Արթուր Աղաբեկեան Հասաւ Պէյրութ

Երէկ կէս գիշերուան ժամը 12:00-ին, Լիբանան ժամանեց Արցախի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան: Օդակայանին մէջ փոխվարչապետը դիմաւորեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան:

Յայտնենք, որ Արցախի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան գլխաւոր պատգամախօսը պիտի ըլլայ Արցախեան ազատագրական պայքարի 25-ամեակի ժողովրդային տօնակատարութեան, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր` երկուշաբթի, 4 մարտ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES