«Յունաստան Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Լիիրաւ Անդամակցութեան Կը Զօրակցի» Կ՛ըսէ Յունաստանի Վարչապետը
Յունաստանի վարչապետ Անթոնիս Սամարաս Թուրքիա տուած իր այցելութեան ծիրին մէջ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց, որ իր երկիրը Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամակցութեան կը զօրակցի, որպէսզի անիկա կիպրական հարցի` միութեան եւ ՄԱԿ-ի պատկերացումին հիմամբ լուծումին մէջ դերակատարութիւն ունենայ:
Սամարաս Թուրքիան նկատեց «լաւ դրացի մը, որ իր կատարած յաջող բարեփոխումներուն միջոցով լաւ մակարդակ եւ բարձր արժեչափեր իրագործեց»: Ան շեշտեց, որ «կարեւոր է, որ հասարակաց յարաբերութիւնները շրջանին մէջ կայունութիւնը երաշխաւորեն»` աւելցնելով, որ «երկու երկիրներուն համար աւելի լաւ է, եթէ գործակցին, եւ ողջունեց երկկողմանի առեւտուրի ամրապնդման, զբօսաշրջութեան աճին, հասարակաց մշակութային աւանդէն օգտուելու, թեքնիք միացեալ գործակցութեան եւ ապօրինի գաղթի ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մարզերուն մէջ ստորագրուած երկկողմանի համաձայնագիրները»:
Թուրքիոյ վարչապետը իր կարգին յայտնեց, որ «Թուրքիա եւ Յունաստան կիպրական հարցի լուծման մաս կը կազմեն, ոչ թէ` խնդիրին»` աւելցնելով, որ անոնք «կրնան տագնապին լուծում մը գտնել»:
Էրտողան շեշտեց, որ «Թուրքիոյ եւ Յունաստանի մէջ գտնուող փոքրամասնութիւնները պէտք է երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան կամուրջ մը ըլլան»` նշելով, որ երկու կողմերը կը ջանան երկու երկիրներուն միջեւ լաւ յարաբերութիւններ հաստատել: «Հակառակ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ շարք մը կէտերու շուրջ տեսակէտներու տարբերութեան, թրքական կառավարութիւնը կը ջանայ երկու կողմերուն միջեւ տարակարծութիւնները երկխօսութեամբ լուծելու», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Անգարա Եւրոպական Միութեան հարցին մէջ իր նկատմամբ Յունաստանի զօրակցութիւնը կը զգայ եւ կը յուսայ, որ այդ զօրակցութիւնը շարունակուի»:
Էրտողան բացայայտեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ առեւտուրը անցեալ տարի հասած է 5 միլիառ տոլարի. Թուրքիոյ Յունաստանէն ներածումները հասած են 500 միլիոն տոլարի, իսկ արտածումները` 3 միլիառ 500 միլիոն տոլարի: Աւելի՛ն, երկու երկիրներուն միջեւ զբօսաշրջիկներուն թիւը վերջին երկու տարիներուն բարձրանալով հասած է աւելի քան միլիոնի:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ իր կարգին Պոլսոյ իր բնակարանին մէջ Սամարասի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք յայտնած է, որ Յունաստանի մէջ ներդրում կատարող թրքական ընկերութեանց թիւը մեծապէս կ՛աճի` մասնաւորաբար դրամատնային եւ ծովային փոխադրութեան մարզերուն մէջ: Ան ըսաւ, որ կարելի է ուժանիւթի եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ գործակցութեան նոր առիթներ ստեղծել` շեշտելով «յոյն եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ խոր ու բարի դրացիական յարաբերութիւնները»:
Կիւլ յոյս յայտնեց, որ «Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ գործակցութիւնը հիւսիսային Միջերկրականի մէջ կայունութեան յանգեցնէ եւ Եւրոպական Միութեան մէջ խաղաղութիւնը ամրապնդէ, ինչ որ իր կարգին միութեան կայունութեան կը նպաստէ»: