Թել Աւիւ. «Իսրայէլ Ձեռնածալ Պիտի Չմնայ» «Սուրիոյ Մէջ Ընդդիմութեան Եւ Վարչակարգին Համար Լուծումը Ժընեւի Հաղորդագրութիւնն Է» Յայտարարեց Քերրի
Իսրայէլ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին յղեց զգուշացում մը, որ ինք «ձեռնածալ» չի կրնար մնալ, մինչ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զինեալ տագնապը Սուրիոյ սահմաններէն դուրս կը տարածուի:
ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպան Ռոն Փրոսոր Ապահովութեան խորհուրդին յղած իր նամակին մէջ գանգատեցաւ Սուրիայէն հրետանիէ արձակուած ռումբերու Իսրայէլի մէջ իյնալէն եւ ըսաւ, որ «պէտք չէ սպասել, որ Իսրայէլ ձեռնածալ մնայ, մինչ իր քաղաքացիներուն կեանքերը կը վտանգուին սուրիական կառավարութեան անպատասխանատու արարքներուն պատճառով: Իսրայէլ մինչեւ հիմա ծայրայեղ աստիճանի ինքնազսպում ցուցաբերեց»:
ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վիթալի Չուրքին իր կարգին յայտնեց, որ Կոլանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն գտնուած շրջաններուն մէջ զինեալներու գոյութիւնը «նոր եւ վտանգաւոր երեւոյթ մըն է, այդ ալ չափազանց վտանգաւոր երեւոյթ մը»: Ան ցաւ յայտնեց, որ խաղաղապահ ուժերը այսպիսի կացութեան մը հետ վարուելու որեւէ լիազօրութիւն չունին, «որովհետեւ այդ ուժերը անզէն դէտերէ կը բաղկանան»:
Չուրքին Ռուսիոյ կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութեան ստանձնումի արարողութեան ընթացքին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Կոլանի շրջանին մէջ զինեալներու գործողութիւնը «շատ վտանգաւոր» է եւ «կրնայ Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ ապահովութիւնը քայքայել»:
«Այն կողմը, որ այդ գործունէութեան կ՛աջակցի կամ լուռ կենալով անոր կը զօրակցի, ով որ ալ ըլլայ, շատ վտանգաւոր խաղ մը կը խաղայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այս հարցը պէտք է շրջանին մէջ ապահովական կացութեան վերաբերեալ ՄԱԿ-ի զեկուցումին մէջ առնուի:
Չուրքին ըսաւ, որ իր երկիրը եւ Արեւմտեան երկիրներ Սուրիոյ տագնապի լուծման շուրջ տարակարծիք են` շեշտելով, որ «այդ տագնապը առանց կառավարութեան եւ ընդդիմութեան մասնակցութեամբ երկխօսութեան լուծում չունի»:
Ան յայտնեց, որ Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն արտաքին գործոց փոխնախարարներ Միխայիլ Պոկտանովի եւ Ուիլիըմ Պըրնզի մակարդակով Սուրիոյ հարցին շուրջ երկխօսութիւն պիտի կատարեն: «Մենք պատրաստ ենք Սուրիոյ կացութեան շուրջ Միացեալ Նահանգներու հետ երկխօսութիւնը շարունակելու: Կը կարծեմ, որ յառաջիկայ շաբաթ Եւրոպայի մէջ Միխայիլ Պոկտանովի եւ Ուիլիըմ Պըրնզի միջեւ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ընդդիմութեան եւ վարչակարգին համար լուծումը Ժընեւի հաղորդագրութիւնն է: Ան նաեւ յայտնեց, որ «Ամերիկա Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի հետ սուրիական ընդդիմութեան տրամադրուած զէնքերու տեսակներուն եւ զանոնք ստացող ընդդիմադիր ուժերուն մասին քննարկումներ կատարեց»:
Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը Թուրքիա իր այցելութեան ծիրին մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «փոխանցման համապարփակ հոլովոյթ մը միայն կրնայ յարանուանական տագնապն ու Սուրիոյ քայքայումը կանխարգիլել»:
Միւս կողմէ, Ուաշինկթըն ողջունեց Հալէպի նահանգապետական խորհուրդ ընտրելու սուրիական ընդդիմութեան քայլը: Ընդդիմութիւնը կիրակի օր Հալէպի նահանգին մէջ ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու կառավարման համար 29 անդամներէ բաղկացած տեղական կառավարման մարմին մը ընտրած էր: Ընտրութիւնը տեղի ունեցած էր Թուրքիոյ մէջ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Փաթրիք Վենթրէյլ նաեւ ողջունեց սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Մաազ Խաթիպի կիրակի օր Հալէպի նահանգ այցելելու քայլը` զայն նկատելով «յանդուգն ընտրանք մը»:
Նշենք, որ հաւաստի աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Խաթիպ կը սերտէ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին Ուաշինկթըն այցելելու կարելիութիւնը` ընդառաջելով ամերիկեան վարչակազմին կողմէ այս տարուան սկիզբը իրեն ուղղուած հրաւէրին:
Լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ անցեալ շաբաթ Ղովմի կուսակցութենէն պատուիրակութիւն մը ընդունելու ընթացքին յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ գտնուող զինեալ խմբաւորումները այժմ իրենց «գոյութեան խաղ»-ի նմանող հանգրուանի մը մէջ են:
Ասատ յայտնած է, որ «այլեւս հաստատ է, որ Սուրիոյ դէմ դաւադրութիւնը իր աւարտին մօտեցած է», եւ ինք շատ գոհ է զինուորական կացութենէն` աւելցնելով, որ «Սուրիա այս ճակատամարտին մէջ յաղթեց եւ իր դէմ նիւթուած դաւադրական ծրագիրը տապալեց»:
Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միջին Արեւելքի մէջ ֆրանսական զինուորական աղբիւր մը յայտնած է, որ ամերիկացի զինուորական մասնագէտներ Յորդանանի մէջ Սուրիական ազատ բանակի զինեալներուն ռազմարուեստ կը սորվեցնեն: «Անոնք ջոկատներ կը ձեւաւորեն, կը ղեկավարեն եւ սուրիացի ըմբոստներուն անցեալ տարուընէ ի վեր խորհուրդներ կու տան», կը նշէ աղբիւրը:
Նախապատրաստումը տեղի կ՛ունենայ «Ապտալլա թագաւոր» ուսումնական վարժարանին մէջ, որ Յորդանանի մայրաքաղաքէն հիւսիս կը գտնուի:
Թեհրանի Եւ Մոսկուայի Կողմէ
Անտեսուած Թրքական Նախագիծը
Թրքական «Հիւրրիյեթ» օրաթերթը ներկայացուց մանրամասնութիւնները Սուրիոյ մէջ փոխանցման հանգրուանը արագացնելու համար նոր կառավարութիւն ձեւաւորելու առաջարկին, որ սկիզբը Իրանի եւ Ռուսիոյ կողմէ լաւ ընկալուած է, սակայն հետագային` անտեսուած:
Ըստ ծրագիրին, Սուրիոյ մէջ ստեղծուելիք փոխանցման կառավարութիւնը Սուրիան պիտի հասցնէր մինչեւ ընտրութիւն: Ասատ այդ կառավարութեան կազմին մէջ որեւէ տեղ պիտի չունենար: Ատոր փոխարէն պիտի ապահովուէր անոր եւ ընտանիքին անվտանգութիւնը, կեանքի հետագայ հանգրուանին համար դրամական միջոցներ պիտի տրամադրուէին: Ժամանակաւոր կառավարութիւնը երկիրը անկողմնակալ ընտրութեան հասցնելու համար պիտի ունենար վարչապետ, ներքին գործոց, արտաքին գործոց, արդարադատութեան, պաշտպանութեան եւ կապի նախարարներ: Միւս նախարարութիւնները պիտի բաժնուէին ընդդիմութեան եւ գործող վարչակարգի առաջադրած հինգական թեկնածուներու միջեւ:
Այս առաջարկը ներկայացուած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի վերջին հանդիպումին ընթացքին: Մոսկուա եւ Թեհրան Անգարայի առաջարկած տարբերակին չեն պատասխանած եւ Ասատն ալ տեղեակ չեն պահած:
Ազգային համաձայնական մարմինէն աղբիւր մը «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ սուրիական փոխանցման կառավարութեան գլխաւորման համար Համայի նախկին նահանգապետ Ասաատ Մուսթաֆայի առիթները այլեւս բարձր են, որովհետեւ Սուրիոյ նախկին վարչապետ, վարչակարգէն անջատուած Ռիատ Հիժապ պաշտօնապէս իր թեկնածութիւնը յետս կոչած է: Նոյն քայլին դիմած է նաեւ Սուրիական ազգային խորհուրդի նախկին նախագահ Պուրհան Ղալիուն:


