«ՀՅԴ-ն Պիտի Մասնակցի Այսօր Տեղի Ունենալիք Հանրահաւաքին Եւ Իր Խօսքը Ըսէ» Կը Յայտարարէ Արմէն Ռուստամեան
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան «Երկիր»-ին յայտնեց, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները երէկ հանդիպում ունեցան Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի հետ` Ազգային ժողովին մէջ յետընտրական հոլովոյթները քննարկելու ձեւաչափը որոշելու համար:
«Քննարկուեցաւ արտակարգ նիստ հրաւիրելու վերաբերեալ մեր առաջարկը, բայց, ըստ էութեան, բանակցութիւնները այս պահուն կը մտնեն փակուղի: Իշխանութիւնները նախ եւ առաջ համաձայն չեն արտակարգ նիստ հրաւիրելու մեր առաջարկին», յայտարարեց Արմէն Ռուստամեան:
Անդրադառնալով ՀՅԴ-ի եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան ներկայացուցած երեք յայտնի պահանջներուն` իշխանութիւնները պահանջած են, որ ընդդիմութեան կողմէ ալ պէտք է զիջում կատարուի, որ հարցը քննարկեն: Բայց միւս կողմէ, միւս քաղաքական ուժերն ալ, մասնաւորաբար` Հայ ազգային քոնկրեսը, եւս համաձայն չեն այդ եռակէտ օրակարգով հարցի լուծման:
Ռուստամեան նշեց, որ քոնկրեսը յայտնած է, որ այս երեք կէտերը հարցի լուծում չեն, բայց արտակարգ նիստ հրաւիրելուն դէմ չեն: Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը երեք կէտերէն համաձայն է միայն 100 տոկոսնոց համամասնական ընտրակարգի անցումին, ընդդիմութիւն-իշխանութիւն միասնական համակարգի ձեւաւորման, որուն համաձայն է նաեւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը: Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը նշեց, որ համաձայնական կառավարութեան գործընկերները եւ քոնկրեսը վերապահումներ ունին կառավարման խորհրդարանական համակարգին անցման եւ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու հարցերուն մէջ: Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան դիրքորոշումները, ըստ Ռուստամեանի, համահունչ են ՀՅԴ-ի եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան դիրքորոշումներուն:
«Բանակցութիւնները փակուղի մտած են, քանի որ համաձայնութիւն ձեռք չի բերուիր յայտարարութեան բնագիրին շուրջ, կը մնայ 1/3 ստորագրութիւն հաւաքել արտակարգ նիստ հրաւիրելու համար, բայց այդ պարագային ալ վստահ չենք, որ, ինչպէս անցեալ անգամ, այս անգամ եւս Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան անդամներ պիտի չպոյքոթեն նիստը», ըսաւ Ռուստամեան:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը տեղեկացուց նաեւ, որ Ժառանգութիւն կուսակցութեան հետ նախանցեալ օրուան հանդիպման ժամանակ քննարկուեցան շարժման հետագայ ընելիքները, ստեղծուած իրավիճակը, տեսակէտներ փոխանակուեցան: Ռուստամեան յայտնեց նաեւ, որ ՀՅԴ-ն պիտի մասնակցի այսօր տեղի ունենալիք հանրահաւաքին եւ իր խօսքը պիտի ըսէ:

