Ճափոնցի Գեղասահորդները Սոչիի Ողիմպիականին Պիտի Պատրաստուին Երեւանի Մէջ
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքէջէն` PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Ճափոնի գեղասահքի ֆետերասիոնին նախագահն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելած են Հայաստան:
Անոնք այցելած են Ծիծեռնակաբերդ եւ ծաղկեպսակ զետեղած Մեծ եղեռնի զոհերուն յուշահամալիրին: Ապա, անոնք մեկնած են Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիր եւ մանրամասն կերպով ուսումնասիրած սահադաշտը: Անոնք մեծապէս զարմացած են` ի տես սահադաշտին եւ սառոյցին որակին:
Յառաջիկային Ճափոն այս մարզաձեւի մեծ պատուիրակութիւն մը պիտի ուղարկէ Հայաստան: Գեղասահորդներէն բացի, Հայաստան պիտի մեկնին նաեւ մարզական գիտաբժշկական խումբեր եւ լրագրողներ:
Անոնց կարծիքով, Հայաստանի կլիմայական պայմանները շատ յարմար են Սոչիի ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն նախապատրաստուելու համար: Անոնք կարեւորութեամբ կը նշեն նաեւ այն կէտը, որ ընդամէնը 1,5 ժամէն կարելի է Երեւանէն հասնիլ Սոչի:

