Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը Կը Շարունակէ Իր Փորձերը. 15 Մարտին «Գիշատիչներու Խրախճանքը»` Բեմին Վրայ

Համազգայինի հիմնադրութեան 85-ամեակի ձեռնարկներուն շրջագիծին մէջ, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը 15 մարտէն սկսեալ հանրութեան պիտի ներկայանայ ֆրանսահայ արձակագիր Վահէ Քաչայի «Գիշատիչներու խրախճանքը» թատերախաղով` բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանի:

Վահէ Քաչայի հերոսները սարսափի ու անասնական խուճապի մէջ կը փորձեն դիմացինը կործանելով` ազատել ստեղծուած ծուղակէն, ուր կը կայանայ մարդու աստիճանական ստորնացումը, ոչնչացումը եւ գազանացումը: Քանի մը փորձ եւս, եւ շուրջ 5 ամիսներ առաջ սկսած աշխատանքները կը հասնին իրենց աւարտին:

Կիրակի, 3 մարտին, փորձին ներկայ եղան «Արեգ» թատերական դպրոցի 2-րդ դասարանի աշակերտները: Բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան, որ միեւնոյն ժամանակ բեմադրիչը եւ գեղարուեստական ղեկավարն է «Արեգ» դպրոցին ու թատերախումբին, յայտնեց, որ «Արեգ» թատերական դպրոցի ծրագիրին մաս կը կազմէ աշակերտներուն ներկայ գտնուիլը «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի փորձերուն կարեւորագոյն հանգրուաններուն` գործնականօրէն ուսումնասիրելու համար թատերական արուեստի խորհուրդները` իրագործելով որոշակի յանձնարարութիւններ:

Սերունդներու շարունակականութեան իմաստով, բեմադրիչը կարեւոր կը նկատէ ապագայ դերասաններու ուղին «Արեգ»-էն մինչեւ «Գասպար Իփէկեան» սահմանելն ու տեսանելի դարձնելը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )