Ուաշինկթըն Զիջած Է Սուրիական Թղթածրարը, Եւ Ռուսիա Կը Գլխաւորէ Լուծման Աշխատանքը
ԱՊՊԱՍ ՏԱՀԵՐ
Դամասկոսի մէջ վերջերս գործուած մահասփիւռ ականահարումները սերտօրէն կ’առնչուին սուրիական բեմի զինուորական եւ քաղաքական զարգացումներուն հետ: Արարքի դրդապատճառներուն միակ տրամաբանական բացատրութիւնը այն է, թէ զինեալները շաբաթներ շարունակ Դամասկոսը գրաւելու խոստումներ արձակելէ ետք, բանակի կանխարգիլող հարուածներուն տակ վիժեցաւ իրենց ծրագիրը, եւ այդ պարտութիւնը փորձեցին հատուցել այդ արարքով:
50-է աւելի զոհեր եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ պատճառած ականահարումը աներկբայօրէն դատապարտելու փութաց նաեւ «Սուրիոյ ընդդիմադիր քոալիսիոն»-ը: Այս յայտարարութիւնը բացայայտեց երկու նշանակալից կէտեր. առաջին` Սուրիոյ հանրային կարծիքը այլեւս կը մերժէ լսել նման ականահարումներու արդարացումներ կամ չքմեղանքներ. երկրորդ` Սուրիոյ հանրային կարծիքը այլեւս հաւատք չ՛ընծայեր այն պնդումներուն, թէ վարչակարգը կը կանգնի այս ականահարումներուն ետին: Այս տուեալները կը հաստատեն դատապարտումի յայտարարութիւններ հրապարակելու համար ընդդիմութեան տարբեր թեւերու միջեւ մրցումը: Իսկ Քայիտայի կապուած «Ժապհաթ նուսրա»-ն (զօրակցութեան ճակատ), որ զինեալ խմբաւորումներու մէջ իր ներկայութիւնը կ՛ընդարձակէ եւ կ՛ամրապնդէ, այժմ կը զգայ, որ ընդդիմութեան տարբեր «խորհուրդներ»-ն ու կառոյցները կը պատրաստուին հրապարակաւ հրաժարելու իրեն զօրակցելէ: Յիշեցնենք, որ սուրիական ընդդիմութեան բազմաթիւ բեւեռներ զարմանք յայտնած էին, իսկ ուրիշներ քննադատած ու դատապարտած էին «Նուսրա»-ն ահաբեկչութեան ցանկին վրայ ներառելու ամերիկեան որոշումը:
Որո՞նք են այն պատճառները, որոնք «Նուսրա»-ն մղեցին վերադառնալու արիւնալի ականահարումներու ոճին. արդեօք այս արարքը ընդդիմութեան ուղղուած պատգա՞մ մըն է, թէ՞ կը մերժէ եւ պիտի ականահարէ խաղաղ լուծման ամէն առաջարկ, թէ՞ այդ պատգամը ուղղուած է ընդդիմութեան ու վարչակարգին հաւասարապէս: Արդեօք այս արարքով Քայիտան կ՛ըսէ, թէ ի՞նքն է սուրիական մարտադաշտին տէրն ու հրամայելու իրաւասուն, եւ այդ իրաւասութիւնը ոչ մէկ քաղաքական կամ զինուորական ընդդիմադիր կառոյցի պիտի զիջի:
Այս եւ նման հարցումներուն պատասխանները պիտի տան յառաջիկայ օրերու զարգացումները. մէկ բան յստակ է, որ Սուրիոյ հանրային կարծիքին մեծամասնութիւնը այլեւս չի հանդուրժեր զինեալ բախումները, որոնք արիւնաքամ ըրին իր տնտեսութիւնը, առեւանգեցին իր ապահովութիւնը եւ գաղթի ու ապաստան որոնելու հոգեմաշ վիճակներու մէջ դրին զինք` իր արժանապատուութիւնը դարձնելով միջազգային եւ շրջանային ուժերու, նաեւ` չարաշահող անհատներու առուծախի առարկայ:
