Ֆութսալ. Լիբանանեան Բանակը Հանդիսացաւ Բ. Դասակարգի Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան ֆայնըլ-սիքսի 5-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:

Լիբանանեան բանակը հանդիսացաւ Բ. դասակարգի ախոյեան` 4-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ղըպէյրիի քաղաքապետութեան:

Նախքան մրցումը սկսիլը, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց ֆութսալի խումբերուն պատասխանատու եւ Ժամհուրի մարզիչ Էլիաս Քասիֆիի, որ նախորդ երեքշաբթի օր մահացած էր:

Հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Ղըպէյրի ախոյեան խումբին հետ բարձրացաւ Ա. դասակարգ: Նշենք, որ Ա. դասակարգ բարձրացան նաեւ Նըժմեթ Խալիժ եւ Շուէյֆաթ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )