Սայտա Կը Մնայ Ապահովական Խիստ Միջոցառումներու Ներքեւ. Բանակը Կ՛արգիլէ Սայտայի Հրապարակին Վրայ Շէյխ Ասիրի Յայտարարած Նստացոյցը

Սայտայի Ապրա շրջանին մէջ անցեալ շաբաթավերջին Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր կատարեց երկու նստացոյցեր, որոնց ընթացքին բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ արգիլուեցաւ լրատուամիջոցներուն մուտքը մզկիթ:

Բանակը եւ ներքին ապահովութեան ուժերը դիրքաւորուած մնացին այդ շրջանին մէջ եւ որդեգրեցին ապահովական արտակարգ միջոցառումներ:

Շէյխ Ասիր անդրադառնալով այդ իրականութեան յայտնեց, որ իրենք ենթարկուած են տեղեկատուական եւ ապահովական շրջափակումի` աւելցնելով, որ սիւննի համայնքը Լիբանանի մէջ իբրեւ ամէնէն տկար համայնքը դուրս պիտի չգայ:

Շէյխ Ասիր բարձր գնահատեց Սայտայի հրապարակին վրայ նահատակուած եւ հոն թաղուած իր հետեւորդներուն յիշատակը եւ իր շուրջ համախմբուած հետեւորդները այլ ցոյցի մը հրաւիրեց կիրակի կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին:

Մաքսար Ապըտի հրապարակին վրայ բանակը երէկ յետմիջօրէին որդեգրեց ապահովական միջոցառումներ եւ փակեց դէպի հրապարակը տանող չորս ճամբաները, երբ շէյխ Ասիր եւ անոր համակիրները որոշեցին այցելել նահատակներ Լուպնան Ազզիի եւ Ալի Սամհունի դամբարանները, որոնք կը գտնուին Սայտայի հրապարակին վրայ:

Ապահովական միջոցառումներուն շրջագիծին մէջ բանակը արգիլեց հիւսիսային Լիբանանէն Սայտա ուղղուող երկու պասերուն Մաքսար Ապըտի հրապարակ մուտքը:

Շէյխ Ասիր կոչ ուղղեց իր համակիրներուն ուղղուելու Սայտայի Պըզրի մզկիթը, ուր արտասանեց խօսք մը:

Տահեր Կը Զգուշացնէ

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր զգուշացուց Հըզպալլան շէյխ Ահմետ Ասիրը թիրախ դարձնելէ` աւելցնելով, որ եթէ շէյխ Ասիր ուղղակի կամ անուղղակի թիրախ դառնայ, ապա Հըզպալլայի եւ սիւննի համայնքին միջեւ ճակատումներ պիտի բռնկին, որովհետեւ շէյխ Ասիր առանձին չէ ձգուած:

Տահեր լիբանանեան պետութենէն պահանջեց բոլորին հետ արդարութեամբ վարուիլ եւ եզրափակեց ըսելով, որ Հըզպալլա պէտք չէ մտածէ զիրենք պարտութեան մատնելու մասին, որովհետեւ իրենք ամէն գնով պիտի պայքարին անոր դէմ:

Սաատ. «Պիտի Չարտօնենք, Որ Սայտան
Վերածուի
Ներքին Գժտութիւններ Ապրող
Քաղաքի
Մը Եւ Պիտի Ձախողեցնենք Սադրանքները»

Միւս կողմէ, Նասըրական շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ իր համակիրները հրաւիրած էր քայլարշաւի մը, որ տեղի ունեցաւ երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

Քայլարշաւին ընթացքին բողոք յայտնուեցաւ ամէն տեսակի ծայրայեղութեան եւ զինեալ երեւոյթներու դէմ:

Սաատ յայտնեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ Սայտան վերածուի ներքին գժտութիւններ ապրող քաղաքի մը եւ պիտի ձախողեցնեն սադրանքները:

«Սայտան արաբականութեան, ժողովրդավարութեան ու հանդուրժողականութեան մայրաքաղաքն է եւ համայնքային լարուածութիւնները արգիլուած են հոն, որովհետեւ անիկա ազգային միասնականութեան քաղաքն է», շեշտեց Ուսամա Սաատ:

Նշենք, որ իսրայէլեան բռնագրաւումէն Սայտայի ազատագրման 28-ամեակին առիթով կազմակերպուեցաւ ձեռնարկ մը` Ռաֆիք Հարիրիի անուան դպրոցին մէջ:

Հանդիսութեան ընթացքին խօսք արտասանեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, որ շեշտեց, թէ անհրաժեշտ է Սայտան բոլորին համար բաց շրջան մը պահել:

Ան դատապարտեց երկրին մէջ բնակող բոլոր կողմերուն դէմ գործուած յարձակումները` շեշտելով, որ անոնք բոլորը Սայտայի բնակիչներն են եւ Սայտայի զաւակներն են, այնքան ատեն որ անոնք քաղաքին օրէնքները կը յարգեն:

«Մենք անհամաձայն ենք Լիբանանի պետական հաստատութիւններուն դէմ, ըլլան անոնք ապահովական թէ դատական, գործուած յարձակումներուն: Մենք խստիւ կը մերժենք Սայտայի մէջ զինեալ երեւոյթները: Լիբանանեան պետութիւնը պէտք է օրէնքը բոլորին վրայ գործադրէ, որովհետեւ անոր կողմէ արձանագրուած ձգձգումն ու թուլամորթ վարուելակերպը կը վատթարացնէ երկրին կացութիւնը», ըսաւ Սինիորա:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES