ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖԱՏԵԼԸ

Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Ֆատել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատելը, որուն հետ քննարկեց բանակին վերաբերող հարցերն ու կարիքները:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Ժիպէյլի փառատօնի կազմակերպիչ յանձնախումբին պատասխանատուները, որոնք նախագահը հրաւիրեցին ներկայ գտնուելու փառատօնին, որ կը սկսի յառաջիկայ 28 մայիսին եւ կը տեւէ մինչեւ յուլիսի վերջ:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Պէյթէտտինի փառատօնի կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Նուրա Ժոմպլաթ, որ նախագահ Սլէյմանէն խնդրեց ստանձնել փառատօնին հովանաւորութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES