Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Այսօր Իր Նստացոյցը Կը Կատարէ Նախագահական Պալատին Դիմաց

Դէպի ընկերային հարցերու նախարարութիւն քայլարշաւէն պահ մը

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երրորդ շաբաթն ըլլալով երէկ շարունակեց իր բաց գործադուլը` բողոքի նստացոյց մը կատարելով ճարտարարուեստի նախարարութեան դիմաց:

Ցոյցին մասնակիցները կառավարութենէն  պահանջեցին խորհրդարան փոխանցել իրենց իրաւունքները:

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ խորհուրդը պատուաբեր աշխատանք կը տանի եւ այդ ծիրին մէջ պիտի աշխատի 17 տարիէ ի վեր առանց պատճառի սառեցուած աշխատավարձի յաւելումները պահանջին գործադրութիւնը իրականացնելու:

Ղարիպ բոլոր պետական պաշտօնեաներուն անունով պետութենէն պահանջեց ընդառաջել անոնց իրաւունքներուն:

Ան կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին` միջամտելու եւ վաւերացնելու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը:

«Մենք հաստատ պիտի մնանք մեր պահանջներուն մէջ` պաշտպանելու համար մեր օրապահիկն ու հանապազօրեայ հացը», շեշտեց Ղարիպ:

Խօսք առաւ նաեւ պետական պաշտօնեաներու լիկայի նախագահ Մահմուտ Հայտար, որ կոչ ուղղեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին իրենց վերաբերող աշխատավարձի յաւելումները փոխանցելու խորհրդարան:

Նստացոյցէն ետք ցուցարարները քայլարշաւի մը ծիրին մէջ ուղղուեցան դէպի ընկերային հարցերու նախարարութիւն:

Խորհուրդին կողմէ այսօր կեդրոնական ցոյց մը կը կատարուի նախագահական պալատին  դիմաց:

 

Share this Article
CATEGORIES