Րաֆֆի Յովհաննէսեանի Ներկայացուցիչները Դիմեցին Սահմանադրական Դատարան` Ընտրութեան Արդիւնքները Վիճարկելու
18 փետրուարին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն պաշտօնական արդիւնքներով երկրորդ դիրքը գրաւած թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննէսեանի ներկայացուցիչները երէկ Սահմանադրական դատարանէն պահանջեցին անվաւեր ճանչնալ ընտրութիւններուն վերաբերեալ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի որոշումները եւ «արձանագրել ընտրութիւններու իսկական արդիւնքները»:
Երէկ դիմումը Սահմանադրական դատարան ներկայացուցին Րաֆֆի Յովհաննէսեանի ղեկավարած Ժառանգութիւն կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան քարտուղար Զարուհի Փոստանջեան, Ժառանգութեան մամլոյ բանբեր Յովսէփ Խուրշուդեան եւ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի նախընտրական գրասենեակի իրաւական խորհրդատու Կարէն Մեժլումեան:
Կարէն Մեժլումեան Սահմանադրական դատարանի շէնքին դիմաց հաւաքուած լրագրողներուն տեղեկացուց, որ դիմումը ընդունուած է դատարանին կողմէ եւ ատիկա պէտք է քննարկուի տասնօրեայ ժամկէտի ընթացքին: Սահմանադրական դատարանի կանոնակարգի 19-րդ յօդուածին հիման վրայ դիմումներու նախնական ուսումնասիրութիւնը պէտք է աւարտի ոչ ուշ, քան դիմումի արձանագրումէն 24 ժամ ետք:
«Մենք կը հաւատանք, որ իրաւական հիմքեր առկայ են, մնացեալը` ինչպէս դատարանը որոշէ», յայտարարեց իրաւական խորհրդատուն` յայտարարելով, որ բազմաթիւ հիմքեր ներկայացուած են` «սկսեալ ընտրակեղծիքներէն մինչեւ իրաւական հիմնաւորումները»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կրնայ ըսել այն քննադատութեան առնչութեամբ, որ ի զուր է Սահմանադրական դատարան դիմելը, քանի որ նախորդ նախագահական ընտրութիւններուն ընդդիմադիր թեկնածուները դիմեցին դատարան, բայց վերջինս միշտ մերժած է գոհացնել բողոքը, Խուրշուդեան յայտնեց, որ կան բոլոր իրաւական հիմքերը, եւ Րաֆֆի Յովհաննէսեանն ալ յայտարարեց, որ իրաւական ճամբով պիտի պայքարի:
Ի դէպ, ոստիկանութիւնը արգիլեց Ժառանգութեան համակիրներուն մօտենալ Սահմանադրական դատարանի շէնքին` պատճառաբանելով, թէ անոնք «կրնան խանգարել Սահմանադրական դատարանի բնականոն աշխատանքները»:

