Հայրենի Կեանք
«Վիվասել–Էմ. Թի. Էս.»-ի Տնօրէնը Կը Բացայայտէ
Նորարարական Մտածելակերպի Գաղտնիքները
Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի հրաւէրով «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան հանդիպած է համալսարանի ուսանողներուն հետ եւ հանդէս եկած է առեւտուրի-նորարարութիւններու մասին դասախօսութեամբ:
Ռալֆ Եիրիկեան իր դասախօսութեամբ հիմնաւորած է ընկերութեան իրականացուցած նորարարական նախագիծերը: Ան իր դասախօսութեան ընթացքին անդրադարձած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի ծանուցումի մասնագէտներուն մշակած եւ յաջողութեամբ իրականացուցած նորարարական նախագիծերը:
Դասախօսութեան ընթացքին Ռալֆ Եիրիկեան նաեւ խօսած է ստեղծագործական մտածողութիւնը խթանող կարգ մը գործօններու մասին, ինչպէս` արտադրողականութեան մշակոյթը եւ ընկերային հիմնարկներու դերը: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի տնօրէնը ներկայացուցած է ընկերութեան ղեկավարման ընթացքին շահած փորձառութեան եւ կարեւոր դիտարկումներուն մասին, թէ ինչպէս ընկերութիւնը յաջողած է դառնալ հեռահաղորդակցութեան ոլորտի առաջատարը` անընդմէջ պահպանելով իր նուաճած դիրքերը եւ արձանագրելով նոր յաջողութիւններ:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը իր որդեգրած մշակոյթը տարածելով տնտեսական դաշտին մէջ` ուսանողութեան հասանելի դարձուցած է տարիներու ընթացքին ընկերութեան կուտակած հարուստ փորձառութիւնը: Կառավարման մշակոյթը կարեւոր է թէ՛ երկարաժամկէտ զարգացման եւ թէ՛ առանձին ոլորտներու մէջ իրականացուող ծրագիրներու արդիւնաւէտութեան տեսակէտէն:
Ռալֆ Եիրիկեան անդրադարձած է գործարարութեան բարոյագիտութենէն բխող առանցքային քայլերուն, որոնք անհրաժեշտ են արդիւնաւէտ տնտեսական գործունէութիւն իրականացնելու համար: Եիրիկեան ներկայացուցած է ընկերութեան առանցքային արժէքները, ինչպէս նաեւ խօսած է նորարարութիւններու եւ աշխատանքի մէջ պատասխանատուութեան մասին:
«Ներառական մտածողութեան վրայ հիմնուած առողջ աշխատանքային միջավայրը, բարոյական կանոններով առաջնորդուելու պատրաստակամութիւնը, սահմանուած նպատակներու հասնելու պատրաստակամութիւնը նորարարութեան անհրաժեշտ, բայց ոչ բաւարար պայմաններ են: Նորարարութեան նպաստող հիմնական գործօններն են` հաւատքը սեփական ուժերու, ապագայի տեսլականի հանդէպ, ինչպէս նաեւ` ինքնավստահութիւնը», շեշտած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէնը: «Նորարարութիւնը մտքի արգասիք է: Իսկ ի՞նչը կը խոչընդոտէ նորարարական մտածելակերպը. միօրինակութիւնը եւ «քարանձաւային» մտածելակերպերն են, որոնք պէտք է յաղթահարուին: Արհեստագիտութիւնը եւ տարատեսակ արհեստագիտական մշակումները համեմատաբար աւելի դիւրին եւ լուծելի հարցեր են, որովհետեւ կը հանդիսանան նորարարական մտածողութեան արդիւնքը: Առաջին քայլը, որ պէտք է կատարէ «բաց» եւ ներառական մտածելակերպ ունեցող ղեկավարը, նորարարական մտածողութիւնը խթանող միջավայրը կայուն արմատներու վրայ հիմնելն է իր ղեկավարած ընկերութիւնը», նշած է Ռալֆ Եիրիկեան:
Սկզբնական հանգրուանին «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կանգնած էր երկընտրանքի առջեւ. առաջինը` ընտրութիւն կատարել զարգացման երկու տարբերակներու միջեւ. ցանցի զարգացումը եւ առեւտրական-գործընթացներու արդիւնաւէտ կազմակերպման նպատակով Հայաստան հրաւիրել հեռահաղորդակցութեան ոլորտի օտար հեղինակաւոր խորհրդատուական ընկերութիւններու մասնագէտներ, կամ ապաւինիլ սեփական ներուժին` փորձ չունեցող, նորաւարտ, բայց միաժամանակ ստեղծագործական մտածելակերպով օժտուած, գործին նուիրուած եւ իրենց ուժերուն հանդէպ հաւատքով լեցուած երիտասարդները: Ընտրուեցաւ երկրորդ տարբերակը, եւ կարճ ժամանակ անցնելէ ետք երեւաց, որ միանգամայն ճիշդ որոշում էր:
Օփերային Թատրոնի Բեմը Վերանորոգումէ Ետք
Պիտի Դառնայ Աշխարհի Ամէնէն Ժամանակակիցներէն Մէկը
Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային թատրոնի բեմի վերանորոգման աշխատանքներուն 80 առ հարիւրը աւարտեցաւ: Շատ մօտ ատենէն Հայաստան պիտի ունենայ ժամանակակից եւ միջազգային բոլոր չափանիշներուն համապատասխան օփերային թատրոնի բեմ: Թատրոնի տնօրէն Կամօ Յովհաննիսեան նշեց, որ թատրոնի բեմին շինարարական աշխատանքները վստահուած են աւստրիական-գերմանական «Վակներ Պիրօ սթէյճ սիսթեմս» ընկերութեան: Վերանորոգման հովանաւորումը պիտի իրականացուի վարկային ծրագրի շրջանակներուն մէջ:
«Իւրաքանչիւր թատրոն ունի իր իւրայատկութիւնները: Օփերային թատրոնի հրաշալի դահլիճը եզակի է, բայց մեր տաղանդաւոր ճարտարապետը` Թամանեանը շէնքը նախագծելու ժամանակ զայն նկատի չէ ունեցած իբրեւ օփերային թատրոն, այլ` իբրեւ մշակութային կեդրոն: Հետագային, երբ շինութիւնը սկսաւ իբրեւ օփերային թատրոն, յառաջացան բեմը յարմարեցնելու տարբեր հարցեր», նշեց Յովհաննիսեանը: Ան տեղեկացուց, որ վերջին անգամ թատրոնը վերանորոգուած է 2001-2003 թուականին` «Լինս» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ, սակայն ո՛չ ամբողջական, այլ` մասնակիօրէն: Ան հաւաստիացուց, որ վերազինումէն ետք հայկական օփերային թատրոնի բեմը պիտի հաւասարի եւրոպական հեղինակաւոր բեմերուն:
«Ձայնային, լուսային եւ թեքնիք վերազինումէ ետք պիտի ունենանք հրաշալի բեմ», յայտնեց թատրոնին տնօրէնը:
«Ամէնէն կարեւորը` ներդրած ենք կառավարման ամէնէն ժամանակակից համակարգը, որ կրնանք տեսնել աշխարհի բոլոր ժամանակակից թատրոններու մէջ կամ այն թատրոններուն մէջ, որոնք վերակառուցուած են վերջին հինգ տարիներուն», ըսաւ «Վակներ Պիրօ սթէյճ սիսթեմս» ընկերութեան առքուվաճառքի բաժնի նախագահ Քրիսթիան Շլիվերը: Ըստ անոր, իրենք պիտի իրականացնեն վերապատրաստման եւ խորհրդատուական աշխատանքներ բոլոր աշխատողներուն համար, իսկ նախքան բեմին պաշտօնական բացումը` պիտի իրականացուին փորձարկման աշխատանքներ:
«Այս նոր ներդրուած համակարգէն այնքան դիւրին է տրամաբանօրէն եւ մտածելով օգտուիլը, ինչպէս` Այ. ֆոնէ մը», հաղորդեց աւստրիացի մասնագէտը:
Աւստրիական կառավարութեան կողմէ Հայաստանին տրամադրուած վարկային ծրագրի շրջանակներուն մէջ մինչեւ այս պահը շինարարութեան համար ծախսուած է 8 միլիոն եւրօ: Օփերայի վերազինումը ներառած է բեմական մեքանիզմի արդիականացում: Ամբողջ մեքանիզմը պիտի ղեկավարուի նոր «ՔԱԹ Վի.4» համակարգչային ղեկավարման համակարգով:
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ
«Պաքու Նահանգի Հայութիւնը 19-րդ Դարու Երկրորդ Կիսուն»
Եւ «Պաքու Քաղաքի Հայութեան Պատմութիւնը» Գիրքերուն
Շնորհահանդէսը
Փետրուար 27-ին կայացաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան պատուէրով եւ հովանաւորութեամբ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի աշխատակից, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Գէորգ Ստեփանեանի` անգլերէնով հրատարակուած «Պաքու նահանգի հայութիւնը 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն» պատմական ժողովրդագրական ուսումնասիրութեան, որուն հայերէն տարբերակը լոյս տեսած էր 2010 թուականին, դարձեալ` Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան պատուէրով, նաեւ հայերէնով լոյս տեսած` «Պաքու քաղաքի հայութեան պատմութիւնը» աշխատութեան շնորհահանդէսը:
Ձեռնարկին մասնակցած էին` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շ. Քոչարեանը, Հայաստանի գլխաւոր ռազմական տեսուչ Մ. Յարութիւնեանը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Ա. Մելքոնեանը, Հայաստանի ազգային արխիւի տնօրէն Ա. Վիրաբեանը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս, Գիտութեան վաստակաւոր գործիչ Վ. Բարխուդարեանը եւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, գիտնականներ:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարը խորհրդանշական համարեց այն փաստը, որ շնորհահանդէսը համընկած է Սումկայիթի ջարդերուն եւ արցախեան ազատամարտի յաղթանակներուն ժամանակահատուածին հետ:
Շնորհաւորելով հեղինակը` Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը նշած է, որ` «Այս գիրքերը մեծ ներդրում ունին հայոց քաղաքակրթութեան արժեհամակարգի համակողմանի ուսումնասիրութեան գործին մէջ: Գ. Ստեփանեան յաջողած է արխիւային վաւերագրներու, տեղեկագրական աշխատութիւններու, վիճակագրական նիւթերու եւ ժամանակի պարբերական մամուլի հրապարակումներու հենքին վրայ ներկայացնել Պաքուի հայ բնակչութեան պատմական ժողովրդագրական ամբողջական պատկերը»: Նախարարը շեշտած է, որ` «Պաքու նահանգի հայութիւնը 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն» աշխատանքը անգլերէնով հրատարակելով` հակազդած է ազրպէյճանական այն քարոզչամեքենային, որ անընդհատ աշխատած եւ հակահայկական տեղեկատուութիւն տարածած է ամբողջ աշխարհի մէջ:
«Պաքու քաղաքի հայութեան պատմութիւնը» աշխատութեան մէջ սկզբնաղբիւրներու քննութեամբ ցոյց տրուած է, որ Պաքուն արեւելեան Այսրկովկասի մէջ Ի. դարու երկրորդ տասնամեակին վերջաւորութեան «Ազրպէյճան» անունով արհեստածին պետութեան մայրաքաղաք դարձած է եկուոր թուրք-օղուզներու հետնորդներուն` 1930-ական թուականներու վերջաւորութեան «ազրպէյճանցի» յորջորջուած կովկասեան թաթարներու կողմէ տեղաբնիկ ժողովուրդներու, ինչպէս` հայեր, թաթեր, լեզգիներ եւ այլն, ցեղասպանական քաղաքականութեան, ուծացման, քաղաքակրթական արժէքներու կողոպտման եւ ոչնչացման միջոցով:
Հրանուշ Յակոբեան նշած է, որ կը նախատեսուի «Պաքու նահանգի հայութիւնը 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն» գիրքին ռուսերէն թարգմանութիւնը, եւ ճիշդ պիտի ըլլար, եթէ այսօր գրի առնուէին նաեւ Սումկայիթի ջարդերուն մէջ հայ վերապրած-ականատեսներուն պատմութիւնները:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան Ազրպէճանի բացայայտ տարածքային յաւակնութիւնները Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ դիտարկած է իբրեւ այդ երկրի ժառանգական վարչակարգի հոգեվարքի հերթական վկայութիւն: Երբ բացայայտ սուտը ներկայացուած է իբրեւ ճշմարտութիւն, եւ այս կը սպառնայ ամբողջ տարածաշրջանին եւ առաջին հերթին` ազրպէյճանական ժողովուրդի անվտանգութեան: Այդ իմաստով ի հարկէ Հայաստանը պէտք է յաղթէ ո՛չ միայն ռազմի, այլ նաեւ` քարոզչական դաշտին մէջ:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆեսէօր Աշոտ Մելքոնեան նշած է, որ յաղթանակը արցախեան ազատամարտին մէջ հայերուն բաւարար թուաց, եւ ճշմարտութիւնը ապացուցելու կարիքը չկայ: Սակայն քարոզչութեան դաշտին մէջ եղած բացթողումը այսօր շտկուած եւ վերականգնած է հաւասարակշռութիւնը:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս, գիտութեան վաստակաւոր գործիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Վլատիմիր Բարխուդարեան գոհունակութեամբ նշած է մեր ազգի համար այսքան կարեւոր գիրքերու շնորհահանդէսը լեփ-լեցուն դահլիճին մէջ: Շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ յատկապէս նախարարի` հայ գիրքի եւ գրականութեան հանդէպ նման հոգածու վերաբերմունքի համար, Վ. Բարխուդարեան նշած է, որ գիրքերու գլխաւոր առաւելութիւնը փաստական վկայութիւններն են, որոնք ամրագրուած մեր պատմութեան անբաժանելի մասն են: Ակադեմիկոսը առաջարկած է նոյն ձեւով զբաղելու եւ վաւերացնելու նաեւ Վրաստանի 19-րդ դարու պատմութիւնը:
Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեանի կարծիքով, գիրքը նախ եւ առաջ պատմական մեծ աշխատութիւն է, այնուհետեւ` ազրպէյճանական հակաքարոզչութեան ուղղուած հիմնարար աշխատանք:
Ելոյթներով հանդէս եկած են նաեւ` պատմական գիտութիւններու դոկտոր, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի հին դարերու պատմութեան բաժնի վարիչ Էդուարդ Դանիէլեան, «Քաղաքական հետազօտութիւններու ակադեմիա» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից-անդամ Ալեքսանդր Մանասեան եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի առաջատար գիտաշխատող, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Էմմա Կոստանեան:
Ձեռնարկի աւարտին ելոյթ ունեցած է գիրքերու հեղինակ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի գիտաշխատող Գէորգ Ստեփանեան: Հեղինակը նշած է, որ ինք եւս Պաքուի ջարդերը վերապրած ընտանիքի զաւակ է եւ աշխատանքին նուիրուած է եռանդով, իր մեծերուն արժանին մատուցելու ձգտումով: Ստեփանեան ուրախութեամբ ընդգծած է, որ գիրքի կողքին պատկերուած է Պաքուի հայկական առաջին` Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին: Մենագրութիւնը կրնայ օգտակար ըլլալ ինչպէս պատմական ժողովրդագրութեան, հայագիտութեան եւ կովկասագիտութեան հարցերով զբաղողներուն, պատմաբաններուն, այնպէս ալ` լայն հասարակայնութեան համար:
Շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան` իր հեղինակած գիրքին տպագրութեան հովանաւորութեան եւ անգլերէն թարգմանելու հարցը լուծելուն համար, հեղինակը մասնաւորաբար նշած է. «Գիտնականներուս համար շատ կարեւոր է տեսնել պետական գերատեսչութեան կողմէ նման գործի կարեւորութեան գիտակցումը: Այդ մէկը մեզի ուժ կու տայ եւ կը մղէ յաւելեալ քրտնաջան աշխատանքի», շեշտած է Գ. Ստեփանեան:
Արդի Հայ Արձակի Հիմնական Հարցերուն Նուիրուած
Գիտաժողով
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը, Երեւանի պետական համալսարանը եւ Հայաստանի Գրողներու միութիւնը պիտի կայացնեն երկօրեայ գիտաժողով` նուիրուած արդի հայ արձակի հիմնական հարցերուն:
Համազգայինի գրասենեակէն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, գիտաժողովը համակողմանիօրէն, գրականագիտական արդիական չափանիշներով պիտի արժեւորէ ժամանակակից հայ արձակը, պիտի անդրադառնայ անոր հիմնական հարցերուն, զարգացման միտումներուն եւ հեռանկարներուն:
Գիտաժողովին հրաւիրուած են գիտնականներ, բանասէրներ` Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն:
Ապրիլ 5-ին Երեւանի պետական համալսարանի Բանասիրութեան բաժանմունքի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ գիտաժողովին բացումը եւ զեկոյցներու ներկայացումը, իսկ ապրիլ 6-ին աշխատանքները պիտի շարունակուին Գրողներու միութեան Ծաղկաձորի ստեղծագործական տան մէջ, ուր նախատեսուած են կլոր սեղան-քննարկումներ եւ բանավէճեր:
