Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը
Երեքշաբթի, 5 մարտ 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց կարճ այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը` ընկերակցութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանի:
Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորումի ենթարկելու վերջին տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղի իրագործումները եւ անոր դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներն ու մտահոգութիւնները:
Լսելէ ետք փոխվարչապետին զեկուցումը եւ գնահատականը Լեռնային Ղարաբաղի պետութեան աշխատանքներուն ու առաջադրութիւններուն մասին` վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի ղեկավարութեամբ երկրին մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները, ինչպէս նաեւ նոր հորիզոններու բացուելու պետութեան քաջութիւնը:
Այս առիթով վեհափառ հայրապետը վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հզօրացման ձգտող բոլոր նախաձեռնութիւններուն ու աշխատանքներուն: Ան նաեւ կոչ ուղղեց սփիւռքահայութեան` վերանորոգ թափով եւ զանազան ձեռնարկներու ճամբով շարունակելու մասնակից դառնալ Լեռնային Ղարաբաղի զօրացման ու զարգացման աշխատանքներուն:


