Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ յառաջիկայ 48 ժամերուն ընտրական օրէնքի մը շուրջ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը համախոհութիւն մը յայտարարեն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ մեկնեցաւ Քաթար, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ քաթարցի պատասխանատուներու հետ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ, բացի եթէ կարելի ըլլայ ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնել:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով եւրոպական երկրի մը դեսպանէն, նշեց, որ շրջանառութեան մէջ դրուած են տեղեկութիւններ, թէ կան լիբանանցի երեք կարեւոր անձնաւորութիւններ, որոնք սպանութեան թիրախ են:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ կոչ ուղղեց Թրիփոլիի ընտրազանգուածին Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն դէմ դնելու եւ ընտրելու Թրիփոլիի արդար ներկայացուցչութեան պայքարը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ խորհրդարանի նստաշրջանին երկարաձգումը կրնայ երկիրը ուղղել դէպի անորոշութիւն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցած ընտրական օրինագիծը կրնայ օրինակելին չըլլալ, սակայն անիկա լաւագոյնն է ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի պատասխանատուներէն Վերա Եամմին յայտնեց, որ Քըպպէյաթ նախանցեալ օրուան ընտրութիւններուն ընթացքին անկախացաւ:

ՍԱՅՏԱՅԻ նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրի յայտնեց, որ քաղաքին ազգային միասնականութիւնը պահպանելու պատասխանատուութիւնը Սայտայէն դուրս գտնուող բազմաթիւ լծակներէ կախեալ է:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ իրենք դիտողութիւններ ունին կատարելիք Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին կատարած բողոքի ցոյցերուն դէմ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու, որովհետեւ այդ ձեւով ապահոված կ՛ըլլան հայրենիքին եւ քաղաքացիներուն շահերը:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ իր բնազդային յայտարարութիւններով զիրենք առաջնորդել դէպի ուր որ անոնք կ՛ուզեն:

ԱՄԱԼ շարժումի պատասխանատուներէն Խալիլ Համտան զգուշացուց, որ Լիբանանը մեզի համար ամէնէն կարեւորն է եւ ոչ թէ ընտրական օրէնքը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ յայտնեց, որ ոչ ոք կրնայ ուրիշը ջնջել` աւելցնելով, որ հայրենիքը միասին կարելի է կերտել միայն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )