Թաղապետական Եւ Քաղաքապետական Մասնակի Ընտրութիւններ Լիբանանեան Տարբեր Գիւղաքաղաքներու Մէջ

Լիբանանեան տարբեր գիւղաքաղաքներու մէջ երէկ տեղի ունեցան քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններ, որոնց ընթացքին քուէարկութեան համեմատութիւնը հասաւ շուրջ 60 առ հարիւրի` Քըպէյաթի մէջ, իսկ 56 առ հարիւրի` Պիրէի մէջ:

Ներքին գործոց նախարարութեան հրապարակած պաշտօնական արդիւնքներուն համաձայն, ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը իւրաքանչիւր գիւղաքաղաքի մէջ ստացած է հետեւեալ պատկերը.

Քըպէյաթ` 60 առ հարիւր, Պիրէ` 56 առ հարիւր, Ռիմահ` 22 առ հարիւր, Քրում Արապ` 69 առ հարիւր, Սահլէ` 62 առ հարիւր, Քըլէյաաթ` 58 առ հարիւր, Զահլէի Նասիրիէ գիւղաքաղաք` 48 առ հարիւր, Հերմել` 52 առ հարիւր, Ռաշայա` 49 առ հարիւր, Մեթն` 59 առ հարիւր, Քըրնայէլ` 38 առ հարիւր, Ալէյ` 63 առ հարիւր, Շուֆ` 53 առ հարիւր, Քֆարհունա` 30 առ հարիւր:

Բոլոր շրջաններուն մէջ ընտրութիւնները ընթացան հանդարտ մթնոլորտի մէջ, առանց միջադէպերու եւ կատարեալ ժողովրդավարութեամբ:

Նշենք, որ Պիրէի մէջ երեկոյեան արձանագրուեցաւ ապահովական միջադէպ մը, երբ քաղաքացիներ զիրար խոշտանգելու փորձեր կատարեցին` սխալ ընտրացանկի ի նպաստ քուէարկած ըլլալնուն համար: Սակայն լիբանանեան բանակը անմիջապէս միջամտեց եւ հակակշիռի տակ առաւ կացութիւնը:

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյ շրջեցաւ քուէարկութեան կեդրոնները, ուր ստուգեց ընտրութիւններուն ընթացքը: Ան յայտնեց, որ այս ընտրութիւնները փաստ են, թէ Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութիւնը շատ առողջ վիճակի մէջ է:

Շարպել հաստատեց, որ անհրաժեշտ է ամէն ջանք ի գործ դնել` զարգացնելու համար գիւղաքաղաքները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )