Բաց Նամակ` Պէյրութի Բնակիչներուն

Սիրելի՛ բնակիչներ,

Անհրաժեշտ կը նկատեմ մեկնաբանել այսօր մեր նշմարած իրադարձութիւնները, որոնք մեր առօրեային եւ մեր սիրելի մայրաքաղաքին վրայ կ՛ունենան իրենց ազդեցութիւնը:

Ֆասսուհի Աթալլա փողոցին վրայ 2012-ին արձանագրուեցաւ աղէտ մը, որուն պատճառով մեծ թիւով լիբանանցի քաղաքացիներ զոհուեցան: Մարդկային այդ աղէտը եւ քաղաքացիներուն կորուստը մեր սրտերուն մէջ ձգեց խոր ցաւ մը:

Պէյրութի քաղաքապետութիւնը երէկ մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ սկսաւ կուպրապատումի աշխատանքին եւ այդ աշխատանքը քաղաքապետութեան կողմէ քաղաքացիին ծառայութեան համար նուազագոյնն է, որ պէտք է կատարուի:

Իսկ Պէյրութի մէջ քաղաքապետութեան կողմէ կատարուած բոլոր աշխատանքները մայրաքաղաքի բնակիչներուն համար կը կատարուին եւ ոչ ոք պէտք է քաղաքացիին

ուշադրութեան յանձնէ, թէ այդ աշխատանքը անոր համար կատարուած է, որովհետեւ անիկա քաղաքապետարանին կողմէ կատարուած տարրական  աշխատանք մըն է:

Հոս անհրաժեշտ է նշել, որ կատարուած բոլոր աշխատանքներն ու բարեկարգումները կը գործադրուին քաղաքացիներուն կողմէ քաղաքապետարանին վճարուած տուրքերուն ընդմէջէն` նկատի ունենալով բնակարանային վարձքի նպատակով գանձուող 7,5 առ հարիւրի, վաճառատնային վարձքի նպատակով գանձուող 8,5 առ հարիւրի, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն կողմէ վճարուող այլ տուրքերը:

Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` հարց կու տամ ձեզի, տուրքեր վճարելու բեռին տակ կքած քաղաքացիներ, արդեօք այս աշխատանքները քաղաքապետարանին գործունէութեան մաս չե՞ն կազմեր: Քաղաքապետարանը յաւելեալ աշխատանքներու պէտք չէ՞ նախաձեռնէ` ձեզի լաւագոյնս ծառայելու եւ մայրաքաղաքին կենսամակարդակը բարձրացնելու համար:

Հետեւաբար կը խնդրեմ ձեզմէ, որ այս կամ այն անձնաւորութեան, կուսակցութեան կամ քաղաքապետութեան շնորհակալութեամբ չտարուիք ճամբաներու սովորական կուպրապատումի մը համար, որովհետեւ անիկա քաղաքապետարանին նուազագոյն պարտականութիւնն է:

Իսկ Պէյրութի վերաշինութեան ու կենսամակարդակի բարգաւաճման եւ Պէյրութի քաղաքացիներուն ու բոլոր լիբանանցիներուն ծառայութեան առաքելութիւնը կ՛իյնայ քաղաքապետական խորհուրդին աշխատանքներուն ծիրին մէջ` նկատի ունենալով, որ քաղաքապետական խորհուրդը այդ նպատակով կազմուած է:

Օր մը օրանց դուք նշմարա՞ծ էք ցուցանակներ ու պաստառներ, որոնք կը կրեն բժիշկներու, իրաւաբաններու, դերձակներու, մաքրութեամբ ու նորոգութեամբ զբաղող մարդոց ուղղուած շնորհակալական խօսքեր: Քաղաքապետական աշխատանքները կարեւոր են, ինչպէս բոլոր այլ աշխատանքները, իսկ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդը պէտք է իր ծառայութիւններով գոհացնէ մայրաքաղաքի բնակիչները` առանց սպասելու, որ անոնք շնորհակալութիւն յայտնեն, շնորհակալական պաստառներ բարձրացնեն եւ կամ արդէն զզուանք պատճառող ցուցական քայլերու դիմեն:

Այս յստակացումը անհրաժեշտ է, մուտք գործելու համար Պէյրութի մէջ իրականանալիք հաստատութենական ճշգրիտ եւ արդիւնաբեր աշխատանքին:

ՅԱԿՈԲ ԹԵՐԶԵԱՆ
Պէյրութի Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ

 

1 մարտ, 2013

 

 

Share this Article
CATEGORIES