Ժողովուրդին ընդհանուր տրամադրութիւնը հասած է հոն, ուր իրազեկ անձնաւորութիւններ օտար դիւանագէտներու հաւաստեցին, որ եթէ հանրաքուէ կամ նախագահական ընտրութիւն կատարուի, ապա այսօր նախագահ Պաշշար Ասատին քուէարկողներուն համեմատութիւնը պիտի շշմեցնէ բոլորը, որովհետեւ ժողովուրդը, ամբողջ ժողովուրդը ափսոսանքով կը յիշէ անցած տարիներուն իր վայելած վերելքը:
Բազմաթիւ ցուցանիշներ կան, թէ որոշ լուծում մը կը հասուննայ. նշաններ կու տան թէ՛ Սուրիոյ վարչակարգը, թէ՛ ընդդիմութիւնը, թէ՛ ալ առնչութիւն ունեցող միջազգային ուժերու վերաբերումը:
Սուրիոյ կառավարութիւնը ներքին բեմին վրայ իր համակիր զանգուածը արդէն նախապատրաստած է երկխօսութեան մը, որուն ընդհանուր վերնագիրները ճշդեց նախագահ Ասատ: Վարչակարգը նաեւ Մոսկուայի ու Թեհրանի միջոցով երաշխիքներ տուած է, թէ այդ երկխօսութիւնը գործնական արդիւնքներու պիտի յանգի. ասոր վրայ հիմնուելով է, որ ռուս անձնաւորութիւններու վերջին յայտարարութիւնները կը հաստատեն, որ սուրիական տագնապի յառաջիկայ հանգրուանը արդիւնաւէտ եւ դրական պիտի ըլլայ:
Ռուս եւ ամերիկեան հարթութեան վրայ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Ճոն Քերի մնայուն հաղորդակցութեան մէջ են` ի տարբերութիւն Հիլըրի Քլինթընի օրերուն տիրած մթնոլորտին: Ռուսական իրազեկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ շրջանային ուժերու կողքին, Լաւրովի ջանքերը յաջողած են համոզել ամերիկացիները, թէ «Նուսրա«-ն շատ վտանգաւոր կազմակերպութիւն է, որ իր ցանցերը տարածած է ամբողջ Միջին Արեւելքի եւ ափրիկեան բազմաթիւ երկիրներու մէջ. Լաւրով նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է ճկունութեամբ քննարկելու բոլոր ամերիկեան առաջարկները, պայմանաւ որ «Նուսրա»-ն դուրս քշուի Սուրիայէն. ըստ նոյն աղբիւրներուն, Ուաշինկթընի եւ անոր դաշնակիցներուն ենթակայ ընդդիմադիր հատուածները անկարող դուրս եկան գործադրելու այս պայմանը, եւ ամերիկացիք ստիպուած` պատրաստակամութիւն յայտնած են դիւրացնելու Ռուսիոյ պատկերացուցած ոճով լուծում մը:
Ուաշինկթընի այս ուղղուածութեան ցուցանիշ կարելի է համարել Քերիի` Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարին առջեւ կատարած այն յայտարարութիւնները, թէ պիտի սկսի շրջանին մէջ խորհրդակցութիւններու եւ բանակցութիւններու, որոնց դիւանագիտական մեկնակէտը պիտի հանդիսանայ սուրիական տագնապին բանակցային լուծումը. ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնած է, որ հարցին զինուորական լուծումներ չկան, եւ շրջանի երկիրներուն մեծ մասը կարիքը ունի եւ կը պահանջէ սուրիական տագնապին արագ ու քաղաքական լուծում մը տալ: Նոյն պահուն արեւմտեան լրատուամիջոցներ արձագանգեցին ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւններու այն տեղեկագիրներուն, թէ իսլամ արմատական կազմակերպութիւն մը իր ցանցերը արագօրէն կը տարածէ ու կ՛ընդարձակէ Լիբանանի, Յորդանանի, Իրաքի եւ այլ երկիրներու ուղղութեամբ: Նոյն տեղեկագիրը կը նախատեսէ, որ այդ կազմակերպութիւնը կը ծրագրէ բռնկեցնել ամբողջ շրջանը, եւ Իսրայէլ հեռու պիտի չըլլայ այդ կրակէն:
Թուրքիա մօտէն կը հետեւի այս զարգացումներուն, բայց կը խոստովանի, թէ Սուրիոյ մէջ իր դերակատարութիւնը շատ արագ բարձրանալով, կանխահաս գագաթնակէտի մը հասնելէ ետք, նոյնքան արագ անկումի եւ ձախողութեան հասած է: Արդ, Անգարա Ասատը տապալելու իր եռանդը փոխարինեց Սուրիոյ մէջ քիւրտերու հետ կացութիւնը հանդարտեցնելու եւ իր ներքին քրտական հարցին լարուածութիւնը մեղմացնելու աշխատանքներով: Այդպէս կը մեկնաբանուի այն թոյլատուութիւնը, զոր ստացան քիւրտ գործիչներ` տեսակցելու Ապտիւլլա Օճալանի հետ: Աւելի՛ն. Անգարա հասկցած է, որ Ուաշինկթընի բարձրաստիճան անձնաւորութիւնները, որոնք քանի մը ամիս առաջ մնայուն հաղորդակցութեան ու համակարգումի մէջ էին վարչապետ Էրտողանի հետ, այժմ կը խուսափին անոր հետ հաղորդակցելէ. ամերիկացիներու այս ուղղութիւնը յստակ դարձաւ, երբ Էրտողան բարձրաձայն ու հրապարակաւ Օպամայէն պահանջեց զինուորական հարուած տալ Սուրիոյ վարչակարգին: Երեք ամիսէ ի վեր Էրտողան կը փորձէ ժամադրութիւն ստանալ Սպիտակ տունէն, եւ պատասխան չէ ստացած ցարդ: Ընդհանուր պարունակին մէջ դիտուած` ամերիկեան այս ընթացքը շատ կը մտահոգէ Թուրքիան:
Կարելի՞ է բոլոր վերոյիշեալներէն հետեւցնել, որ ամերիկացիք կը պատրաստուին ամբողջովին դուրս գալու, քաշուելու սուրիական թղթածրարէն եւ անոր տնօրինումը զիջելու Ռուսիոյ:
Կարելի չէ վճռական պատասխան տալ այս հարցումին, բայց անհերքելի է այն, որ բոլոր զարգացումները ցոյց կու տան սուրիական թատերաբեմէն ամերիկեան նահանջը: Նաեւ ոչ մէկ տուեալ կամ նշան կայ, թէ Ուաշինկթըն իր դիրքերը կու տայ Փարիզի, կամ որդեգրած է վերջինին առաջարկած այլընտրանքը` հանդիսատեսի դիրքէն դիտել սուրիական կողմերու կռիւը, որ արիւնաքամ պիտի ընէ երկու կողմերը. այս ընտրանքը բացառուեցաւ ռուսական մերժումին պատճառով. Մոսկուա յստակ դարձուցած է, որ այսպիսի ընթացք անընդունելի է, եւ կը պահանջէ ամենայն լրջութեամբ հետապնդել տագնապին լուծումը:
Եզրափակելու համար ընդգծենք, որ ռուսական դիւանագիտութեան պետը տագնապի լուծման համար միջսուրիական բանակցութիւններու սկսման թուական ճշդած է մարտի սկիզբը, ամերիկացիք ողջունած են ռուսական նախաձեռնութիւնը, եւրոպացիք չեն կրցած մերժել զայն, իսկ Թուրքիան ու արաբները մտահոգ կը սպասեն անոր արդիւնքներուն:
«Նաշրա»