Միացեալ Նահանգներու Մէջ Բժիշկները Բուժած Են ՄԴԱՎ-ի Վարակով Ծնած Երեխայ Մը
Ամերիկացի բժիշկները յայտարարած են, որ յաջողած են բուժել Մարմինի դիմադրականութեան անկման վարակով (Էյչ.Այ.Վի.) ծնած աղջնակ մը:
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միսիսիփի նահանգին մէջ բնակող 2.5 տարեկան աղջնակը արդէն մէկ տարի է որեւէ դեղամիջոց չ՛ընդունիր: Ներկայիս մասնագէտները անոր մօտ ՄԴԱՎ-ի վարակի նշաններ չեն նկատած:
Վարակաբան Տեպրա Փերսոտ նշած է, որ փոքրիկ աղջնակին ապաքինումը կը վկայէ, թէ երեխաներու պարագային ՄԴԱՎ-ի վարակը կարելի է բուժել: Եթէ աղջիկը ողջ մնայ, ապա ատիկա պատմութեան մէջ երկրորդ դէպքը պիտի ըլլայ, որ մարդ ՄԴԱՎ-է կը բուժուի:
2007-ին Թիմոթի Ռէյ Պրաուն դարձած է պատմութեան մէջ առաջին մարդը, որ բուժուած է ՄԴԱՎ-էն:
CATEGORIES Միջազգային