Զեկուցումներու դիմումները կ’ընդունուին մինչեւ 25 մարտ:
Գիւմրեցիները Նշեցին Զօրավար Անդրանիկի
Ծննդեան 148-Ամեակը
Գիւմրիի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ, 25 փետրուարին Գիւմրիի մէջ նշուեցաւ զօրավար Անդրանիկի ծննդեան 148-ամեակը: Ի յիշատակ մեծ հայդուկապետին` քաղաքային իշխանութիւններու եւ Գիւմրիի զօրամասի ներկայացուցիչները ծաղկեպսակ զետեղեցին զօրավարի յուշարձանին առջեւ: Գիւմրիի փողերախումբը նուագեց ազգային-ազգագրական երգեր:
«Անդրանիկը յեղափոխական մարտիկ էր, այստեղ է անոր անսահման ժողովրդականութեան գաղտնիքը: Ժողովուրդը կը պաշտէ միայն անոնք, որոնք հայրենիքի ազատութեան համար պայքարիլ ու մեռնիլ գիտեն,- նշեց Շիրակի զօրաբաժինի հրամանատարի տեղակալ Սօս Բէգջանեանը:- Հայ ժողովուրդը շատ մը հերոսներ ունեցած է, բայց Անդրանիկին աստղը ուրիշ է: Այսօրը ամբողջ հայութիւնը պէտք է տօնէ զօրավարին ծննդեան տօնը»:
Խօսք արտասանողները նշեցին, որ պէտք է մնայուն կերպով յիշել ու արժեւորել մօտաւորապէս երեսուն տարի Օսմանեան կայսրութեան դէմ մարտնչած զօրավարը, որ ստանձնած է նաեւ հայկական կամաւորական առաջին գունդի հրամատարութիւնը:
Օրուան խորհուրդէն մեկնած` մեծ զօրավարին արձանին մօտ տեղի ունեցաւ շիրակցի բանաստեղծ Սամուէլ Մարգարեանի «Հայդուկապետ հայոց» պատմական բանաստեղծական ժողովածուին շնորհահանդէսը:
2012-ին Տպագրուած Է 1922 Գիրք
Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան հայատառ գրատպութեան 500-ամեակի հանդիսութիւններուն եւ նախաձեռնութիւններուն նախապատրաստող պետական-յոբելենական յանձնախումբի նիստին ընթացքին ամփոփած է 2012-ին տպագրութեան 500-ամեակին առնչուած նախաձեռնութիւնները: Նախարարը յայտնած է, որ 2012-ին տպագրուած է 1922 գիրք, մինչ այդ թիւը 1851 էր` 2011-ին. միայն պետական պատուէրով հրատարակուած է 172 գիրք:
Ըստ նախարարին, կարեւոր էր հայ գրաւոր ժառանգութեան բազմակողմանի ներկայացումը աշխարհի թանգարաններուն եւ գրադարաններուն մէջ` ցուցահանդէսներ կազմակերպելով աշխարհի հայատառ տպագրութեան կեդրոններուն մէջ` Վենետիկի, Ամսթերտամի, Վիեննայի, Փարիզի, Պուքրէշի, Լոնտոնի, Ս. Փեթերսպուրկի, Սոֆիայի, Թիֆլիսի, Երեւանի եւ Շուշիի մէջ:
«Բացառիկ էր Վենետիկի «Կորեր» եւ Հնագիտութեան թանգարաններուն եւ «Մարչանա» ազգային գրադարանին մէջ բացուած ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած 200 ցուցանմուշները բերուած էին Հայաստանէն, Ֆրանսայէն եւ Իտալիոյ ամբողջ տարածքէն: Հայաստանը մասնակցած է գիրքի միջազգային 14 տօնավաճառներու` Ժընեւի, Պուէյնոս-Այրեսի, Լոս Անճելըսի, Մինսքի, Փարիզի, Պոլոնիայի, Սալոնիկի, Ս. Փեթերսպուրկի, Վարշաւայի, Թեհրանի, Աշխապատի, Մոսկուայի, Ֆրանքֆուրթի, որոնցմէ չորսին` յատուկ կարգավիճակով», յայտնած է նախարարը` աւելցնելով, որ 2012 թուականը շատ արդիւնաւէտ էր նաեւ միջազգային համագործակցութեան տեսակէտէն. «Հայաստանեան կառոյցները անդամակցեցան այնպիսի հեղինակաւոր կազմակերպութիւններու, ինչպէս` Հրատարակիչներու միջազգային միութեան, Մանկապատանեկան գիրքի միջազգային կոմիտէին, Երաժշտական գրադարաններու միջազգային միութեան»:
Նախարարը կարեւորութեամբ անդրադարձած է «Սասնայ ծռեր» կամ «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպերուն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ ներառման:

