ՊՔԵՐՔԷԻ ՄԷՋ ԻՍԼԱՄ – ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎ

Ձախէն աջ` Արամ Ա. կաթողիկոս, Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարք, միւֆթի Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի, Պշարա Ռայի պատրիարք, շէյխ Ապտել Ամիր Քապալան, շէյխ Նայիմ Հասան եւ Զաքքա Բ. Իուաս պատրիարք:

Երեք տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով` երէկ Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ իսլամ-քրիստոնեայ հոգեւոր վեհաժողով մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանը բաղկացնող բոլոր համայնքներուն հոգեւոր պետերը, որոնց շարքին նաեւ առաջին անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը բերաւ ալեւի համայնքի ներկայացուցիչը:

Վեհաժողովին բացումը կատարուեցաւ Տէրունական աղօթքով, ապա մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը

ներկայացուց վեհաժողովին աշխատանքային օրակարգը:

Ապա հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի իր օրհնութիւնը յայտնեց վեհաժողովը:

Ռայի պատրիարքը իր ողջոյնի խօսքին մէջ շեշտեց, որ հոգեւոր վեհաժողովը Լիբանանի համար անհրաժեշտութիւն է` աւելցնելով, որ այդ վեհաժողովը կազմակերպուած է լիբանանեան բոլոր շերտերը բաղկացնող համայնքներու պետերուն պահանջով եւ գործակցութեան ու սիրոյ ոգիով:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց այդ ոգիին անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ տալ լիբանանեան ազգային միասնականութեան խախտումի երեւոյթներուն, ազգային երկփեղկումին, ինչպէս նաեւ շրջանային առումով արձանագրուող քաոսներուն, եւ կանխարգիլելու համար Լիբանանի վրայ անոնց ունենալիք հետեւանքները:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ այս վեհաժողովին նպատակն է նաեւ ամրապնդել լիբանանեան ազգային սկզբունքները` նշելով միաժամանակ, որ նման վեհաժողովներ պէտք է իրերայաջորդ հանդիպումներու վերածել, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ իսլամ – քրիստոնեայ գոյակցութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը:

Վեհաժողովին աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն ընթերցումը կատարեց Իսլամ – քրիստոնեայ երկխօսութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Սամմաք:

Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ լիբանանեան ներքին երկխօսութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ներքին երկփեղկումին վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ հոգեւոր պետերը կոչ ուղղեցին լիբանանեան քաղաքական պատասխանատուներուն անմիջապէս կազմելու կառավարութիւնը` հիմնուելով սահմանադրական կարգ ու կանոնին վրայ:

«Պէտք է յանձնառու մնալ երկխօսութեան մշակոյթին, որուն ծիրին մէջ կը յարգուին բոլորին տեսակէտները, որքան ալ իրարմէ տարբեր ըլլան անոնք, ինչպէս նաեւ պէտք է կառչած մնալ սահմանադրական հաստատութիւններուն` լուծելու համար որեւէ հարց: Իսկ ապահովական առումով պէտք է կառչած մնալ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն` պահպանելու համար ապահովական կայունութիւնը, քաղաքացիական անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ պայքարելու համար ահաբեկչութեան դէմ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Հոգեւոր վեհաժողովէն բխած հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ նաեւ Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով լիբանանեան պետութեան իրաւունքը` ազատագրելու Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած լիբանանեան հողերը:

Հոգեւոր պետերը հաստատեցին նաեւ արաբեւիսրայէլեան տագնապին լուծման կարեւորութիւնը` նկատել տալով, որ այդ տագնապին լուծումն է, որ կ՛երաշխաւորէ շրջանին խաղաղութիւնն ու ապահովական անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ տագնապին լուծման շրջագիծին մէջ է, որ կ՛ազատագրուին բռնագրաւեալ արաբական բոլոր հողերը:

Վեհաժողովին աւարտին մասնակիցներուն ի պատիւ ճաշկերոյթ մը սարքուեցաւ Պքերքէի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES