Պըրրի – Քոնելլի Հանդիպում
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շեշտեց, որ տակաւին առիթ կայ ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու` աւելցնելով, որ իրեն համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը առաջնահերթութիւն է:
Միւս կողմէ, Այն Թինէի մէջ Պըրրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Քոնելլի խստիւ դատապարտեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ սուրիական ուժերուն գործած ոտնձգութիւնները, որոնցմէ շատերը պատճառեցին լիբանանցի զոհեր եւ վիրաւորներ:
Քոնելլի շեշտեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է լիբանանեան սահմանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ներքին ապահովական կայունութեան սպառնացող վտանգները:
Ան շեշտեց, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:
Քոնելլի հաստատեց նաեւ, որ ամերիկեան վարչակազմը բարձր կը գնահատէ Լիբանանի որդեգրած չէզոք քաղաքականութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղէ բոլորին անշեղ մնալու այդ քաղաքականութենէն:
Ամերիկացի դեսպանը շեշտեց նաեւ, որ ինք բարձր կը գնահատէ Պըրրիի ի գործ դրած ջանքերը` ընտրական օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու նպատակով: «Սակայն ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու անկարողութիւնը չի նշանակեր երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումը», շեշտեց Քոնելլի` նշելով, որ անհրաժեշտ է երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:


