Ռիատի Մէջ` Քերրի-Ֆայսալ Հանդիպում

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը Ռիատի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Սէուտական Արաբիա եւ Միացեալ Նահանգներ կը դատապարտեն կարգ մը երկիրներու կողմէ Սուրիոյ մէջ վարչակարգի զէնքի մատակարարումը»` աւելցնելով, որ «ինքնապաշտպանութիւնը սուրիացի ժողովուրդին արդար իրաւունքն է»:

Ֆայսալ իշխանը ըսաւ, որ այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, «ջարդ մըն է, որ պէտք է անպայման դադրի»: Ան պահանջեց «իր ժողովուրդը սպաննող սուրիական վարչակարգին զէնքի մատակարարումը արգիլել»:

Սակայն ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ «գոյութիւն չունի որեւէ երաշխիք, թէ զէնքերը սխալ ձեռքերու մէջ կրնան չիյնալ»: Ան յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն աշխատանք տանիլ, որպէսզի սուրիական ընդդիմութիւնը կարողութիւն ունենայ խաղաղ ճամբով լուծում հաստատելու, ինչպէս նաեւ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին վրայ յաւելեալ ճնշումներ պիտի գործադրեն»:

Քերրի Սէուտական Արաբիա տուած իր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան աւարտին մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, նախքան ուղղուիլը Տոհա, ուր քաթարական ղեկավարութեան հետ պիտի քննարկէ երկկողմանի եւ շրջանային հարցեր, ներառեալ` Սուրիոյ տագնապը:

 

Share this Article
CATEGORIES