Զօր. Աուն Ընդունեց Ատնան Քասսարը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Տնտեսական խորհուրդներու մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախկին նախարար Ատնան Քասսարի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ ուժանիւթի նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան:

Տնտեսական խորհուրդներու պատուիրակութիւնը զօր. Աունին բացատրեց պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումներու պահանջին նկատմամբ ցուցաբերած իր մերժումին դրդապատճառները եւ աւելցուց, որ այս հանգրուանին այդ պահանջները իրագործելը իր վատ ազդեցութիւնը պիտի ունենայ երկրին տնտեսական կայունութեան վրայ:

Քասսար շեշտեց, որ աշխատավարձերու յաւելումներուն թղթածրարը լուրջ քննարկումի կարիք ունի եւ պէտք չէ զայն քաղաքականացնել:

Ան նշեց, որ Տնտեսական խորհուրդները նախանձախնդիր են պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ անոնց ապրուստի պայմաններուն բարելաւումին:

Share this Article
CATEGORIES