխանակ համբուրելու Յիսուսի սիրազեղ «բարեկա՛մ»-ով:
Հրամայեց. «Բերէ՛ք…, հագցուցէ՛ք…, մորթեցէ՛ք…»: Ներեց եւ վարձատրեց, որովհետեւ արժեւորեց զղջումի ու դարձի առկայ տուեալները` կարօտը դէպի Աստուած, խոնարհ խոստովանութիւնը յանցաւորութեան, յօժարութիւնը բարեփոխումի եւ կամքն ապաշխարութեան:
Գործադրեց. «Ուտե՛նք եւ ուրախանա՛նք»: Սիրողն ու ներողը գործօն եւ գործնական է: «Աշխարհի այս ամենագեղեցիկ պատմութիւն»-ին մէջ կը նկարագրուի Սէր-Աստուծոյ անսահման բերկրանքը մարդերու փրկութեան, ինչպէս ալ անչափելի հրճուանքը` իւրաքանչիւր մեղաւորին զղջացեալ տունդարձին համար:
Ի զուր չէ, որ «Անառակ որդին» կը նկատուի նաեւ իբրեւ «առակը ողորմած Հօր»: Ֆրանսացի խորազնին ու ներհայեցող գրագէտը` Շարլ Փեկի զայն որակեց իրաւացիօրէն «առակ մը յոյսին», Ս. Երրորդութեան անունով մկրտեալներուն այն քրիստոնէական յոյսին, որ` «թերեւս դեռ կը մնայ որպէս նուրբ փուշ մը մեղաւորին սրտին մէջ» (Շ. Փեկի). ան կրնայ տանիլ յաւերժական կեանքին` Յիսուսի եւ Մարիամի հետ…
Այնճար, 24 փետրուար 2013

