«Օրինական Զինեալ Ուժերու Հաստատած Ապահովութիւնը Միակ Երաշխիքն Է Հայրենիքին Եւ Քաղաքացիին Անվտանգութեան» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման դրուատեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն ի գործ դրած ջանքերը` պաշտպանելու Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ արգիլելու համար նախապատրաստուող սադրանքները:
Նախագահ Սլէյման բարձր գնահատեց քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ընթացքին պարտադրուած ապահովական միջոցառումները` հաստատելով, որ օրինական զինեալ ուժերուն հաստատած ապահովութիւնը միակ երաշխիքն է հայրենիքին եւ քաղաքացիին անվտանգութեան:
Հանրապետութեան նախագահը կոչ ուղղեց բոլորին նեցուկ կանգնելու բանակին եւ խուսափելու զայն հարուածելէ, որովհետեւ բոլորին շահը առանց բացառութեան կը կայանայ պետութեան եւ անոր ապահովական կառոյցներուն նեցուկ կանգնելու մէջ:
Նախագահ Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկեց բանակը զինելու ծրագիր մը եւ անոր տարբեր հանգրուանները:
Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի հետ, որուն հետ քննարկեց արաբական երկիրներուն հետ Լիբանանի երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր Պահրէյն կատարած այցելութեան արդիւնքները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Սաատ Մուհաննատին: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու յառաջիկայ 26 մարտին Տոհայի մէջ գումարուելիք արաբական վեհաժողովին նախապատրաստական աշխատանքները:
Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարար Նատեր Սըքքար եւ Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի:
Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ստորագրեցին ընտրական յանձնախումբերը կազմելու հրաւէր-շրջաբերականը:


