50 Տարի Առաջ (6 Մարտ 1963)

Պալըմեան Քահանան Տիգրանակերտի Մէջ

Բռուշ Մայրիկին Թաղումը

Սիրելի ընթերցողներ երբ ըսեմ, թէ տունս, հարազատներս եւ մտերիմներս ու բարեկամներս մոռցայ, զիս մի՛ մեղադրէք… Հոս գաւառի հայութեան ջերմեռանդութիւնը եւ հոգեւոր կարիքներու պահանջը զիս ակամայ կը պարտադրեն ձեզ մոռնալ:

Հոս ունիմ հազարաւոր զաւակներ, որոնց ինծի հանդէպ ցոյց տուած համակրանքն ու փարումը ամէն ինչ մոռցնել կու տայ ինծի:

Ամէն օր մէկու մը տունը ճաշի կը հրաւիրուիմ: Սեղանները ճոխ, ամէն ինչ առատ, մարդոց դէմքերը խնդում, մեծերուն ու հիւրերուն` յարգանք ու հնազանդութիւն: Հին նահապետական օրերու ոգին դեռ կ՛ապրի ճշմարիտ ու մաքուր քրիստոնեաներու հաւաքականութիւնը, մարդուն հոգին կախարդող միջավայր մը կայ հոս..

Կիրակի օր մը նորէն Գալօ Վարպետենց տունը ճաշի գացեր էինք, եւ ահա լուր բերին, որ Բռուշ մայրիկը մահկանացուն կնքեր է:

Բոլորս մէկ ճաշերնիս կէս ձգեցինք, երիտասարդները գերեզման փորելու համար գերեզմանատուն, մենք ալ կարգը կատարելու համար դէպի եկեղեցի գացինք…:

Բռուշ մայրիկը իննիսունը անցած անտէր պառաւ կին մըն էր: Դրացիներն ու եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը իրեն հոգածու կ՛ըլլային:

Այս բարի մամիկին վերջին յարգանքի պարտքը  կատարելու համար Տիգրանակերտի բոլոր հայերը եկեղեցի փութացեր էին:

Մենք երբ գերեզմանատուն հասանք, տակաւին փոսը չէր փորուած: Գերեզմանը ժեռուտ տեղի մը հանդիպած էր, ուստի դժուար կը փորուէր: Ի հարկէ մենք ալ սպասելու պարտաւորուեցանք:

Խաչատուր եղբայրը բոլորէն աւելի կ՛աշխատէր եւ գրեթէ չէր ուզեր, որ ուրիշը աշխատի: Կատակասէր հայրենակից մը, Խաչատուրին հետ կատակելով` ըսաւ.

– Տղա՛յ Խաչատուր, անպատճառ դուն Բռուշ մայրիկին անիրաւութիւն շատ ես ըրած, որ անկէ թողութիւն ստանալու համար այսօր ինքզինքդ կը պատռտես:

Խաչատուր, իրեն եղած այս ծանր ամբաստանութեան, բողոքի շարժուձեւով մը, բրիչը ուրիշի մը տալով` եկաւ, մեր մօտ քարի մը վրայ նստաւ: Քրտինքը սրբեց, դէմքին վրայ խնդուք մը գծագրուեցաւ, սկսաւ խօսիլ.

– Իրաւունք ունիս Տօնօ աղա, Բռուշ մայրիկը շատ չարչարած եմ, բայց ան զիս շատոնց ներած է… Անոր հարսնութեան պատմութիւնը իմանալու համար առիթ կը փնտռէինք, որպէսզի զինք խօսեցնէինք: Հակառակ հարիւրաւոր անգամներ զայն լսեր էինք, նորէն կ՛ուզէինք իմանալ:

Բռուշ մայրիկին պսակուած օրը 24 զոյգ միասին մէկ կարգի վրայ շարուած պսակուեր են: Հարսերուն երեսները քողով ծածկուած ըլլալուն, իրարանցումի մէջ ինչպէս կ՛ըլլայ, Բռուշ մայրիկը ուրիշ երիտասարդի մը քով կ՛իյնայ…»

Հարսերը մունջ բռնելու պարտաւորուած ըլլալով` չի կրնար այս սխալը տէրպապային զգացնել:

Պսակները կ՛աւարտին, զոյգերը կնքահայրերու, կնքամայրերու ու հարսնեղբայրներու ընկերակցութեամբ, երգերով տուն կ՛առաջնորդուին… Սակայն մեր խեղճ Բռուշը չ՛ուզեր երթալ… Զինքը քաշկռտելով կը տանին:

Փեսուն տունը հարսը նուագներով կը դիմաւորեն, շուրջպարը կը սկսի… Բայց Բռուշ այս օտար միջավայրէն ազատելու ճար մը կը փնտռէ:

Վերջապէս առագաստի ժամը կը մօտենայ… Ազատումի ուրիշ ճար չկայ, Բռուշը ձեռքերը օդին մէջ կը սկսի բարտել: Կնքամայրը հարսը հանդարտեցնելու համար երբ քողը կը վերցնէ, զարմանքով կը տեսնէ, որ իրենց հարսը չէ…

Անմիջապէս Բռուշը առածնուն պէս իր բուն փեսուն կը տանին եւ իրենց հարսը ետ կը բերեն:

Այս նմանը չտեսնուած զուարճալի պատմութիւնը Բռուշ մայրիկին դագաղին երբ իմացանք, ակամայ մեր խնդուքը չկրցանք զսպել… Խաչատուր եղբայրը դեռ պատմութիւնը չէր աւարտած.

– Ահա այս պատմութիւնը իմանալու համար մենք Բռուշ մայրիկը շատ կը սիրէինք…

Օր մըն ալ իրեն ըսինք. «Բռուշ մայրիկ, ի՞նչ կար, ինչո՞ւ առարկութիւն ըրիր, ան ալ հայ երիտասարդ մը չէ՞ր միթէ…

– Ի՞նչ կ՛ըսես, այ տղայ… իմ Մուրատս ոնց կտրիճ մի էր… Ես գացի պճուրի մը քով ինկայ…

Մենք ալ Բռուշ մայրիկի անշնչացած մարմինը սեւ հողին տակ թաղեցինք… եւ ահա այսօր ալ, քառասուն օրեր վերջ իր հոգւոյն աղօթելու համար, ու մենք կ՛երթանք…

ՇԱՒԱՐՇ ՔՀՆՅ. ՊԱԼԸՄԵԱՆ

Տիգրանակերտ, 10-2-63

 

Աւերակ Թուրքիա

«Հայերը Մեկնելէ Ետք Ամէն Ինչ
Երեսի
Վրայ Մնաց»

Հաճընի Մէջ Հայերու Օրով Աւելի Շատ Մարդիկ Կ՛ապրէին

Պոլսոյ «Միլլիէթ» թերթին էջ Էրենով երկրորդ խորագրին ներքեւ կը գրէ.-

«Արեւելքի (նախկին հայկական նահանգներու մասին է խօսքը) մէջ սով կը տիրէ, անասունները կը սատկին անօթութենէ, գրեցին թերթերը անցեալ ձմրան: 1962-ի սկիզբներուն Հաճընի մէջ կ՛ըսէին.

– Այստեղ հայերու օրով աւելի շատ մարդիկ կ՛ապրէին: Խաղողն ու գինին առատ էին: Այդ ժամանակ քաղաքը ունէր նաեւ երկրորդական վարժարան, որ հայերուն հետ չքացաւ: Մենք քանդեցինք այգիները` մեղք համարելով գինի  պատրաստելը: Ժամանակի ընթացքին պարպուեցաւ Հաճընն ալ: Իսկ հայերէ մնացած գինիի կարասները դեռ կը մնան տուներուն մէջ:

Գիւղացիներէն լսեցի, որ հայերը այստեղ եղած ատեն Հունու գետին վրայ փոքրիկ ամբարտակ մը կար, որուն շնորհիւ ջուրի նեղութիւն չէր զգացուեր: Ամբարտակը քանդուած է հիմա: Հեքքեարի եղայ, այստեղ հայերու մասին խօսուեցաւ: Գիւղացիները կ՛ըսէին. «Հայերը Չափ ձորին մէջ ծառախիտ այգիներ տնկեցին ու խաղող պատրաստեցին: «Շատ լաւ էր այն ժամանակ», ըսաւ Հեքքեարի դրամատան պաշտօնեան: «Բայց հիմա հայերը չկան», ըսի ես: «Հայերը մեկնելէ ետք, մերինները այլեւս երեսի վրայ ձգեցին անոնց տնկած այգիները»:

Արեւելքի մէջ տեսայ չհերկուած հողեր: Ալճաւազէն Վան, Վանէն Հեքքեարի շատ են անմշակ ձգուած նման հողեր: Այդ անմշակ ձգուած հողերուն վրայ գոնէ անասուններ պահուէին, բայց ոչ՛ հնձուելիք խոտ կար, ոչ ալ աչքիս տեսած հեռաւորութեան վրայ անասուն մը: Այս շրջաններուն մէջ գիւղերը զուրկ են դպրոցներէ եւ ճամբաներէ. ինչպէս կրնան յառաջդիմել հոն ապրողները: Այս է, ահա, իմ երկրի մեծ մասին կացութիւնը»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES