50 Տարի Առաջ (5 Մարտ 1963)

Կաթողիկոսական Տեղապահ Խորէն Արք.
Երէկ
Առտու Այցելեց Նախագահ Շեհապի

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դիւանէն ստացանք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-

Երէկ, 4 մարտ 1963, երկուշաբթի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Կաթողիկոսական տեղապահ Խորէն արք., ընկերակցութեամբ Ճեզիրէի Հայոց առաջնորդ Տաճատ արք.-ի, Թեհրանի հայոց թեմին առաջնորդ Արտակ արք.ի Յունաստանի Հայոց առաջնորդ Սահակ եպիսկոպոսի եւ պետական երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեանի, Խաչիկ Պապիկեանի, Սուրէն Խանամիրեանի եւ Վարդգէս Շամլեանի եւ գաւազանակիր Եզնիկ աբեղայի, մասնաւոր ժամադրութեամբ, ընդունուեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ֆուատ Շեհապի կողմէ Սարպայի նախագահական ապարանքին մէջ:

Նորին վսեմութիւնը Զարեհ Ա. կաթողիկոսի վախճանման առթիւ իր ցաւակցութիւնները կրկին յայտնելէ եւ տեղապահ սրբազանին տեղապահական ընտրութիւնը շնորհաւորելէ ետք, մաղթեց, որ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը շուտով օժտուի նոր գահակալով մը:

Ի պատասխան նորին վսեմութեան մաղթանքներուն, տեղապահ սրբազանը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց նորին վսեմութեան, որ իր ներկայացուցչին միջոցաւ եւ ապա անձամբ Անթիլիաս գալով բաժնեց վիշտը եւ սուգը միաբանութեան եւ հայ ժողովուրդին եւ մաղթանքներ ըրաւ Նորին վսեմութեան արեւշատութեան ու երջանկութեան եւ Լիբանանի բարգաւաճման ու բարօրութեան համար:

 

Փոթորիկ, Անձրեւ Եւ Ձիւն
Լիբանանի
Մէջ

Երթեւեկը Խանգարուեցաւ
Խալտէի
Օդակայանին Մէջ

Երէկ ամբողջ օրը փոթորիկը, անձրեւն ու ձիւնը դադար չունեցան Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ:

Այս գէշ օդը, որ կը վերաբերի ամբողջ Միջերկրականին, արդիւնք է Ռուսիայէն եկած ցուրտ օդի հոսանքի մը:

Երէկ առտու ջերմաչափը զերոյէն վար 30-ի իջած էր Մոսկուայի մէջ: Ժխտական ջերմութիւններ արձանագրուեցան նաեւ ամբողջ Իտալիոյ մէջ, իսկ ձիւն` Թուրքիոյ:

Ցուրտ օդի ալիքը այսօր պիտի յարատեւէ Լիբանանի մէջ, բայց վաղանցուկ կերպով երկինքը երբեմն պիտի բացուի: Ջերմութեան աստիճանը պիտի իջնէ: Ձիւն կրնայ տեղալ 800 մեթրէն սկսեալ:

Երէկ ժամը 100 հանգոյց արագութեամբ (բնականը 10-15 հանգոյց) արագասոյր հով մը կը փչէր Խալտէի օդակայանին մէջ, ինչ որ պատճառ դարձաւ երթեւեկի խանգարման:

Եգիպտոսէն եկած օդանաւ մը ստիպուեցաւ վերադառնալ Գահիրէ: Եւրոպայէն եկած օդանաւեր եւս այլ օդակայաններ ուղղուեցան:

Share this Article
CATEGORIES