Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Արձանագրեց Իր 11-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 2 մարտին, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ Անուար հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Պէյրութը:

ՀՄԸՄ, որ նախքան իր այս մրցումը կատարելը արձանագրած էր տասը յաջորդական յաղթանակ, արձանագրեց իր 11-րդ յաղթանակը, երբ 108-35 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը:

Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 8-29, 4-23, 9-35 եւ 14-21:

ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մարիօ Ապպուտ (24), ապա յաջորդաբար` Ռուտի Ֆարրաժ (21), Ռոպեր Պու Տաղեր (14), Ռամզի Ամարէտտին, Ճօ Ղաթթաս (12-ական), Ռալֆ Աքըլ (10), Յարութ Տեկիրմենճեան (9) եւ Երուանդ Աւագեան (7):

Դարձի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` երեքշաբթի, 5 մարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Սանթրալի դէմ: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ վերջինիս դաշտին (Ժունիէ) վրայ եւ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )