Բողոքի Շարժման Տեղատուութիւնը

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Եթէ 2011-ը յատկանշուեցաւ որպէս համաշխարհային բողոքի տարի եւ յոյսեր արթնցուց քաղաքական տարբեր հոլովոյթներու մէջ 2008-ին սկիզբ առած եւ առ այսօր շարունակուող ընկերա-տնտեսական համատարած եւ պատմականօրէն իւրայատուկ ճգնաժամէն դուրս գալու յառաջդիմական այլընտրանքներու ինքնահաստատման, 2012-ը կարծես թէ եղաւ յուսախաբութեան տարի:

Ազատ շուկայական գաղափարախօսութիւնը, որով ի սկզբանէ դրոշմուեցաւ եւրոպական համարկումի մաասթրիխեան գործընթացը, արդէն բացայայտած է տոքթոր Ճեքիլ եւ Մըսթըր Հայտեան իր բնոյթը: Ոչ միայն արդէն հրէշացած այդ վարդապետութեան հերթական զոհերը` յոյներն ու սպանացիները, այլ` ճգնաժամի անմիջական թէ կարողական զոհ մարդկային հասարակութեան «ինիսունինը տոկոս»-ին համար յստակ է նաեւ հրէշին կերպարանքը` ժուժկալութեան տնտեսական քաղաքականութիւն: Բայց ի տարբերութիւն սարսափի գրական թէ շարժապատկերային տեսակի մէջ դասական պատմուածքին` հրէշին կեանք ու կերպարանք տուողը այս պարագային գիտնական մը չէ, այլ` համաշխարհային մակարդակով շահագործող «մէկ տոկոս» դասակարգը: Այդ «մէկ տոկոս»-ին դէմ 2011-ին ծառացած էր «ինիսունին տոկոս»-ը` արաբական աշխարհէն մինչեւ Եւրոպա տարբեր քաղաքներ, Ուոլ Սթրիթ եւ Ուաշինկթըն, ի շարս այլոց:

Այդուհանդերձ, անցնող տարուան իրադարձութիւնները եւ անոնց շարունակումը, ընդ որում` ի մասնաւորի ընտրական գործընթացներ, կարծես թէ եկան հաստատելու «մէկ տոկոս»-ի տիրակալութիւնը: Այդ մասին կը խօսին, ի մէջ այլոց, երկու փաստացի իրողութիւններ. համաշխարհային ճգնաժամին հիմնական պատասխանատու մեծ դրամատուները, որոնց առանձնաշնորհային համակարգը փրկելու փութացին մերքելներն ու օպամաները, շարունակեցին իրենց արտասովոր շահոյթը, մինչ ՄԱԿ-ի Աշխատանքի միջազգային գրասենեակի հոկտեմբեր 2012-ի տեղեկագրին համաձայն, 15-24 տարեկան երիտասարդութեան 2009-ի մրցանիշային անգործութեան 12.6 տոկոսը անփոփոխ մնացած է նաեւ 2011-ին: Այս հաշուարկով մօտ 75 միլիոն անգործներու աշխատանքի շուկայ մուտքը վաղուայ համար չէ, կը գրէր Զեքըրի Ֆիլլինկհամ geopoliticalmonitor.com կայքէջին վրայ, հոկտեմբեր 15, 2012-ին իր տեղադրած «Երիտասարդութեան անգործութեան աշխարհաքաղաքականութիւնը» վերլուծումին մէջ:

Հասարակական զօրաշարժերն ու բողոքները 2012-ին ամբողջականօրէն կանգ չառին անշուշտ: Բայց պարբերական ցոյցերն ու զայրոյթի հաւաքական արտայայտութիւնները չյաջողեցան համակարգային անհրաժեշտ փոփոխութիւնները կատարել: Առնուազն ոչ` ժողովրդավարութեան ներկայ խաղի կանոններով: Մէկ կողմ ձգենք Պըն Ալիի եւ Մուպարաքի ամբողջատիրութիւնները տապալած յեղափոխութիւններու ձախողութիւնը` ազատութիւն եւ արդարութիւն խոստացող համակարգերու ստեղծման իմաստով: Իսլամականներու ժողովրդավարականօրէն իշխանութեան գալն ու մեծամասնութեան ուժով ժողովրդավարական ազատութիւններն ու իրաւունքները կրօնական օրէնքով պայմանաւորելու, սահմանափակելու եւ, փաստօրէն, իրենց բովանդակութենէն պարպելու երեւոյթը կարելի չէ վերլուծել առանց (նաեւ) Միջին Արեւելքի մէջ մեծապետական միջամտութիւններու եւ ոտնձգութիւններու երկար պատմութեան գործօնի նկատառման: Բայց նոյնիսկ որպէս «ամենազարգացած ժողովրդավարութիւններ» ծանօթ երկիրներու մէջ ծայր առած բողոքի շարժումները անկարող եղան, օրինակի համար, Եւրոպական Միութեան տնտեսական քաղաքականութիւնը ծրագրող բանալի պաշտօններու վրայ, ներառեալ` կառավարական առաջին դէմքեր եւ «Եւրոպական կեդրոնական դրամատան» ղեկավարութիւն, «Կոլտմըն Սաքս» դրամատան ընտրանիի անդամներու ընտրութիւնը արգիլելու, ինչպէս Ժերոմ Ֆրիթելի եւ Մարք Ռոշի վաւերագրական ժապաւէնը` «Կոլտմըն Սաքս. դրամատունը, որ աշխարհը կը ղեկավարէ» ցոյց կու տայ:

Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի յունուարի վերջին շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցող տաւոսեան հանդիպման նախօրեակին անգլիական «Տի Օպզըրվըր»-ի յունուար 20-ի համարին մէջ ստորագրած իր վերլուծական յօդուածին մէջ Ուիլլ Հաթթըն դիտել կու տայ, որ Զուիցերիոյ մէջ հաւաքուած 2500 կիներէն ու այրերէն պէտք չէ սպասել դրամատիրութեան արմատական բարեկարգում: Մինչ համակարգը իր իսկ ծնունդ տուած հակասութիւններու պատճառով կորսնցուցած է վերանորոգման իր ուժականութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, սակայն, թոյլ կու տայ, որ ամենաբարձր խաւը շարունակէ իր անարդար ինքնահարստացումը, կը գրէ ան: «Տը Կարտիըն»-ի յունուար 22-ի խմբագրականը իր խորագրով իսկ տաւոսեան հաւաքը կ՛որակէ «ձախողածներու ակումբ»: «Տաւոսեան մարդիկ»ը, կը գրէ խմբագրականը մէջբերելով Հարվըրտի քաղաքագէտ Սամուէլ Հանթինկթընի կողմէ շրջանառութեան դրուած այդ հասկացողութիւնը, խթանելով կեղծ եւ անհաւասար համաշխարհայնացում մը, իրենց գաղափարախօսութեան հակազդեցութեան պայմանները ստեղծած են:

Դրամատիրական համակարգի ներքին հակասութիւնները նորութիւն չեն անշուշտ: Այդ հակասութիւններու գիտակցումը մեկնակէտն է յառաջդիմական մտածողութեան եւ անկէ յառաջացող քաղաքական ծրագիրներու յանձնառութեան: Խորքին մէջ, տակաւին տասնիններորդ դարէն ի վեր յառաջդիմական մտածողութեան գլխաւոր մարտահրաւէրը չէ եղած վերլուծումը միայն, այլ` այդ վերլուծումէն բխած զանգուածային զօրաշարժերու նպատակաուղղումը դէպի այլընտրանքային, եւ հասկնալիօրէն աւելի արդար, համակարգերու կառուցման: Աւելի՛ քան տասնամեակ մը առաջ Փորթօ Ալեկրէի մէջ Համաշխարհային ընկերային ֆորումը այդ այլընտրանքային տարբերակին ծնունդ կու տար: Այդ այլընտրանքը քաղաքական ծրագրի վերածուեցաւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ այսպէս կոչուած «Թեքում դէպի ձախ» երեւոյթով, որ, հակառակ իր վերիվայրումներուն եւ, անշուշտ, քննադատելի ու սրբագրելի կողմերով, կը շարունակէ իր ինքնահաստատումը: Բայց ընկերա-տնտեսական այլընտրանքային համակարգի կառուցման համաշխարհայնացման գործընթացը չյաջողեցաւ բնորդը հարաւէն հիւսիս փոխադրել: 2008-2011-ին այսպէս կոչուած զարգացած երկիրներու մէջ ճգնաժամէն ծնած բողոքը կարծես արդէն «յուշ դարձած է», կը գրէ Քրիսթոֆ Պուիոտ ֆրանսական «Սիանս Հիւմեն» ամսաթերթի յունուար 2013-ի համարին մէջ իր «Այլաշխարհացում. վերջին ցասումնե՞րը փակումէն առաջ» յօդուածին մէջ: Բողոքողները «չփոխեցին ուժի յարաբերութիւնը. Արեւմտեան աշխարհի նէօլի նոր-ազատական կազմակերպումը աւելի քան երբեք տոկուն կը թուի»: Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու «Հարփըր՛զ Մեկըզին»-ի հրապարակագիր Թոմըս Ֆրենք քննադատական լուսարձակի տակ կ՛առնէ «Օքուփայ Ուոլ Սթրիթ» շարժումը «Լը Մոնտ Տիփլոմաթիք» յունուարի համարին մէջ ֆրանսերէնով վերահրատարակուած «Օքուփայ Ուոլ Սթրիթ, ինքնիրմով սիրահարուած շարժում մը» իր յօդուածով: Առանց ժխտելու կամ թերագնահատելու շարժման ձեռքբերումները, Ֆրենք, այդուհանդերձ, «Օքուփայ»-ը կը մեղադրէ ժողովրդավարական պայքարի ու զօրաշարժի մշակոյթի մը կոփման նախաձեռնութենէն անդին չերթալու իրողութեամբ. շարժումը «չկարողացաւ գործադուլ մը կազմակերպել, ո՛չ ալ հաւաքման կեդրոն մը շրջափակել, եւ ոչ իսկ համալսարանական տնօրէնի մը գրասենեակը գրաւել: Իր հետեւորդներուն համար հորիզոնական մշակոյթը պայքարի գերագոյն հանգրուանը կը ներկայացնէր. «գործընթացը պատգամն է», կը վանկարկէին բողոքողները»:

Կը մնայ, որ տեղատուութիւնը չի նշանակեր բողոքի շարժման աւարտ: Հարստութեան անհաւասար վերաբաշխումի պատճառով սրող ընկերային բեւեռացումը ինքնին կը ստեղծէ ու կը պահպանէ զանգուածային բողոքի անհրաժեշտ պայմանները: Կը մնայ, որ բողոքի զօրաշարժի նախաձեռնող որեւէ քաղաքական թէ հասարակական ուժ այդ բողոքի նպատակաուղղուածութիւն տալու կոչուած բաւարար պայմաններու ծնունդ տալու կարողութիւն ունենայ:

 

Share this Article
CATEGORIES