Նախագահ Ասատ Այլ Երկիրներու Կարգին Կը Քննադատէ Նաեւ Թուրքիան` Ընդդիմադիրներուն Զօրակցելուն Համար
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ վերահաստատեց իր կեցուածքները` շեշտելով, որ ինք իշխանութեան գլուխ պիտի մնայ մինչեւ 2014-ի նախագահական ընտրութեան ժամկէտը: Ան բուռն կերպով քննադատեց կարգ մը երկիրներու, յատկապէս` Թուրքիոյ, Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ զօրակցութիւնը Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն: Ան նաեւ քննադատեց Բրիտանիան, Ֆրանսան ու Միացեալ Նահանգները, որոնք կը շարունակեն զէնք ու դրամ հայթայթել զինեալ խմբակներուն: Ան Սուրիոյ տագնապին լուծումը նկատեց քաղաքական ելքով` նշելով, որ ինք նախապէս ալ յայտարարած է այս ուղղութեամբ հիմնական երկու քայլ.
1) Երկխօսութեան հրաւէր:
2) Պայքար ահաբեկչութեան դէմ:
Բրիտանական «Սանտէյ Թայմզ»-ին մէջ երէկ լոյս տեսած իր հարցազրոյցին ընդմէջէն նախագահ Ասատ կոչ ուղղեց երկխօսութեան նստելու` նշելով, որ Սուրիա օտար զինեալներու պէտք չունի իր երկրին պաշտպանութեան համար: «Բանակը կը կատարէ իր դերը` երկիրը պաշտպանելով ընդդիմադիր, խռովարար ահաբեկիչներու դէմ», ընդգծեց Ասատ:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ շաբաթավերջին Թեհրան կատարած իր այցելութեան առիթով միացեալ մամլոյ ասուլիս մը տուաւ իրանցի իր պաշտօնակիցին` Ալի Աքպար Սալեհիի հետ: Մոալլեմ վերահաստատեց, որ նախագահ Ասատ պիտի մնայ մինչեւ իր պաշտօնավարութեան աւարտը` օգոստոս 2014: Ան կրկին կոչ ուղղեց ընդդիմադիրներուն երկխօսութեան նստելու իշխանութեան հետ` ընդգծելով, որ սուրիական պետութիւնը պատրաստ է ձեռք երկարելու ներքին թէ արտերկրի ընդդիմադիրներուն, որոնք կ՛ուզեն երկխօսութեան ճամբով լուծել հարցը:
Ան անհրաժեշտ նկատեց Թուրքիոյ, Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի դադրեցնեն իրենց զօրակցութիւնը ընդդիմադիրներուն:
«Թուրքիա ճնշում կը բանեցնէ ընդդիմադիր կարգ մը կողմերու վրայ, որ խուսափին երկխօսութեան նստելէ», աւելցուց Մոալլեմ` նշելով, որ ան իրանցի պատասխանատուներուն փոխանցած է Մոսկուայի մէջ վերջերս իր ունեցած խորհրդակցութեանց տրամադրութիւնները: «Սուրիա համաշխարհային արշաւի կ՛ենթարկուի` ղեկավարութեամբ Միացեալ Նահանգներու, եւ ասիկա ի նպաստ Իսրայէլին է», ընդգծեց Մոալլեմ:
Իր կարգին, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Սալեհի քննադատեց այն երկիրները, որոնք կ՛արգելակեն սուրիական տագնապի խաղաղ լուծման փորձերը` վերահաստատելով, որ նախագահ Ասատ պիտի մնայ իշխանութեան վրայ, մինչեւ նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւն:
ՆՈՅՆ ծիրին մէջ, Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ երէկ ընդգծեց, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման բանալին կը գտնուի ազգային համերաշխութեան եւ երկխօսութեան իրականացման մէջ:

