Ռուսիոյ, Չինաստանի Եւ Ֆրանսայի Դեսպանները Այցելեցին Վարչապետ Միքաթիի
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ Ֆրանսայի դեսպաններ Ալեքսանտր Զասպիքինը, Ուոլ Զիքսիանը եւ Փաթրիս Փաուլին, որոնց հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Վարչապետ Միքաթի Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանէն ստացաւ այդ ատեանին չորրորդ տարեկան տեղեկագիրը, որ պիտի հրապարակուի յառաջիկայ 8 մարտին:
Վարչապետ Միքաթի երկրին դպրոցական եւ համալսարանական ուսման համակարգերը քննարկեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապի եւ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյնի հետ:
Վարչապետարանին այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Ռոպըրթ Ուաթքինզ: Քննարկուեցան Լիբանանի բարգաւաճման նպատակով մշակուած յատուկ ծրագիրները:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց ճարտարապետներու Պէյրութի սենտիքայի նախագահ Էլի Պսայպեսը, որուն հետ քննարկեց պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող հարցեր:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ «Միտըլ իսթ» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութ, որ վարչապետին փոխանցեց, թէ անցնող երկու ամիսներուն ընթացքին Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ օդանաւորդութիւնը ութ առ հարիւրի աճ մը արձանագրած է:


