Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Բարե՛ւ… Յեղափոխութի՛ւն Եւ Եղափոխութի՛ւն

Ըստ երեւոյթին, յետընտրական պատկերը շատ աւելի հետաքրքրական եւ անկիւնադարձային կը թուի ըլլալ, քան` վերընտրական պատկերը:

Այս վերջինին պարագային, այնքան մը ձանձրացուցիչ էր ստեղծուած կացութիւնը, որ երբ պետութիւնն ու իշխող կուսակցութիւնը յար եւ նման են, ոչ մէկ հնար կը մնար արդար եւ ժողովրդավար մակարդակի ընտրութեան:

Զարմանալիօրէն այս իրավիճակին արդիւնքն էր վերընտրութեան յաջորդող յետընտրական իրապաշտ ներկայ կացութեան ստեղծումը:

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան վերընտրական մեքենան ինքնավստահօրէն կը գործէր… այսպէս կոչուած տիպար, թափանցիկ եւ աննախադէպ փետրուար 18, 2013 թուականը բոլորելու, յատկապէս նկատի ունենալով,  որ բազմաթիւ ընդդիմադիր խմբաւորումներ որոշած էին չներկայացնել ոեւէ թեկնածու: Հաւանաբար, նոյնինքն Հանրապետական կուսակցութեան ընտրական մեքենան թեկնածու նախագահ Սերժ Սարգսեանի դէմ ամէնէն աւելի մօտիկ մրցակից նկատի առնուող Րաֆֆի Յովհաննէսեանէն կը սպասէին քուէներու առաւելագոյնը 15 առ հարիւրի հունձք մը:

Այդ պատճառով ալ 12 ժամ տեւողութիւն ունեցող ընտրութեան առաջին ժամերը ընթացան հանդարտ, այնքան մը, որ բազմիցս նշուեցաւ, թէ ընտրութիւն կայ, սակայն ընտրող չկայ: Բայց երբ հետզհետէ ժամերը թաւալեցան եւ մերթ ընդ մերթ յստակացաւ, թէ սպասուած այդ բաղդատական պատկերը սխալ էր, հետզհետէ աւելի գործեց հանրապետական վերընտրական մեքենան: Յատկապէս Հայաստանի երկրորդ քաղաք «ցնցուած» Գիւմրին ահազանգած էր` այս անգամ տարբեր ձեւով ցնցելով եւ ի նպաստ Րաֆֆիին քուէարկելով: Ահաւասիկ` ցայտուն օրինակ մը, երբ ժողովուրդը որոշած էր ընդվզիլ, պոռթկալ եւ պահանջել ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ բարոյական արդարութիւն:

Եւ յետընտրական օրերուն այս դժգոհ հայորդիներու ալիքը ողողած էր Ազատութեան հրապարակը եւ դեռ ալ կ՛ողողէ: Միացած են գրեթէ բոլոր ընդդիմադիր խմբաւորումները: Ժամանած են ազդանշանը տալու իւրայատուկ ԲԱՐԵՒ-ի մը:

ԲԱՐԵՒ… Յեղափոխութիւն, եղափոխութիւն, փոփոխութիւն, իշխանափոխութիւն: Սակայն` զգուշ, երբեք առիթ պէտք չէ ստեղծել արիւնահեղութեան: Անընդունելի է հնգամեայ պատմութիւն ունեցող մարտմէկեան ընդհարում, ո՛չ ալ արեւմտեան աշխարհէն ներածուած գոյնզգոյն կամ պտղատու յեղափոխութիւն:

Արեւմտեան պետութիւններ երբեք թող չկարծեն, թէ «ծիրանի» կամ «նռան գոյնի» կեղծ յեղափոխութիւններ կարելի է ներածել կամ վերարտադրել հայրենիքին մէջ: Տառապող հայորդին քաջատեղեակ է, թէ պտուղին հունտն է կարեւորը… եւ ոչ թէ անով սնանած միջուկն ու մաշկը:

ԲԱՐԵ՛Ւ… Հազա՛ր ԲԱՐԵՒ այդ հունտին, որ հեռու է որեւէ վտանգաւոր ախտէ եւ վնասակար որդէ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )