Ներքին Գործոց Նախարարը Կը Հերքէ Շէյխ Ասիրի Պահանջներէն Տեղեակ Ըլլալու Մասին Լուրերը

Նախարար Մարուան Շարպել` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն` թաղապետական եւ քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընթացքին ապահովութիւնը անխախտ պահելու անոնց աշխատանքին համար:

Ան աւելցուց սակայն, որ ներկայիս Լիբանան կը դիմագրաւէ ապահովական դժուար պայմաններ, որոնք բաւական բարդ են եւ դժուար:

Անդրադառնալով լիբանանեան տարբեր գիւղաքաղաքներուն մէջ կատարուած թաղապետական եւ քաղաքապետական մասնակի ընտրութիւններուն` Շարպել յայտնեց, որ այդ ընտրութիւններուն պաշտօնական արդիւնքները տեղադրուած են ներքին գործոց նախարարութեան կայքէջին վրայ:

Ներքին գործոց նախարարը հաստատեց, որ սիւննի համայնքը պիտի ընդդիմանայ կրօնական որեւէ հրահանգի, որ բանակին դէմ կ՛ըլլայ` աւելցնելով, որ պէտք է պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը` կատարելու համար երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Շարպել ըսաւ, որ եթէ ինք երկրին ապահովական կայունութեան եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն միջեւ ընտրելու ըլլայ, ապա պիտի նախընտրէ ապահովական կայունութիւնը:

Անդրադառնալով Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի պահանջներուն` Շարպել հերքեց, թէ ինք տեղեակ է այդ պահանջներէն: Ան ընդգծեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերը Սայտայի մէջ կը ճնշեն զինեալ բոլոր երեւոյթները:

Share this Article
CATEGORIES