Այնճար. Յեղափոխական Երգերու Երեկոյ` Մեկնաբանութեամբ Մակիչի

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին, կիրակի, 3 մարտ 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Այնճարի «Գալուստ Կիւլպենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յեղափոխական երգերու երեկոյ` մեկնաբանութեամբ արցախցի ազատամարտիկ-երգիչ Մակիչի (Մկրտիչ Մկրտիչեան):

Բացման խօսքը արտասանեց Նարէ Թազեան, որ ընդգծեց, թէ արցախեան պահանջատիրութեամբ մեր ժողովուրդը աշխարհին փաստեց իր ներկայութիւնը եւ տէր կանգնեցաւ իր պատմութեան, ինչպէս նաեւ աւելի քան 6000 նահատակներ տալով  յաջողեցաւ ստեղծել անկախ հանրապետութիւն: Ապա ան ողջունելով օրուան երգիչը աւելցուց, որ Մակիչի ներկայութիւնը մեզի կու գայ անգամ մը եւս փոխանցելու հայու պայքարող ոգին ու աննկուն կամքը:

Եւ վերջապէս, ամփոփ կենսագրականի մը ներկայացումէն ետք, Նարէ Թազեան բեմ հրաւիրեց յեղափոխական երգերու մեկնաբան Մակիչը:

Մակիչ իր լեռնցիի անսպառ  ձայնով ամբողջ մէկ ժամ կախարդեց ժողովուրդը եւ զայն փոխադրեց դէպի Արցախ եւ Մուսա լեռ:

 

Share this Article
CATEGORIES