«Մնայուն Տեղափոխութիւններու Ենթարկուած Ժողովուրդները Իրենց Ապրած Տեղերը Պիտի Չսիրեն, Իսկ Ես Պիտի Շարունակեմ Խմել Եփրատի Ցեխոտ Ջուրը…» Հաստատեց «Ակօս»-ի Հայերէն Բաժինի Խմբագիր Սարգիս Սերոբեան
Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին եւ գործակցութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին ու Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին, շաբաթ, 2 մարտ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի մամլոյ 78-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր ««Ակօս» թերթն ու թաքուն հայերու երեւոյթը»` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչ Վարդան Ադամեանի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ատենապետ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանի, պատկան մարմիններու, միութիւններու եւ մամուլի ներկայացուցիչներու, տնօրէններու, կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտական խորհուրդի անդամ Մարիա Կարապետեան, որ նշեց, թէ «Ակօս»-ը հայկական մամուլի իրականութեան մէջ էական դեր ունի, իսկ թաքուն հայերու օրակարգը կը կարօտի ծանօթացման, ուսումնասիրութեան եւ մարտավարութիւններու որդեգրման: Կարապետեան ըսաւ, որ նոր սերունդը պէտք է լաւապէս ճանչնայ Թուրքիոյ ներքին իրավիճակը, հայութեան դժուարութիւնները եւ այս բոլորին մէջ ճշդէ իր կատարելիք պարտականութիւնները:
Ապա խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի արտադասարանային աշխատանքներու եւ հայագիտական բաժինի պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ Մեսրոպեան վարժարանի եւ «Ակօս»-ի միջեւ գործակցութիւնը ունի կրթական եւ ազգային բնոյթ, եւ վարժարանը իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ կը դնէ նպաստելու աշակերտութեան եւ շրջապատին ազգային, հոգեւոր եւ կրթական դաստիարակութեան ու համապատասխան մթնոլորտի ստեղծման:
Տեմիրճեան Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց «Ազդակ»-ին եւ «Գ. Նարեկացի» կեդրոնին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան նշեալ ծրագիրին եւ Սարգիս Սերոբեանի այցելութեան յաջողութեան: Րաֆֆի Տեմիրճեան նաեւ յոյս յայտնեց, որ այս նախաձեռնութիւնը առիթ կը հանդիսանայ պոլսահայ եւ լիբանանահայ ընկերութիւններու կապերու սերտացման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու կայացման:
Սարգիս Սերոբեան իր զեկուցումի սկզբնաւորութեան խօսեցաւ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք «Ակօս» թերթի իրավիճակին մասին: Ան նշեց, թէ թերթը սկզբնական շրջանին անցուց ցնցումային հանգրուան մը, սակայն այսօր վերահաստատուած է եւ կը շարունակէ Հրանդ Տինքին սկսած առաքելութիւնը: Սերոբեան ներկայացուց համշէնցիներու, Տերսիմի, Ատիամանի, Սասունի, Տիգրանակերտի եւ այլ շրջաններու մէջ ապրող թաքուն հայերու դիմագրաւած ընկերային, տնտեսական եւ աշխարհագրական պայմանները, անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու շրջանի իշխանութիւններուն հետ ունեցած յարաբերութիւնները:
Ան նշեց, որ համշէնցիները մինչեւ այսօր իրենց լեզուն կը պահպանեն եւ կառչած են իսլամութեան: Այս գծով զեկուցաբերը իր անհատական այցելութիւններու շրջագիծին մէջ փոխանցեց շարք մը վկայութիւններ եւ յուշեր, որոնց մէջ կը բացայայտուի կարգ մը մարդոց իրենց արմատներուն վերադառնալու ցանկութիւնը եւ հակառակ դիտակէտէ առկայ վախի մթնոլորտը:
«Ակօս»-ի հայերէն բաժինի խմբագիրը նաեւ անդրադարձաւ թաքուն հայերու իսլամացման աշխատանքներու ընթացքին, պատրիարքարանի եւ Հայաստանի իշխանութիւններու դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ նշեալ օրակարգի քաղաքական շահարկումներուն: Ան նշեց, որ Թուրքիոյ ընկերութեան մէջ հայութեան ինքնութիւնը ընդունելի դարձնելու խնդիր գոյութիւն ունի, սակայն Տինքին սպանութենէն ետք այս գծով մեծ յառաջխաղացք արձանագրուած է:
Սարգիս Սերոբեան ըսաւ. «Թուրքը հայրենասէր չէ եւ երբեք պիտի չըլլայ. կ՛ըսեն, որ եթէ այս երկիրը մենք չենք սիրեր, լքենք: Ես իմ անտառս չեմ վառեր, իսկ դուն (թուրք), որ անտառդ կը վառես, կը նշանակէ, որ այս երկիրը չես սիրեր, ուրեմն, դուն գնա՛: Մնայուն կերպով տեղափոխութիւններու ենթարկուած ժողովուրդները իրենց ապրած տեղերը պիտի չսիրեն, իսկ ես պիտի շարունակեմ խմել Եփրատի ցեխոտ ջուրը եւ բոպիկ պիտի քալեմ Վանայ լիճին շուրջը»: Աւարտին, Սերոբեան հարցումներուն ընդմէջէն նիւթին շուրջ ներկաներուն փոխանցեց յաւելեալ լուսաբանութիւններ:


