ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Վահրամ Փափազեան» Թատերախումբը Մեծ Վարպետութեամբ Բեմ Հանեց «Եզովբոսը» Թատերախաղը
Անցնող շաբաթավերջին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ հանդէս եկաւ Կիլերմէ Ֆիկեյրետոյի «Եզովբոսը» կատակերգութեամբ` բեմադրութեամբ փրոֆ. Երուանդ Ղազանճեանի:
60 տարիներէ ի վեր սոյն թատրերգութիւնը կը շրջի աշխարհի բեմերուն վրայ: Միայն Հայաստանի մէջ ներկայացուած է 9 անգամ: Նիւթը շատ կը յարմարի մերօրեայ կեանքին: Ոչ ոք իրաւունք ունի մէկու մը ազատութիւնը արգելակելու: Հոս կը տեսնենք, որ գեղեցկութիւնը արտաքին չէ, այլ սրտին եւ հոգիին մէջ է:
Արդարեւ, մէկուկէս ամսուան ամէնօրեայ փորձերէն ետք բեմադրիչ փրոֆ. Երուանդ Ղազանճեանի հսկողութեան ներքեւ Արփի Սողոմոնեան-Գարամանուկեան, Քրիսթինա Սրապոնեան, Յարութ Մանուկեան, Յարութ Թորոսեան, Յովակիմ Քէշիշեան, Վիգէն Քէօշկերեան մարմնաւորեցին իրենց վստահուած կերպարները` արժանանալով հանդիսատեսներուն գնահատանքին:
Նշենք, որ թատերախումբի ելոյթները կարելի է դիտել նաեւ յառաջիկայ շաբաթավերջին` ուրբաթ, 8 շաբաթ, 9 եւ կիրակի, 10 մարտ 2013-ին:

