Շէյխ Շահհալ Կը Սպառնայ Բանակին
Լիբանանի մէջ սալաֆական շարժումի հիմնադիր, իսլամ քարոզիչ շէյխ Շահհալ շաբաթավերջին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին խստիւ դատապարտեց լիբանանեան բանակին վարուելակերպն ու գործունէութիւնը` շեշտելով, որ կա՛մ բանակայինները կը փափաքին սիւննի համայնքին հետ ընդհարումներ ունենալ եւ կա՛մ ալ այն է, որ բանակը ստիպուած է ենթարկուելու արտաքին որոշումներու:
Շէյխ Շահհալ յայտնեց, որ անկարելի է ընդունիլ, որ Լիբանանի մէջ ամէն տեսակի անարդարութիւն սիւննի համայնքը ինք կրէ` աւելցնելով, որ իրենք ալ արժանապատուութիւն ունին եւ մնայուն կերպով դանակը լայնքին կուլ տալու պատրաստ չեն:
CATEGORIES Լիբանանեան

