Եգիպտացի Ցուցարարներ Կ՛ուշացնեն Ճոն Քերրիի Մեկնումը
Եգիպտացի ցուցարարներ շաբաթավերջին փակեցին օդակայանի ճամբան` բողոքելով շրջանին մէջ ամերիկեան քաղաքականութեան դէմ: Ճոն Քերրի, որ շրջանին մէջ կատարած իր շրջապտոյտի ծիրին մէջ հասած էր Եգիպտոս, խորհրդակցութիւններ ունեցած էր նախագահ Մուրսիի, պաշտպանութեան նախարարին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ: Քերրիի խորհրդակցութեանց առանցքը կազմած էր շրջանի հրատապ հարցերը, յատկապէս` սուրիական տագնապը:
CATEGORIES Միջազգային

