«ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ Է ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ ԲՈԼՈՐ ԻՐԱՐԱՆՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ» «ՆԱՀԱՐ»ԻՆ Կ՛ԸՍԷ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ հայերը Սուրիա հասած են 1600 տարի առաջ` նկատի ունենալով Հալէպի եւ Տէր Զօրի մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիները, սակայն աւելի ուշ Սուրիա հասած հայերուն թիւը մեծցաւ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով:

Սուրիա հասնող հայերէն ոմանք մնացին այդ երկրին մէջ, իսկ ուրիշներ ուղղուեցան դէպի Լիբանան, Պաղեստին, Եգիպտոս եւ Յորդանան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Սուրիայէն գաղթող եւ հոն հաստատուող հայերուն թիւը շուրջ 200 հազար է` աւելցնելով, որ անոնք ընդհանրապէս կը բնակին Քամիշլիի, Հալէպի, Դամասկոսի, Քեսապի եւ Հոմսի մէջ, ուր անոնք որդեգրած են տեղւոյն աւանդութիւններն ու սովորութիւնները: «Քրիստոնեայ հայոց կողքին Սուրիոյ մէջ կ՛ապրին նաեւ իսլամացած հայեր, որոնք կը կոչուին հայկական սփիւռքի աշիրեթ, որ կը հաշուէ շուրջ 25 հազար հայ, իսկ այդ աշիրեթին կը նախագահէ Էլի Քուֆաքլեան», նշեց երեսփոխան Բագրատունի:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Սուրիոյ հայկական գաղութը ապահով կ՛ապրի, ունի խղճի եւ անհատական ազատութիւն, ինչպէս նաեւ կազմակերպութիւններ եւ ակումբներ ունենալու եւ հանդիպումներ կազմակերպելու իրաւունք:

Երեսփոխան Բագրատունի նկատել տուաւ, որ քաղաքական կեանքին մէջ սուրիահայութեան ներկայացուցչութիւնը ապահովուած է Սուրիոյ Ազգային ժողովին մէջ հայ ներկայացուցիչով մը: «Սուրիոյ մէջ որդեգրուելիք որեւէ բարեկարգում իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ սուրիահայութեան կենցաղին վրայ: Սակայն պէտք է նշել, որ սուրիահայութիւնը ներկայիս մեծ մտահոգութիւն կ՛ապրի եւ վերապահ է այն իմաստով, որ ան կրնայ ենթարկուիլ Իրաքի եւ Եգիպտոսի քրիստոնեայ քաղաքացիներուն ճակատագիրին եւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն, որոնցմէ ամէնէն լուրջը կը նկատուի Սուրիայէն զանոնք բռնագաղթի ենթարկելու հաւանականութիւնը», ըսաւ Յ. Բագրատունի` աւելցնելով, որ սուրիահայութիւնը այսօր անգամ մը եւս կը վերյիշէ թրքական բռնագաղթին եւ սպանութիւններուն ենթարկուած իր նախահայրերուն ճակատագիրը:

Այս ծիրին մէջ, Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը արաբական աշխարհին մէջ արձանագրուած այս բոլոր իրարանցումներուն պատասխանատու կը նկատէ Թուրքիոյ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը` սկսելով «Մաւի Մարմարա» նաւուն բեմագրութենէն, հասնելով մինչեւ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումները, ընդգծելով, որ Միջին Արեւելքին տիրելու օսմանեան ախորժակները մնայուն կերպով առկայ են:

Միւս կողմէ, «Ալ-Քալիմա օնլայն» կայքէջին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ իր կարծիքով, Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը մէկ շաբաթէն պիտի յայտարարուի` նկատի ունենալով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած աշխուժութիւնը:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով կարելի պիտի ըլլայ միջին լուծման մը յանգիլ եւ բոլոր կողմերուն իրաւունքները ապահովել:

Կառավարութեան մէջ լիբանանահայութեան իրաւունքներուն մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ 30 նախարար հաշուող կառավարութեան պարագային լիբանանահայութիւնը երկու նախարար ունենալու իրաւունք ունի` աւելցնելով, որ տակաւին յստակ չէ, թէ համայնքը ի՛նչ նախարարութիւն պիտի ստանձնէ, սակայն յստակ է, որ անիկա ճարտարարուեստի նախարարութենէն նուազ արժէք ունեցող նախարարութիւն պիտի չըլլայ: Ան աւելցուց, որ հայ նախարարներուն անունները պիտի առաջադրուին` նախարարութիւններուն յստակացումէն ետք: «Մենք կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը երբեք չենք խոչընդոտեր, բարդոյթներէ չենք տառապիր եւ այս կամ այն նախարարութիւնը չենք պահանջած, սակայն իբրեւ լիբանանահայ համայնք մենք կը պահանջենք, որ մեզի հետ վարուին իբրեւ իրաւունքներ ունեցող համայնք, ինչպէս է պարագան մնացեալ համայնքներունը», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն կը մերժէ ուժային նախարարութիւններու գոյութեան եւ այդ նախարարութիւնները որոշ համայնքներու եւ յարանուանութիւններու վերապահելու սկզբունքը:

Share this Article
CATEGORIES