Նշմար. Սակաւապետութեան Փոխարէն Ժողովուրդի Իշխանութեան Հաստատում

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը խորհրդարանական քննարկումներու ընթացքին Հայաստանի մէջ տիրող երկարատեւ վատառողջ կացութենէն դուրս գալու համար ընդդիմութեան անունով իշխանութեան ներկայացուց երեք պահանջներ, որոնք «ե՛լ որ տեղդ նստիմ»-էն աւելի խորքային ու շահաւէտ նպատակներ կը հետապնդեն. 1) մէկ տարուան ընթացքին արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ, 2) երկու տարուան ընթացքին սահմանադրական բարեփոխումներ` խորհրդարանական կառավարման ձեւին անցնելու համար, 3) ընդդիմութեան վերահսկողական գործառոյթներու տրամադրում:

Խորհրդարանական քննարկումները չեն փոխարիներ ժողովրդական շարժումը: Անոնք զիրար ամբողջացնող հոլովոյթներ են, որոնք համակարգուած ձեւով պէտք է ընթանան, այլապէս հաւասարապէս դատապարտուած են ձախողութեան:

ՀՅԴ ստեղծուած ներկայ կացութեան առաջին օրէն իսկ յստակ դարձուց, որ ինք ժողովուրդին կողքին կը կանգնի` մեկնելով այն համոզումէն, թէ Հայաստանի կացութեան լուծումը անհատներու փոփոխութեամբ չի պայմանաւորուիր, այլ` խորքային բարեփոխումներով, վերանկախացած Հայաստանի նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութեանց պատմութիւնը այդ ճշմարտութիւնը կը վկայէ: ՀՅԴ-ի նպատակը սահմանադրական ճանապարհով` իրական, շօշափելի արդիւնքներու ձեռքբերումն է, որովհետեւ այլ ճանապարհները կա՛մ ժամանակի վատնում են, կա՛մ ալ մարտի մէկեան օրինակով ողբերգութեան կ՛առաջնորդեն: Անոնք ապարդիւն են եւ հայրենիքին համար վնասակար:

18 փետրուարին Հայաստանի քաղաքացիները վերանկախացած Հայաստանի մէջ տարիներէ ի վեր յամեցող ու Հայաստանի իբրեւ քաղաքակիրթ երկիր զարգացման արգելք հանդիսացող կացութեան դէմ քուէարկեցին: Ուստի Հայաստանի ընդդիմադիր դաշտը մէկ անձով սահմանափակելը անհեթեթ, ժամանակի կորուստ եւ աննպատակայարմար է: Հայաստանի ընդդիմադիր դաշտը շատ աւելի ընդարձակ ու երփներանգ է, իսկ ընդդիմութեան իսկական ղեկավարը ժողովուրդն է: Հայաստանի քաղաքացիներուն համար շահաւէտ քայլը ոչ թէ իշխանափոխութեան կամ ընդդիմութեան ղեկավարի թագադրումի սնամէջ քայլերն են, այլ` սակաւապետութեան փոխարէն ժողովուրդի իշխանութեան հաստատումը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )