Կոչ. Ձեր 25 Տարիներու Հաւատարիմ Գուրգուրանքը` Միանալով 25 Տարիներու Մեր Անխոնջ Ծառայութեան, Զարգացուց «Զուարթնոց» Կեդրոնը

25 տարիներ առաջ, Լիբանանի Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան առած  յանդուգն քայլը` Յատուկ դաստիարակութեան հայկական կեդրոնը վերաբանալու, այսօր ոչինչ կորսնցուցած է իր ուժականութենէն: Բիւր փառք մեր Արարիչին: Ընդհակառակն` մեր երազն ու փափաքը այսօր` հայ եւ օտար անհատ նուիրատուներու կողքին, վարակած են լիբանանահայ մեր կրթական, եկեղեցական, միութենական, բարեսիրական եւ ազգային կառոյցները: Լիբանանեան կառավարութեան բարեխնամ աջակցութեան կողքին, երկու տարիներէ ի վեր կը վայելենք նաեւ հայրենի պետութեան գնահատանքը:

Սակայն մեր մեծագոյն գանձը մատղաշ սերունդներու հոգեկցական ազնիւ զգացումներու փթթումին մէջ կը գտնենք: 25 տարիներ ետք ոչ միայն մարտ 1-ի որմազդն ու գանձանակը յատուկ քաջալերանքի կ՛արժանանան, այլեւ դժուարութիւն ունինք համադրելու աշակերտական, ուսանողական եւ միութենական այցելութիւններու ժամանակացոյցը…

Կը գիտակցինք, թէ մեր առաքելութիւնը նոր հրամայականներու գործադրութեան դիմաց կը դնէ մեզ: Ունինք անյետաձգելի անհրաժեշտ պարտաւորութիւններ, ինչպիսին են չափահաս աշակերտներու աշխատանքի հայթայթում, ծնողազուրկներու արժանավայել ապաստանարան, մանուկներու բաժանմունք:

Հուսկ, մեր 25-ամեակի կոչով կը փափաքինք մեր սիրելի ժողովուրդին ուշադրութիւնը հրաւիրել հետեւեալ մարդկային իրողութեան վրայ. «Կրնանք իրականացնել մեր բոլոր փափաքածները, եթէ բաւարար չափով յարինք անոնց»: Ուստի քաջալերենք տարբեր կարողութիւններով օժտուած մեր քոյրերն ու եղբայրները, յոյս եւ վստահութիւն ներշնչենք իրենց` առաւել եւս զարգացնելով եւ հունաւորելով «Զուարթնոց» կեդրոնի յառաջխաղացքը:

Մնամք գոհունակ սրտով եւ երախտագէտ հոգիով`

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ
ԾԱՌԱՅՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ`
«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԿԵԴՐՈՆ

Tel./Fax: 961 (0)1-25 76 31 Cell.: 961 (0)3-91 84 44
B.P. 80-348 Bourj Hammoud-Liban
E-mail: [email protected]

 

Share this Article
CATEGORIES