Վենեզուելայի Նախագահ Հիւկօ Չաւեզ Կնքեց Իր Մահկանացուն
Երէկ Վենեզուելայի փոխնախագահ Նիքոլաս Մատորօ գուժեց Վենեզուելայի նախագահ Հիւկօ Չաւեզի մահը` երկար ատենէ ի վեր քաղցկեղի հիւանդութենէ տառապելուն պատճառով:
Չաւեզ Վենեզուելայի նախագահ ընտրուած է 2 փետրուար 1999-ին, վերընտրուած է 2006 թուականին: Յայտնի դարձած է Վենեզուելայի մէջ ժողովրդավարական ընկերվարութեան գաղափարախօսութեան հիման վրայ կառավարման համակարգ մը ստեղծելու քայլով: Ջատագովն էր Լատինական Ամերիկայի երկիրներուն միջեւ քաղաքական եւ տնտեսական համարկումին, յայտնի` կայսերապաշտութեան նկատմամբ իր ընդդիմութեամբ, անտեղիտալի քննադատ` համաշխարհայնացման ջատագով նոր ազատական տեսաբաններուն եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան:
CATEGORIES Միջազգային