Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՖՐԱՆՍԱՅԻ մէջ արգելափակուած լիբանանցի Ժորժ Ապտալլայի ազատ արձակումը պահանջող միջազգային արշաւը երէկ կատարեց նստացոյց մը, որուն ընթացքին բողոքեց Ապտալլայի ազատ արձակման վճիռը յառաջիկայ 21 մարտին յետաձգելու որոշումը` խստիւ դատապարտելով անոր հարցին մէջ արձանագրուած ձգձգումի քաղաքականութիւնը:
ՍՈՒՐԻ բանտին 70 արգելափակեալները երէկ խուլիկանութիւն կատարեցին բանտին մէջ եւ բողոքի արտայայտութիւններ ունեցան` մերժելով բանտարկեալներէն մէկուն դէպի Սուրի բանտ վերադարձը: Բանտարկեալները հրկիզեցին բանտին զանազան բաժինները` բողոքի իբրեւ արտայայտութիւն:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ քրիստոնեաները պէտք է բողոքի ցոյցեր կազմակերպեն, եթէ Ուղղափառ հանդիպումի ընտրական օրինագիծը չվաւերացուի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Քֆարհըթթիի Մար Եուհաննա Մարուն վանքին մէջ մատուցած իր պատարագին ընթացքին յայտնեց, որ Պենետիկտոս ԺԶ. պապը հրաժարելու իր որոշումով զոհողութեան գագաթնակէտին հասած է` շեշտելով, որ իրենք կ՛աղօթեն Աստուծոյ` իրականացնելով պապին փափաքները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ ժամանակի իմաստով ոչ ոք կրնայ պարտադրել իրենց` մնալու 1960-ի ընտրական օրէնքին վրայ եւ անոր հիման վրայ կատարելու երեսփոխանական ընտրութիւնները: Ան աւելցուց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները մէկ կամ երկու ամիսով յետաձգելու կարելիութիւնը առկայ է, որովհետեւ անիկա թեքնիք յետաձգում է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Հըզպալլայի կողմէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի դէմ բանեցուած ճնշումները պիտի օժանդակեն, որ Պըրրի վաւերացնէ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը:
ԼԻԲԱՆԱՆ-Սուրիա սահմանամերձ շրջանի քրիստոնէական գիւղ մը ենթարկուած է ռմբակոծումի, որուն պատճառով սպաննուած է Ղասսան Ազիզի անունով քաղաքացի մը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Նաուար Սահիլի յայտնեց, որ ոմանք կը փորձեն քանդել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ իւրաքանչիւր քայլափոխի պարագային պատրաստ են ամբաստանելու Հըզպալլան:
ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիփ Լալիօ յայտնեց, որ Փարիզ կը շարունակէ զօրակցիլ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը վաւերացնելու առնչութեամբ ցուցաբերուած մերժումը անընդունելի է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կարելի է յետաձգել միայն խորհրդարանին կողմէ հրապարակուած օրէնքով մը:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ սուրիացի ընդդիմադիրներ սպառնացած են սուրիական վարչակարգին զօրակից լիբանանցի անձնաւորութիւններու:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ իրենք ոչ մէկ ձեւով եւ ոչ մէկ պայմանի տակ պիտի ընդունին երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել 1960-ի ընտրական օրէնքին համաձայն:

