Միքաթի Այցելեց Հանրապետութեան Եւ Խորհրդարանի Նախագահներուն
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի մէկ պատուիրակութեան հետ իր ունեցած հանդիպումին մանրամասնութիւնները:
Միքաթի Պըրրիին ըսաւ, թէ խորհուրդէն խնդրած է վերջ տալ նստացոյցերուն եւ խոստացած պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը քննարկել 21 մարտէն ետք տեղի ունենալիք կառավարութեան նիստերուն ընթացքին:
Այն Թինէէն մեկնումի պահուն, վարչապետ Միքաթի պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը երբեք թոյլ վարուելակերպ պիտի չցուցաբերէ ապահովական կացութեան առումով: Ան հաստատեց, որ երկրին մէջ սադրանքներու նախապատրաստութիւնը արգիլուած է եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը խզելը կարմիր գիծ է:
Վարչապետ Միքաթի այցելեց նաեւ նախագահական պալատ, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ յառաջիկայ երեքշաբթի օր կառավարութեան գումարելիք նիստին յատուկ օրակարգը:
Վարչապետարանին Մէջ
Միւս կողմէ, Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ եւ
Սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ:
Հանդիպումէն ետք Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ վարչապետին հետ հանդիպումը ձախող էր` աւելցնելով, որ խորհուրդը իր նստացոյցերը պիտի շարունակէ նաեւ այս շաբթուան ընթացքին եւ պիտի որդեգրէ մագլցողական քայլեր:
Աւելի ուշ, Մահֆուտ յայտնեց, որ շատ հաւանաբար այս շաբթուան ընթացքին նստացոյցերը կատարուին յետմիջօրէին` նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ վարչապետը հանրապետութեան նախագահին խոստացած է իրենց պահանջները վերջնականացնել` ափրիկեան երկիրներ կատարելիք իր շրջապտոյտը աւարտելէ եւ Լիբանան վերադառնալէ ետք:



