Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ռիֆաաթ Իտի եղբայրը` Զուլֆիքար Իտ երէկ երեկոյեան Թրիփոլիի Ըպպէ շրջանին մէջ մահափորձի ենթարկուած է: Դէպքին շուրջ հետաքննութիւն բացուած է: Աւելի ուշ յայտնուեցաւ նաեւ, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հարցազրոյցին զուգահեռ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած կրակոցներուն ընթացքին է, որ Զուլֆիքար Իտի ինքնաշարժին փամփուշտ մը հպած է:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Համտին, որ յայտնեց, թէ Գահիրէ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն մարդասիրական օժանդակութիւններ պիտի տրամադրէ: Համտի շեշտեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ Տոհայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի վարչապետ շէյխ Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապըր Ալ Թանիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մշակած ընտրական խառն օրինագիծին շուրջ կարելի է համախոհութիւն գոյացնել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու կոչ չէ ուղղած, այլ վտանգի փողերը հնչեցուցած է` դէմ դնելու համար Լիբանանի մէջ նախապատրաստուող սադրանքներուն եւ զգուշանալու դէպի միջյարանուանական լարուածութիւն մուտք գործելէ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա իր անդամները զինուորական մարզումի կ՛ենթարկէ Մաշղարայի մէջ, նախքան զանոնք Սուրիա գործուղելը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Սայտայի մէջ շէյխ Ահմետ Ասիրին շարժումները կաշկանդելու նպատակով որդեգրուած ապահովական միջոցառումները պիտի շարունակուին:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան մերժած է մէկ միլիառ տոլարի նուիրատուութիւն մը, որուն նպատակն էր ապապետականացնել Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ առաջին օրէն Ռիատ օժանդակութիւններ կը մատուցէ Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան կողմէ մշակուած ընտրական օրինագիծը կ՛ուղղուի 60 երեսփոխանի ընտրութիւնը ապահովելու ընտրական օրէնքի մեծամասնական դրութեան հիման վրայ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Անթուան Սաատ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը երկրէն դուրս վտարէ, որովհետեւ վերջինս կը վարուի, ինչպէս երկրին իշխող բարձր նուիրակ մը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ շեշտեց, որ նախընտրելի է երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումը օրինականացնել, եթէ համախոհական ընտրական օրէնք մը գոյացնելու ջանքերը ձախողած են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Հըզպալլա կը մերժէ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES