«Ազդակ»-ի Աստիճանական Վերելքի Հանգրուանները. «Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

«Ազդակ» այսօր 86 տարեկան է: 86 տարուան իր առաքելութեան ճամբուն վրայ «Ազդակ» երկար ճանապարհ կտրած է, եւ այսօրուան համակարգչային, կայքէջերու, արագ լրատուութեան եւ օրը օրին թղթակցութիւններու պայմաններուն տակ անիկա միշտ մնացած է իր առաքելութեան մէջ:

«Ազդակ» լիբանանահայ, ինչպէս նաեւ սուրիահայ գաղութի յետեղեռնեան շրջանի պատմութեան համար սկզբնաղբիւրի դեր կատարած է եւ միշտ քայլ պահած է օրուան պահանջներուն հետ:

«Ազդակ»-ի էջերուն մէջ մանրամասնօրէն եւ հարազատ կերպով ներկայացուած է քէմփերու երբեմնի խղճուկ կեանքը: «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ վաւերական տուեալներ պահպանուած են հայահոծ թաղերու կազմաւորման եւ եկեղեցիներու կառուցման մասին: Հետագային «Ազդակ» արձագանգ հանդիսացաւ լիբանանահայ գաղութի վերելքին: Քաղաքացիական պատերազմի եւ հայահոծ թաղերու ինքնապաշտպանութեան ամբողջական տարեգրութիւնը արձանագրուած է «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ:

«Ազդակ» երբեմնի իր համեստ պայմաններէն հասած է այսօրուան վիճակին: Տառերը ձեռքով շարելու օրերէն անցնելով կապարի հանգրուանին` հասնելով համակարգիչի դարուն: «Խոր վիրապեան» երբեմնի նկուղը այսօր փոխարինուած է բարեկարգ տպարանով ու խմբագրատունով: Իր կայքէջով եւ համացանցային ընկերային էջերով «Ազդակ» կը հասնի երիտասարդութեան: Յիշենք նաեւ մանկապատանեկան հրատարակութիւններն ու յաւելուածները: Յիշատակութեան արժանի են նաեւ «Ազդակ»-ի կազմակերպած մամլոյ լսարանները` ազգային, մշակութային, լրատուական, լիբանանեան, քաղաքական, հայրենի կեանքի, Արցախի, Ցեղասպանութեան եւ Հայ դատի վերաբերեալ բազմաբնոյթ նիւթերով: Յիշենք նաեւ «Փիւնիկ» սրահը, ուր պարբերաբար լսարաններ եւ ձեռնարկներ կը կազմակերպուին:

«Ազդակ»-ի յառաջիկայ ծրագիրներուն մաս կը կազմէ մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնի մը հաստատումը, երիտասարդ հայ ուսանողներէն ապագայ լրագրողներ պատրաստելու նպատակով:

***

«Ազդակ»-ի 86 տարուան ծառայութեան ընդմէջէն  յետադարձ ակնարկով եւ գնահատականը կատարելով թերթին պատմական հոլովոյթին եւ անցնող տարիներու նուաճումներուն, վաւերական նշանակութիւն ունի «Ազդակ»-ի 25-ամեակին առիթով լոյս տեսած բացառիկ թիւը, «Ազդակ»-ի վեց հազարերորդ թիւը, ինչպէս նաեւ նոյն առիթով «Ազդակ»-ի եւ հայկական այլ թերթերու մէջ լոյս տեսած յատուկ խմբագրականները:

Պոսթընի «Հայրենիք» օրաթերթը 1 ապրիլ 1952-ի թիւով յատուկ խմբագրական մը նուիրած է «Ազդակ»-ի 25-ամեակին, ուր կ՛ըսուի.

«Թերթի 25-ամեակը պատմական նշանակութիւն ունի, մասնաւորապէս հայ կեանքին մէջ: Հասկնալի է ասիկա: Թերթի մը հրատարակութիւնը յանդգնութիւն է, տրուած ըլլալով անոր նիւթական, հանրային եւ բարոյական ծանր պատասխանատուութիւնները: Իսկ Լիբանանի նման դժուարին կեանք ունեցող երկրի մը մէջ, ջարդերէն ու հալածանքներէն խուսափած բազմութիւններուն համար թերթ հրատարակելը` կրնանք ըսել, թէ արկածախնդրութիւնն է, իբրեւ ձեռնարկ, եւ առաքելութիւն` իբրեւ բարոյական ու գաղափարական գործ:

Ետ գնացէք քառորդ դար, եթէ կրնաք, եւ պատկերացուցէք հայկական կեանքը այդ հիւրընկալ երկրին մէջ,- Հայ բազմութիւններ` Կիլիկիոյ տարբեր վայրերէն ու հրդեհներէն հազիւ ճողոպրած, դեռ ահաբեկ մթնոլորտի մէջ. կիսամերկ, թշուառ բազմանդամ ընտանիքներու զանգուածներ, որոնք ամէն բան լքած, նոր կեանք մը կերտելու անհնարին ջանքերը կ՛ընեն, փոքրիկ երկրի մը մէջ, ուր տեղաւորուած են խրճիթներու, թիթեղեայ տուներու եւ գաղթակայաններու մէջ, անստուգութեան մատնուած: Ո՞ւր պիտի երթան, ի՞նչ գործի պիտի ձեռնարկեն եւ ինչպէ՞ս պիտի ապրին ու ապրեցնեն` օտար երկինքի մը տակ, դժուարին պայմաններէ շրջապատուած:

Այս տագնապալի հարցումներով լեցուած թուականի մը մէջ է, որ թերթ մը կը հրատարակուի, սրտապնդումի կոչ ուղղելու, խուճապահար բազմութիւնները կազդուրելու համար: Արձագանգ ըլլալով անոնց մտահոգութիւններուն ու տրտունջներուն եւ գործի հրաւիրելով հանրային կենդանի ուժերը:

Այդ թերթը եղաւ «Ազդակ»-ը, գաղափարական օրկան մը, որ հայերէն խօսեցաւ` մեծ մասով թրքախօս բազմութիւններուն հետ, հայերէն գիրը սիրելի դարձուց, հայ մշակոյթի հետ, հաւատք ներշնչեց վաղուան հանդէպ եւ գործակցեցաւ հանրային այլ ուժերու, Լիբանանի ու Սուրիոյ հայ կեանքը կազմակերպելու դժնդակ աշխատանքներուն:

Հա՞րկ է ըսել, որ առաջին օրերուն, անապատին մէջ ձայնի մը տպաւորութիւնը թողած է այս թերթը, որ սակայն հետզհետէ ունկնդրուած է եւ փնտռուած: Իր շուրջ հաւաքած է երիտասարդ, մտաւորական ու նուիրուած ուժեր, որոնք լծուած են աշխատանքի, սիրտ ու հաւատք ներշնչած զանգուածներուն եւ սէր ու գուրգուրանք` հայ լեզուին, գրականութեան, մշակոյթին ու հայ հայրենիքին ու դատին հանդէպ:

«Ազդակ»-ի պատմութիւնը Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ գաղութի պատմութիւնն է:

Այսօր, Լիբանանի հայութիւնը մեր լաւագոյն, ազգաշունչ գաղութներէն է, իր կազմակերպուած ազգային մարմիններով, մշակութային ու մարզական միութիւններով, տնտեսական ուշագրաւ բարգաւաճութեամբ, կրթական հաստատութիւններով, իր եկեղեցիներով, ինչպէս նաեւ տեղացի ժողովուրդին ու իշխանութեանց հետ իր հաստատած սերտ բարեկամութեամբը:

Այդպէս չէր երէկ, այսինքն` 25 տարի մը առաջ, երբ ամէն բան կազմալոյծ էր, երբ թշուառութիւնը տիրական էր եւ հայ կեանքը, ծուարած խրճիթներու մէջ, յուսահատ պահեր կ՛ապրէր:

Սփիւռքի հայ գաղութներէն որեւէ մէկէն աւելի` Լիբանանի հայ գաղութը արտասովոր վերելք մը ունեցաւ, որուն մասնակից եղաւ այս ժողովրդական օրկանը:

Իր գոյութիւնը պատիւ կը բերէ որեւէ գաղութի, ոչ միայն անոր համար, որ իր էջերուն մէջ խտացած կրնանք գտնել քառորդ դարու ազգային ու մշակութային գործունէութիւնը, հայոց նորագոյն պատմութենէն ու ազգային-քաղաքական գործունէութենէն լայն բաժիններ, այլեւ անոր համար որ իր կեանքին մէջ կը գտնենք ամէնէն աւելի ազգային հարազատ ոգի եւ ճշմարիտ գաղափարապաշտութիւն: Զոհողութիւն եւ հաւատք` մեր ժողովուրդին հանդէպ: Հաւատարմութիւն` ազգային վսեմ գաղափարականներու, նուիրում` ազգային սրբութիւններու:

Այս ոգին ու ճիգը կը շարունակուին այսօր, եւ «Ազդակ»-ի հրատարակիչները կրնան ըսել, թէ կատարած են իրենց հանրային պարտքը, պատուով ու բարեխղճութեամբ: Հայ լրագրութեան պատմութեան մէջ «Ազդակ» իրաւունք ունի պատուոյ տեղ գրաւելու: Արդար իրաւունք, որովհետեւ մանաւանդ հանրային օրկաններուն համար դիւրին չէ հաւատարիմ մնալ որդեգրուած գաղափարականներու: Դժուար է հանրային ծառայութեան շարունակումը` անխարդախ կերպով այդ դժնդակ պայմաններուն մէջ, որոնք անբաժան են միշտ նման ձեռնարկներէն, ճակատագրականօրէն»:

                                         ***

Իր կարգին, Գահիրէի «Յուսաբեր»-ը 7 յունիս 1952-ի թիւով եւ «Սերմնացաններ» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.

«Ափ մը սերմնացանները գործի ձեռնարկած են գորշ ու մռայլ շրջանի մը մէջ, քանի մը սնտուկ տառերով, ձեռքի փոքր մեքենայով մը, աշխատելով ու տքնելով առտուան ժամը 5:00-էն մինչեւ գիշերուան ժամը 9:00, անշուք ու փոշելից կրպակի մը մէկ անկիւնը, որ թէ՛ տպարան էր, թէ՛ խմբագրատուն եւ թէ… Ազգային Առաջնորդարան:

Անկէ ասդին` «Ազդակ» յարաճուն վերելքի մէջ է:

Միայն գործին սէրը, միայն հաւատքը, միայն խանդավառութիւնը կրնան այս հրաշքը գործել, յարաժամ պայքարելով նահանջականութեան  դէմ, չվհատելով, անձնատուր չըլլալով, զէնքերը վար չդնելով երբեք:

«Ո՛չ մէկ ակնառու գործ կը կատարուի առանց խանդավառութեան», կ՛ըսէր Էմըրսըն:

Ու հիմա, որ քառորդ դար մը անցած է արդէն 1927-էն ասդին, սկիզբի օրերու այս խանդավառութիւնը դարձեալ պիրկ ու լարուած կը պահէ ջիղերը այս նոյն սերմնացաններուն, անո՛նց որ ցանեցին անընդհատ առանց հնձելու մասին մտածելու, որ առատօրէն բաշխեցին իրենց ունեցածը,- երբեմն նաեւ չունեցածը,- առանց փոխարէն բան մը պահանջելու:

Քառորդ դարու ընթացքին, 1927 մարտ 5-էն մինչեւ 1952 մարտ 5, «Ազդակ» լոյս ընծայած է վեց հազար թիւ: Սկսած է հրատարակուիլ իբրեւ եռօրեայ, ապա` 1930-ին` երկօրեայ, ու միայն այդ թուականէն քանի մը տարի ետք` իբրեւ մեծածաւալ օրաթերթ:

Դարձեալ այս քառորդ դարու ընթացքին, թերթը տուած է սովորական գրքի ծաւալով 192.000 էջ, այսինքն շուրջ հազար հատոր, իւրաքանչիւրը 200 էջնոց: Լոյս ընծայած է ի միջի այլոց, յիսունէ աւելի բացառիկ թիւեր 8, 10, 12, 16 կամ 20 էջերով:

Բայց այսքանը բաւական չէ, որպէսզի հայ թերթը իրաւունք ունենայ ինքն իրմէն գոհ ըլլալու, կամ ինքզինքը հպարտ զգալու:

Հայ խմբագիրը, ինչպէս հայ ուսուցիչը, ինչպէս հայ եկեղեցականը կոչումի մարդը չեն միայն, այլ նաեւ առաքելութեան: Ըսել կ՛ուզենք` իրենց գործը կոչում մը չէ, այլ աւելի բան մը, գրեթէ առաքելութիւն մըն է»:

«Ազդակ» իր կարելին ըրած է: Ասիկա գոհունակութեան պատճառ մըն է իրենց համար:

Սակայն «Ազդակ» իր կարելիէն աւելին ալ ըրած է, եւ ասիկա գոհունակութեան պատճառ մըն է մեզի համար, այսինքն ժողովուրդին համար:

Հայ թերթը լրաթերթ մը չէ միայն, այլ նաեւ դպրոց մը, հանրային բեմ մը, աչք մը եւ ականջ մը: Ամէն բան պիտի տեսնէ, ամէն բան պիտի լսէ, ամէն բան պիտի սորվեցնէ, պիտի առաջնորդէ, պիտի գնահատէ կամ պարսաւէ տեղին ու ժամանակին համաձայն:

Հայ թերթը, մասնաւորաբար հա՛յ թերթը- նկարագիր մը պէտք է ունենայ եւ միաժամանակ խղճմտանք մը:

Պիտի պայքարի հանրային շահերու անունով, հանրային շահերու համար:

Արդարութեան զգացումը պիտի ըլլայ զինք վարողը մանաւանդ:

Հայկաբան մը չըլլալով, հայկաբանութեան դասատու մը չըլլալով, «Ազդակ» հայերէն սորվեցուց իր ընթերցողներուն:

Անատոլուի թրքախօս գաւառներէն Լիբանան հաստատուած մեր բազմահազար ազգակիցները կամաց կամաց մոռցան թրքերէնը, մոռցան ինչ որ իրենց հետ բերած էին Թուրքիայէն եւ սկսան հայանալ լեզուով:

Ասիկա փոքր շահ մը չէ մեր տարագիր բազմութիւններուն համար, որոնք վտանգին տակն էին թրքերէնը մայրենի լեզուն նկատելու եւ, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, իբր այդ պարտադրելու զայն իրենց զաւակներուն:

Դպրոցի դեր մըն էր, որ կը կատարէր «Ազդակ» այս ձեւով:

Կը մտածենք հիմա, թէ ուրիշ դեր մըն ալ կատարած է «Ազդակ». մօտաւորապէս տուած է պատմութիւնը լիբանանահայ գաղութին, մասամբ նաեւ մեր բոլոր գաղութներուն, քանի որ իր վեց հազար թիւերուն  մէջ ներկայացուցած է հայ կեանքը իր բոլոր կողմերով, մութ ու լոյս երեսներով:

Հարուստ գանձարան մըն է, այս տեսակէտէն, «Ազդակ» օրաթերթը ինչպէս շաբաթօրեակն ալ: Հոն, այդ վեց հազար թիւերուն մէջ, ապագայ պատմիչը պիտի կրնայ գտնել իր փնտռածը, անհրաժեշտ հում նիւթն ու ատաղձը հայ գաղութներու պատմութեան համար»:

***

«Ազդակ»-ի 1952-ի 25-ամեակի բացառիկի թիւին մէջ հետաքրքրական են լիբանանցի խմբագիրներ Քարամ Մըլհէմ Քարամի եւ Թոֆիք Ուահպիի գրութիւնները:

«Ազդակ ի սպաս Լիբանանի» խորագիրով յօդուածով Քարամ կը գրէր.

«Ազդակ-ը ճանչցայ իր առաջին օրերուն: Խիստ համբերութիւն մը որ կը ջանար պայքարը տանիլ մինչեւ վերջ: Հայ ժողովուրդը, զոր «Ազդակ» արիաբար կը պաշտպանէր, իրաւունք ունի կեանքի եւ նուիրական ազատութեան: Եւ «Ազդակ» ապրեցաւ այդ ազատութեան համար: Ոչ մէկ բան կը շեղեցնէր «Ազդակ»-ի հրատարակիչը իր իտէալէն, իր ազնիւ հայրենասիրութենէն: Ան իր ձայնը կը բարձրացնէր պաշպանելու համար արի եւ հպարտ ժողովուրդ մը, որուն դէմ ճակատագիրը պայքար էր բացած եւ որ խիզախեցաւ այդ ճակատագրին դէմ, չհամակերպելով այն ճղճիմ գոյութեան որ իրեն գռեհկօրէն վերապահուած էր:

Ասպնջական Լիբանանը իր լայն բաժինը ունեցաւ այս թերթին երախտագիտութեան եւ հաւատարմութեան մէջ: Անոր խմբագիրները եղան ու չդադրեցան ըլլալէ անկեղծ եւ համակրելի միացման կապերը շատ մը կապերով իրարու միացած երկու ազգերու միջեւ: Անոնք եղան խաղաղութեան եւ համերաշխութեան առաքեալները: Բարի տրամադրութիւններով օժտուած այդ մարդոց բաղձանքը իրագործուեցաւ: Հայերը այլեւս գաղթականներ չեն Լիբանանի մէջ, այլ Մայրիով նուիրագործուած հայրենասէրներ:

Անբիծ եւ անխռով «Ազդակ»-ը կատարեալ իրաւունք ունի միութեան այս խելացի քաղաքականութեան ստեղծիչը յայտարարելու ինքզինքը: Մենք այլեւս դէմ յանդիման չենք գտնուիր օտարականներու խնդրի մը առջեւ, այլ նոյն հայրենիքի եղբայրներուն: Հայաստանն ու Լիբանանը մէկ ամբողջութիւն եւ միութիւն կը կազմեն: Լիբանանցի հայը չի կրնար երես դարձնել այսքան ասպնջական երկրի մը, որուն դարաւոր Հայրենիքին հին զաւակներուն հետ նոյնիրաւ իրաւունքներ կը վայելէ:

Տակաւին կը յիշեմ այս անցած 25 տարիները: Հայը աղքատ էր, դժբախտ, որպէս բնակարան հիւղակներ կը գտնէր միայն. ձայն կը բարձրացնէր միայն խնդրելու համար. կը քալէր հալածուելու, արտաքսուելու եւ… ատուելու վախով: Մինչ այսօր Ան իր մեծութեան գագաթնակէտին վրայ կը գտնուի: Լիբանան իրն է: Լիբանանցիք իրենցմէ կը նկատեն զինք: Ունի իր առեւտուրը, իր ապաստանարանը, իր քաղաքականութիւնը, խորհրդարանի մէջ իր ներկայացուցիչները, իր թերթերը, իր մասնակցութիւնը կառավարական պաշտօններու: Իսկական լիբանանցի մը չունի այսքանը: Որո՞ւ կը պարտի հայ ժողովուրդը այս բոլոր բարիքները»:

                                          ***

«Տունիա» թերթի տնօրէն Թոֆիք Ուահպի «Ազդակ` հայրենասիրութեան ջահը» խորագիրով յօդուածով կը գրէր.

«Կը հիանամ պայքարի թերթերուն վրայ: Անոնք շահագործումի եւ նիւթապաշտութեան թերթուկներ չեն: Երբ դատ մըն է որ կը պաշտպանուի մարդ կու տայ իր մարմինն ու հոգին:

«Ազդակ» վարդապետութեան մը եւ սկզբունքի մը թերթն է: Լուրջ եւ վստահելի օրկանը:

Չեմ ժխտեր այլազանութեանց եւ օրագրային մարզին մէջ մասնագիտացած մամուլին արժանիքը: Բայց, ես, միշտ ալ եղած եմ դէպքերու վերլուծումը սիրող եւ ազգային սկզբունքներ քարոզող լրագրող մը:

Ասոր համար որ գաղափարները կը սիրեմ դէպքերէն աւելի, պայքարը` համայնապատկերէն:

 ***

Իր միջավայրէն արմատախիլ եղած թերթի մը 25 տարուան գոյութիւնը յարգանքի արժանի ճիգ մըն է, Հայ մտաւորականը նոյնքան արժանաւոր է, որքան զինուորը: Հայ գրիչն է, հայ մամուլը, միութիւնները, գիրքերը եւ հայրենասիրական շարժումն է որ հրահրած են Հայաստանի սիրոյն բոցը` հայ հին թէ նոր սրտերու մէջ:

«Ազդակ» հայրենասիրութեան եւ արիութեան ջահ մըն է: Միշտ լուսավառ` մարտիրոս, բայց ոչ նուաճեալ ազգի մը դժբախտութեան մութ գիշերներուն մէջ:

Յաճախ հաճոյքն ունեցած եմ, արհեստի բերումով այցելելու բարեկամիս` Պ. Պալեանին եւ գնահատելու անոր արժանիքները եւ հասարակական գործին հանդէպ անոր նուիրումը:

Առիթն ունեցած եմ նաեւ գրելու թէ` պետականազուրկ Հայաստանը, որպէս ազգ, աւելի հիացումի արժանի է քան պետութիւն մը, որուն զաւակները զուրկ են գաղափարականէ եւ միասնականութենէ:

***

25 տարուան պայքար յաւիտենական Հայաստանի եւ որդեգրուած սիրելի երկրին` Լիբանանի բարեկամութեան պահպանման համար: Ահաւասիկ ծրագիրը այս պաշտօնակցիս, որ բոլոր իրաւունքներն ունի տօնելու իր յոբելեանը:

Քառո՜րդ դար: Երիտասարդութեան բոցն է, տաք արիւնը որ կը ժայթքէ, մարդկային կեանքն է որ կը զոհուի փառքին համար դատի մը, պահպանմանը համար իրաւունքի մը եւ շարունակմանը համար պայքարի մը»:

            ***

Մենք կը շարունակենք անդրադառնալ անցած երկար տարիներու նուաճումներուն, մեր ընթերցողներուն փոխանցելով հայ կեանքին մէջ արձանագրուող վերիվայրումները, ուրախ թէ տխուր անցուդարձերը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )